«Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադառնալով Արցախի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն մէջ տիրող իրավիճակին, նշած է, թէ նաեւ ռուս խաղաղապահներ կը մնան շրջափակուած:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը լոյս ընծայած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ’ըսուի.« Տեղեկատուութիւնը, որ կողմերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակած է ռուս խաղաղապահ ուժերուն, չի համապատասխաներ իրականութեան»: