Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը պատրաստուի կառավարութեան նիստի ընթացքին քննարկելու սուրիական ընդդիմութիւնն ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հաշտեցնելու նախաձեռնութիւնները: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Սապահ» օրաթերթը:
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Էրտողանն ու Ասատը կրնան 10 տարուան մէջ իրենց առաջին հանդիպումը ունենալ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 15-16 սեպտեմբերին, Ուզպեքիստանի Սամարքանտ քաղաքին մէջ: