Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային Կատակերգութիւն» Գրքի Հիման Վրայ Հուլիւուտեան Շարժանկարի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը՝ Դեկտեմբեր 31-ին

February 16, 2015
in Մշակութային
0
Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային Կատակերգութիւն» Գրքի Հիման Վրայ Հուլիւուտեան Շարժանկարի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը՝ Դեկտեմբեր 31-ին

Ժանրը` տրամա, պետութիւնը` ԱՄՆ, Պիւտճէն` հինգ միլիոն տոլար, անձնակազմը` արհեստավարժ եւ աշխարհահռչակ: Ասիկա IMDB.com կայքին մէջ վերջերս յայտնուած համառօտ նկարագրութիւնն է ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» գիրքի հիման վրայ նկարահանուած «Իթաքա» շարժանկարին մասին: «Արմէնփրես»-­ի փոխանցմամբ` «Իթաքա» շարժանկարի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն բեմադրիչը հոլիուտեան գերաստղ Մէգ Ռայընն է, իսկ արտադրողը` Թոմ Հանքսը, պիտի կայանայ տարեվերջին` Դեկտեմբեր 31-­ին ԱՄՆ-ի մէջ:

The Hollywood Reporter-­ը շարժանկարը ընդգրկած է տարուան հարիւր ամենասպասուած շարժանկարներու ցանկին մէջ: Ըստ ամսագիրին, ատոր մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունեցած է ոչ միայն Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւնը, այլեւ դերասանական կազմը, որ բաւական հզօր է: Բացի բեմադրիչի աշխատանքէն, Ռայըն շարժանկարին մէջ կը մարմնաւորէ հերոսի մօր կերպարը: Շարժանկարին մէջ կը խաղան նաեւ Մելանի Կրիֆիթը, Սեմ Շեփըրտը ու Լուիզ Ռոպպինսը:

Ասիկա Ռայընի բեմարդական առաջին աշխատանքն է: Դերասանուհին պատմած է, որ շատոնց կ՛երազէր շարժանկար նկարահանելու մասին, սակայն վերջին շրջանին առաւելագոյն ուշադրութիւն կը դարձնէր ոչ թէ ասպարէզին, այլ ընտանիքին: The Guardian-­ին Ռայըն խոստովանած է, որ Սարոյեանի վէպը զինք յուզած է եւ ցանկացած է շարժանկարով զրուցած է ամերիկացի դեռահասներու հետ, գիրքին հերոսի օրինակով անոնց սորվեցնել ըլլալ ազնիւ եւ վեհանձն:

Շարժանկարը նկարահանելու մասին յայտարարութեամբ Ռայըն հանդէս եկած էր  անցեալ տարուան Յունուարին: Յունիսի կէսին Թոմ Հանքսը յայտարարեց, որ կը միանայ Ռայընին, քանի որ գաղափարը անոր ոգեւորած է եւ ան կը ցանկանայ Սարոյեանի գրքի նկարահանելու մէջ դերակատարութիւն ունենալ:

Շարժանկարին մէջ Մարքոսը կը մարմնաւորէ Ռայընի որդին`Ճէքը: Դերասանուհին պատմած է, որ իրեն համար արտառոց էր նկարահանման տաղաւարին մէջ աշխատիլ իր որդիին հետ: Ան շեշտած է, որ գրքին մէջ առկայ յարաբերութիւններն ու գաղափարները շատ կարեւոր են ժամանակակից սերունդին համար: Շարժանկարը արժանացած է նաեւ ԱՄՆ հայ համայնքի հաւանութեան եւ գնահատականին: Մասնաւորապէս, անցեալ տարուան Դեկտեմբերին կայացած հայկական տրամաթիկ արուեստի միութեան (ADAA) նախաձեռնած մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած են «Իթաքա» շարժանկարի նկարահանումներու ընթացքին կատարուած լուսանկարները: Համայնքի անդամներն ու մրցանակաբաշխութեան կազմակերպիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Ռայընին եւ Հանքսին` նշելով, որ այս նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր է ոչ միայն ամերիկահայրու այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի հայերուն համար: Աւելի ուշ, Ռայըն իր պլոքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկահայերուն` շեշտելով, որ ուրախ է այդ աջակցութեան եւ վստահութեան համար:

«Մարդկային կատակերգութիւն» վէպի գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան ԱՄՆ-­ի Քալիֆորնիա նահանգի երեւակայական Իթաքա քաղաքին մէջ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն: Քաղաքին նախապատկեր ծառայած է Սարոյեանի հարազատ Ֆրեզնոն: Հոմեր Մակաուլէյը 14­ ամեայ տղայ է, որ կը մեծնայ անհայր ընտանիքի մէջ Քալիֆորնիոյ Իթաքա քաղաքին մէջ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն: Հոմերի աւագ եղբայրը` Մարքոսը, հեռացած է տունիէն պատերազմին կռուելու համար, եւ Հոմերը կը զգայ տան տղամարդու դերը ստանձնելու անհրաժեշտութիւնը: Դրամ վաստակելու նպատակով` տղան աշխատանքի կ՛անցնի փոսթային հեռագրային գրասենեակի մէջ, ուր ժամանակ առ ժամանակ ստիպուած կ՛ըլլայ զինուորներու մահուան մասին հեռագիրներ հասցնել սպաննուածի հարազատներուն: Հակառակ այդ բոլորին` Հոմեր կը շարունակէ իր առօրեայ կեանքը` յաճախելով դպրոց եւ եկեղեցի, շփուելով ընկերներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ: Դաստիարակութիւնը եւ բնածին բարիի եւ չարի զգացումները տղային կը ստիպեն մնալ յոյսերով լի եւ ազնուաբարոյ անձնաւորութիւն: Վէպը գրուած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ յոյս ներշնչելու համար:

Previous Post

Օտարները` Հայոց ցեղասպանութեան մասին. Փիեռ Քիառ

Next Post

Dolce & Gabbana-ն Աւանդական Հայկական Տարազներու Լուսանկար Հրապարակած Է

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.