Միացեալ Նահանգները չի պատրաստուիր իր ուժերը հեռացնելու Սուրիոյ տարածքէն եւ մտադիր է շարունակել քրտական Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն աջակցիլ, կը գրէ ամերիկեան «Փոլիթիքօ» թերթը՝ յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմին մէջ իր ունեցած բարձրաստիճան աղբիւրներուն:
Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող շուրջ 900 զինուորներ, ներառեալ ցամաքային զօրքերու մասնայատուկ ուժերու զինուորները, երկրի տարածքին մէջ պիտի մնան՝ աջակցելու համար քրտական ուժերուն՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ։
Ըստ աղբիւրին՝ ահաբեկիչներու դէմ պայքարին մէջ քրտական ուժերուն տրամադրուած ամերիկեան օգնութիւնը արդիւնաւէտ եղած է, այդ իսկ պատճառով պիտի շարունակուի:
Սուրիոյ արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող Հասաքէ նահանգին մեծ մասը, Տէր Զօրը եւ Ռաքքան ներկայ պահուս կը գտնուին քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ: