Ուսուցչաց հիմնարկը լռիկ մնջիկ գլուխ կը հանէ գործ մը, որ անգնահատլի արժէք կը ներկայացնէ։ Այդ է պատմաբան ու լեզուագէտ Յակոբ Մարթայեանի «Համայնապատկեր Հայ Մշակոյթի» յօդուածաշարքին գիրքերու ձեւով հրատարակութիւնը։ Տասնամեակներ առաջ «Մարմարա»ի մէջ հրատարակուած եւ անաւարտ մնացած այս կոթողային յօդուածաշարքը վաղուց մոռցուած պիտի ըլլար, եթէ Ուսուցչաց հիմնարկը, առաջնորդուելով մասնաւորաբար հիմնարկի վարչութեան անդամ Արամ Գամպուրեանի նախաձեռնութենէն, գիրքերու ձեւով վերհրատարակելու որոշում մը ընդունած ու այդ որոշումը իրանակացուցած չ՛ըլլար։ Արամ Գամպուրեան իր անձնական հաւաքածոյին մէջ մինչեւ այսօր կանոնաւոր կերպով պահած էր յօդուածաշարքը եւ գիտակից էր այդ յօդուածաշարքին ներկայացուցած արժէքին։ Ան ոչ միայն ապահովեց գիրքերու հրատարակութիւնը, այլ նաեւ ծայր աստիճան բծախնդիր աշխատանքով հսկեց տպագրութեան վրայ։ Նիւթը ակադեմական արժէք եւ խորութիւն ունի, թէեւ գրուած է աճապարանքով, ամէն օր թերթին յօդուած մը հասցնելու աճապարանքով, բայց զարմանալիօրէն լեցուն ու բովանդակալից է, այնքան որ ընթերցողը զարմանալով պիտի զարմանայ Մարթայեանի հմտութեան եւ բոլոր նիւթերուն մասին անոր ունեցած ընդհանուր գիտելիներուն մասին;
Ուսուցչաց հիմնարկը այս շաբաթ հրապարակ հանեց շարքին վեցերորդ գիրքին երկրորդ հատորը։ Այս մէկը կը խօսի Վերածնունդի շրջանին մասին, ետին թողելով հայ մշակոյթի եւ պատմութեան խաւար դարերը։ Շրջանը կ՛երկարի 1715-էն մինչեւ 1852։ Կարեւոր իրադարձութիւններով լեցուն շրջան մըն է այս։ Հեղինակը մեզի կը խօսի այդ շրջանի հայոց լեզուի, քերականութեան, բառարաններու, գեղարուեստի, թատրոնի, երաժշտութեան, ճարտարագիտութեան, քանդակագործութեան եւ նկարչութեան մասին։ Ինչպէս կը տեսնուի, նիւթը բազմաթիւ երեսակներ ունի ու ամէն երեսակ ունի իր մասնաւոր աշխարհը։ Ամէնէն առաջ կու գայ լեզուի հարցը։ Գրաբարի ու աշխարհաբարի բաժանման շրջանն է, Մարթայեան այստեղ, եւ աւելի ուշ, բառարաններու յատկացուած բաժինին մէջ, շատ խիստ լեզու ունի Մխիթարեաններու, մասնաւորաբար Մխիթար Սեբաստացիի մասին։ Ապա կ՛անցնի նիւթերու, որոնք կապ ունին գեղարուեստի, թատրոնի պատմութեան հետ։ Մարթայեան կ՛ընդգծէ Արեւմուտքէն եկած այն ազդեցութիւնները, որոնց տակ մնացած է հայ մշակոյթի զարգացումը։ Ապա Մարթայեան կ՛անցնի ուրիշ նիւթերու, ինչպէս՝ ճարտարապետութիւն կամ նկարչութիւն։
Այս բաժիններուն մէջ մենք լայն տեղեկութիւններ կը ստանանք Պալեաններու իրագործումներուն ու ապրումներուն մասին։ Մարթայեան տեղեկութիւններու տեղատարափներ կը թափէ ընթերցողին վրայ տեղ տեղ դառնալով դժուար հասկնալի։ Բայց գիրքը իրականութեան մէջ համայնագիտարան մըն է եւ որքան ալ դժուարամատչելի ըլլայ, կը դառնայ մեր լեզուին ու մեր մշակոյթին անցեալին նուիրուած գանձարան մը։ Ուսուցչաց հիմնարկին երախտապարտ ենք այս յօդուածաշարը գիրքերու վերածած ըլլալուն համար, գալիք գիտնականներն ու ուսումնասէրներն ալ, որոնք պիտի ուզեն յակիլ մեր մշակոյթի անցեալին վրայ, նմանապէս երախտապարտ պիտի մնան Ուսուցչաց հիմնարկին, նաեւ բնականաբար Մարթայեանին, որ այս աշխարհէն հեռանալէն առաջ, մեր ժողովուրդին լայն բաժին թողեր է իր անսահման գիտելիքներէն։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»