ՄԻՒՆԻԽ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմզ Ճեֆրի Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած ապահովական հարցերու նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումը արագ պիտի չըլլայ, այլ հանգրուանային եւ դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցաբար:
Ճեֆրի շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պիտի չընդունի, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանները Սուրիոյ վարչակարգին վերադարձուի այդ շրջաններէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումէն ետք։ Ան նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ՄԱԿի հովանաւորութեամբ քաղաքական լուծումին կը զօրակցի:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ չի բացառեր, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ միացեալ գործողութիւն մը կատարէ, պնդելով, որ նման գործողութեան մը դիմաց արգելքներ չկան:
Ան անգամ մը եւս քննադատեց Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները եւ խօսքը անոնց ուղղելով՝ ըսաւ. «Դուք 23 հազար բեռնատարերով զէնք կ՛ուղարկէք ահաբեկիչներուն եւ կը մերժէք Թուրքիոյ զէնք մատակարարել», առանց յստակացնելու: