Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

December 21, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

ՏԻԳՐԱՆ  ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը ունէր ի սկզբանէ քաղաքական դրդապատճառ: Տագնապը նոր չէ, ատիկա երկար ատենէ ի վեր կը խմորուէր ու առիթ մը կը փնտռէր պոռթկալու համար:

Թաէֆի համաձայնութիւնն ու անոր յաջորդած սահմանադրական փոփոխութիւնները ծնունդ տուին ինքնուրոյն վարչաձեւի մը, որ յատուկ է միայն Լիբանանին: Համախոհական ժողովրդավարութեան պիտակով, համայնքներու պատասխանատուներ եւ քաղաքական հեղինակութիւններ ստեղծեցին տնտեսական բաժնեկցութեան ուրոյն միջավայր մը, ուր սեփական շահը առաջնահերթ է ու կողոպուտը` երկիրը կառավարելու եղանակ:

Ժողովուրդներու բարգաւաճման հիմնական երաշխիք հանդիսացող ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հրամայականը մոռացութեան տրուեցաւ: Հասարակութեան ամրութիւնը հիմնուած է ընկերային համերաշխութեան վրայ, երբ հասարակութեան բաղկացուցիչ շերտերը ներդաշնակ յարաբերութիւն կը հաստատեն իրարու հետ, երբ տնտեսական գործունէութիւնը մոռացութեան չի տար ընկերային արդարութեան հրամայականը:

Անարդարութեան զոհերը ի վերջոյ կ՛ընդվզին, նախ կը բողոքեն, ապա կ՛ապստամբին ու իրենց տնտեսական ու ընկերային արդար պահանջները կ՛արտայայտեն քաղաքական ծայրայեղ դիրքորոշումներով: Այդ դիրքորոշումները անորոշ ու չհամակարգուած իրենց նկարագրով կը խաթարեն երկրի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը` աւելի եւս դժուարացնելով անհրաժեշտ լուծումը:

Լուծումը բնականաբար կը կայանայ ստեղծուած անարդարութեան սրբագրութեան մէջ: Ցանկալի այդ լուծումը համակարգային պէտք է ըլլայ, ինչ որ օրինական նախադրեալներ կ՛ենթադրէ:

Սպասելով համակարգային լուծումին, որ անշրջանցելի է, սպասելով բարեկարգումներուն, որոնք անհրաժեշտ են եւ անխուսափելի, պէտք է անմիջական լուծումներու ձեռնարկել ու հիմնականին համար նախադրեալներ ստեղծել: Այսինքն լիցքաթափել մթնոլորտն ու անյետաձգելի կարիքները գոհացնող միջոցառումներու ձեռնարկել:

Այդ նպատակը կը հետապնդէ Հայկական երեսփոխանական պլոքի օրինակելի նախաձեռնութիւնը, այլ նախաձեռնութիւններու հետ միասին: Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած քաղաքական ղեկավարութիւնը տէր կը կանգնի իր պատասխանատուութեան ու ծառայութեամբ կը հատուցէ ընտրութեան ճամբով իրեն ջամբուած վստահութեան:

«Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան աննախընթաց յաջողութիւնը ցոյց կու տայ, որ անքակտելի է ժողովուրդի ու քաղաքական ղեկավարութեան կապը. առաջինին շնորհած վստահութիւնը կը հատուցուի երկրորդին պատասխանատու դիրքորոշմամբ:

Ընկերային համերաշխութեան այս սքանչելի դրսեւորումը պատիւ կը բերէ մեր ժողովուրդին: Օժանդակողը ուրախութեամբ կու տայ, ստացողը ուրախութեան բաժնեկից կը դառնայ: Կ՛ուրախանանք եւ կ՛ուրախացնենք:

Previous Post

Մինչեւ Ե՞րբ

Next Post

Նշանակուած Վարչապետ Հասսան Տիապ Այցելեց Նախկին Վարչապետներուն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.