Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ուղղագրական հարց մը

July 11, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ԼԵԶՈՒ – ՅԱՆՈՒՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Մեսրոպեան ուղղագրութեան մէջ «ոյ» տառախումբը շատ ծանրաբեռնուած է, ունի չորս տարբեր արտասանութիւն. ահաւասիկ՝

ա) ոյ=օ             օրինակ՝ սիրոյ, այսինքն՝ սիրօ

բ)  ոյ=ույ          օրինակ՝ բոյն, այսինքն՝ բույն

գ)  ոյ=օյ           օրինակ՝ գոյական, այսինքն՝ գօյական

դ)  ոյ=ու           օրինակ՝ ոյժ, անոյշ, այսինքն՝ ուժ, անուշ

Այսքանը շատ է, մանաւանդ նեղացուցիչ է փոքրիկներուն համար, որոնք նոր հայերէն կը սորվին, նոյնիսկ մեծերու համար, որոնք  հեռաւոր գաղութմերու մէջ  ընդհանրապէս դժուարութիւն ունին հայերէն սորվելու:

Այս չորսէն մէկ հատին, մասնաւորաբար չորրորդին պարզացումը բարիք մըն է լեզուին:

Ասոնք այն փոքրիկ խումբ մը բառերն են, որոնց մէջ ոյ, երկու բաղաձայններու միջեւ,  կ’արտասանուի ույ, ինչպէս՝  բոյժ, աշխոյժ, անոյշ, նմոյշ…

Ծանօթ.– Ասոնց մէջ չի մտներ քնքուշ, որ արդէն ու-ով կը գրուի  ի սկզբանէ, իսկ ոմանք չգիտնալով կը գրեն քնքոյշ:

Անցեալին շուտ բառն ալ կը գրուէր շոյտ, իսկ հոծ բառը կը գրուէր հոյծ: Եթէ  գրաբարի բառարան մը բանաք, պիտի գտնէք շոյտ եւ հոյծ: Երբ այս երկու բառերը փոխած են իրենց արտասանութիւնը, աշխարհաբարը կամ աշխարհաբարեանները յօժարած են գրել ըստ արտասանութեան՝ շուտ եւ հոծ: Ոչ մէկուն միտքէն չէ անցած, որ գրենք շոյտ ու արտասանենք զայն շուտ, գրենք հոյծ եւ արտասանենք զայն հոծ: Ուրեմն գրած ենք այնպէս, ինչպէս արտասանած ենք: Այս բարեկարգչական քայլը, սակայն, կիսատ մնացած է: Եւ արդէն արեւմտահայուն խելքը ասկէ աւելիին չի հասնիր:

Ուրեմն իմ առաջարկս ալ ա՛յն է, որ մնացեալ հինգ-վեց բառերն ալ գրենք այնպ է՛ս, ինչպէս կ’արտասանենք, այսինքն՝ ուժ, բուժ, աշխուժ, անուշ, նմուշ…: Այսպէսով թէ՛ աւելի տրամաբանական ուղղագրութիւն մը կ’ունենանք, թէ՛ աւելի դիւրին, մասնաւորաբար փոքրիկներուն համար: Ճիշդ է, մեր բոլոր դժուարութիւնները  դարմանած չենք ըլլար, սակայն  պզտիկ բեռ մը կը պակսի:

Պատկերացու՛ր փոքրիկը, որ կ’արտասանէ անուշ, սակայն կը ստիպուի գրել  անոյշ: Այսպէս ալ միւս քանի մը հատը:

Յամենայն դէպս, մենք ունեցած ենք գրողներ, օրինակ՝ Լեւոն Շանթը, որ ասոնք ու-ով կը գրէր դասագիրքերուն մէջ եւս: Իսկ արեւելահայերը  արդէն կը գրեն ուժ, անուշ, նմուշ: Միւս քանի մը հատը չեն փոխեր, քանի որ իրենց արտասանութեան չի յարմարիր: Օրինակ՝ անոնք կ’արտասանեն բույժ եւ արդէն կը գրեն բույժ: Իսկ մենք կ’արտասանենք բուժ, լաւ է որ գրենք բուժ եւ այլն: Օր մը հոն ալ պիտի հասնին, քանի  կան արեւելահայեր, որոնք ու կ’արտասանեն:

Մեծ գործի ճամբուն վրայ առնուած պզտիկ քայլ մըն է այս, որուն պէտք է օգնել:

Կրցա՞յ   հասկցնել:

 

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

 

Previous Post

Assad forces hit wall around Idlib as Turkey backs rebel forces

Next Post

Study suggests possible link between sugary drinks and cancer

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.