Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ուիլիըմ Սարոյեանի Տուն-Թանգարանի Բացման Սշխատանքները Ընթացքի Մէջ Են

February 18, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
Ուիլիըմ Սարոյեանի Տուն-Թանգարանի Բացման Սշխատանքները Ընթացքի Մէջ Են

Ամերիկահայ գրող, համաշխարհային գրականութեան կարկառուն ներկայացուցիչ Ուիլիըմ Սարոյեանի կենսագրութիւնը, ստեղծագործական կեանքը, ճանապարհորդութիւններուն ու յուշերուն մասին պատմող նիւթերը եւ նկարները թուայնացուած տարբերակով պիտի ներկայացուին անոր տուն-թանգարանին մէջ, որուն երկար սպասուած բացումը կը նախատեսուի կատարել 31 Օգոստոս 2018ին՝ գրողի ծննդեան 110ամեակին:

Այս առնչութեամբ, «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը զրուցուած է «Սարոյեան Հաուս» նախագիծի օգնական Անժելա Աւագեանի հետ:

«Այժմ տուն-թանգարանի շինարարական աշխատանքներ չեն տարուիր, քանի որ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին հետ, եւ այդ գործընթացը դեռ կը շարունակուի: Հաւանաբար, Փետրուարի վերջաւորութեան կամ Մարտի սկիզբը թոյլտուութիւն ստանանք, եւ բարեկարգման փուլին վերսկսինք», ըսած է Աւագեան եւ աւելցուցած, որ կարեւորագոյն նիւթերու հաւաքման աշխատանքները կը շարունակուին տակաւին:

Աւագեան ընդգծած է, որ սոյն թանգարանը հիմնելով՝ իրենք կը ձգտին հնարաւոր չափով հետաքրքրական ու բազմաբովանդակ տեղեկութիւններ ու յօդուածներ հաւաքել Սարոյեանի մասին: Թանգարանը նորարարական լուծումներով հարուստ պիտի ըլլայ. թանգարանի հոլոկրամը այցելուներուն պիտի պատմէ Սարոյեանի կեանքին ու անոր ստեղծագործութիւններուն մասին: Ցուցանմոյշներուն մեծ մասը՝ նկարներ, Սարոյեանի ճանապարհորդութիւններուն վերաբերեալ յօդուածներ եւ նօթեր, պիտի ներկայացուի թուայնացուած տարբերակով:

Աւագեանի խօսքով՝ թանգարանին բացումով հետաքրքրուած են ոչ միայն հայեր, այլեւ օտարներ՝ առաջարկելով նաեւ իրենց աջակցութիւնը:

«Ռենեսանս» մշակութային եւ զարգացման հիմնադրամը 2016 թուականի Դեկտեմբերին ձեռք բերաւ Ուիլեըմ Սարոյեանի ապրած տունը, որ հանուած էր աճուրդի: Այդ իրադարձութենէն ետք, .«Ռենեսանս»ի հիմնադիր Արթուր Ջանիբեկեան հիմնեց «Սարոյեան Հաուս» նախագիծը՝ ցանկալով գրողին տունը վերածել թանգարանի: Նախագիծը մշակելու համար յայտարարուած էր մրցոյթ մը, որուն յաղթեց «Ստորակէտ» ճարտարապետական արուեստանոցը՝ առաջարկելով ոչ աւանդական, նորագոյն արհեստագիտական լուծումներով յագեցած նախագիծ մը:

Այսպիսով, Սարոյեանն ու Սարոյեանի հերոսները, նաեւ անոնց պատմութիւնները՝ 3D տիպարներով պիտի տեղաւորուին 114 քառ.մ. տարածքի մը մէջ, ուր ժամանակին Սարոյեան ապրած եւ ստեղծագործած է:

Previous Post

«Armenia. Ossip Mandelstam. Dessins» Գիրքի Շնորհանդէս Հռոմի Ժամանակակից Արուեստի Ազգային Պատկերասրահին ՄԷջ

Next Post

Հրանդ Մաթեւոսեանի 83-ամեակին Նուիրուած Գրական Երեկոյ Թիֆլիսի Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.