ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը օգոստոս 10-24 կ՛իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որ նախատեսուած է 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Ծրագիրն ունի երկու բաղադրիչ` կրթական եւ ճանաչողական: Կրթական բաղադրիչը կը ներառէ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն):
Ծրագիրի ճանաչողական մասը կը նախատեսէ մասնակիցներու այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, ինչպէս նաեւ շարք մը առաջատար ուսումնական, ստեղծարար եւ արհեստագիտութիւններու կեդրոններ: Հանդիպումներ կ՛ըլլան պետական պաշտօնեաներու եւ մշակութային գործիչներու հետ: Մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուի նաեւ ճամբարային քառօրեայ ծրագիր:
«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին մասնակցելու յայտերն ընդունուած են սահմանուած կարգով` մինչեւ յունիս 30:
Ստացուած է շուրջ 550 յայտ` աշխարհի 26 երկրի հայ համայնքներէն:
Սա աննախադէպ իրադարձութիւն է, երբ Սփիւռքի նախարարութիւնը միաժամանակ աւելի քան 5 հարիւր մասնակից պիտի ընդունի նոյն ծրագիրի ծիրին մէջ: Հետեւաբար, «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը լաւագոյնս կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար մենք դեռ մէկ ամիս առաջ սկսած ենք համագործակցիլ «Դասաւանդի՛ր Հայաստան»(Teach For Armenia) եւ «Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) կրթական կազմակերպութիւններուն հետ: Վերջիններուս ջանքերով մշակուած է ծրագիրի կրթական մասը: Դասընթացները պիտի իրականացուին Հայ-ռուսական համալսարանին հետ: Այսպիսով, Հայ-ռուսական համալսարանը մեզի անվճար հիմունքներով պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ քանակութեամբ լսարաններ, կ’ապահովուին դասընթացներու համար նախատեսուած պայմանները, իսկ կրթական գործընթացը կը ղեկավարեն «Դասաւանդի՛ր Հայաստան» եւ «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւններու մասնագէտներն ու ուսուցիչները:
Բացի այդ, հաշուի առնելով, որ մասնակիցներու քանակը չափազանց մեծ պիտի ըլլայ` մենք սկսած ենք նաեւ բանակցութիւններ վարել այլ կազմակերպութիւններու հետ: Իբրեւ արդիւնք «Քոնվերս բանկը» եւ «gg»-ն պատրաստակամութիւն յայտնեցին համալրելու ծրագիրի հովանաւոր-խումբերու շարքերը` այդպիսով մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելով մեզի:
Մենք պատրաստ ենք նաեւ նոր առաջարկներ ընդունելու եւ ուրախ կ՛ըլլանք ընդլայնելու մեր աշխատանքային խումբը: