Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ուրախութեան Աւետիս` Փոփոխութեան Աւետիս

January 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ուրախութեան Աւետիս` Փոփոխութեան Աւետիս

«Մի՛ վախնաք, վասնզի ահա ես ձեզի
մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ,
որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ:
Վասնզի այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ
ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ,  որ օծեալ Տէր է»:
Ղուկ. 2.10-11

Այս մեր օրերուն դժուար է մտածել, թէ ուրախութեան առիթ կրնայ ըլլալ մեզի համար: Վախը աւելի իրական է մեր ապրած այս երկիրներուն մէջ, քան ուրախութիւնը: Եւ իրական է ա՛յն, թէ դժուարութիւն ունինք հաւատալու մեր օրերուն, թէ մեզի խոստացուածները կ՛իրականանան, եւ մենք կ՛ուրախանանք:

Այսօրուան եւ վաղուան մտահոգութիւնները մեզ կ՛ընկճեն, եւ ոչ մէկէն կ՛ակնկալենք մեզ ուրախացնելու կարող եղող խոստում մը կամ կարգադրութիւն մը: Այս վիճակին հասած ենք, քանի որ կը տեսնենք, թէ մեր շուրջ ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրուի, արդարութիւնը կը կաշկանդուի, իրաւունքը կը սակարկուի, հոգատարութիւնը կը վաճառուի, ապահովութիւնը կը կորսուի, բաժնեկցութիւնը կը չարաշահուի եւ յոյսը կը չքանայ: Յառաջ կու գան իշխանամոլութեան, արծաթասիրութեան եւ ընչաքաղցութեան անկուշտ հրէշներ, որոնց դէմ յանդիման կը գտնենք մենք մեզ. եւ կը սեպենք թէ անկարող ենք դուրս գալ ստեղծուած անելէն:

Իրական դարձած է մտայնութիւն մը, թէ կա՛մ կը հաշտուինք կացութեան հետ եւ կ՛ենթարկուինք անոր սկզբունքներուն, կա՛մ ալ կը յուսահատինք ու կը լքենք ամէն ինչ եւ կը «փախչինք»: Կը համոզենք մենք մեզ, թէ կարելի չէ որեւէ բան փոխել մեր վիճակներէն, մինչ մեր պարտականութիւնն է աշխատիլ, որ այդ վիճակները փոխուին դէպի «բարին, գեղեցիկը, լաւը»:

Այսպիսի վիճակի մէջ էր աշխարհը նաեւ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ ծննդեան ատեն, երբ կը յայտարարուի հրեշտակին «Մեծ ուրախութեան աւետիս»-ը. «Այսօր ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ… որ օծեալ Տէր է»: Ու մենք դարձեալ կ՛երգենք, կ՛աղօթենք.

«Ով սուրբ Մանուկ Բեթլեհէմի, իջիր մեզի այսօր,
Թող սկսի մեր մէջ նոր կեանք, Ծնունդդ նոր, հզօր»:

Այսպիսի վիճակներ փոխել անկարելի է` այս աշխարհի սկզբունքներուն հիման վրայ: Այդ սկզբունքներն են, որ պատճառած են, յառաջ բերած են այս վիճակները, որոնց մէջ կը տուայտին մարդկութիւնն ու մարդկայնութիւնը, եւ այդ սկզբունքները չեն փափաքիր փոխել որեւէ բան: Իսկ «Բեթլեհէմի Մանուկ Փրկիչին» բերած փրկութիւնը կ՛արտայայտուի «Երկինքի բարձրութեան մէջ` Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ` խաղաղութիւն, մարդոց մէջ` հաճութիւն» կարգախօսով: Այսինքն, ոչ թէ աշխարհը կը սկսի փոփոխութեան գործընթաց մը, այլ մենք, որ մեր յոյսը դրած ենք Փրկիչ Մանուկին վրայ: Եւ այո՛, փրկութեան համար անհրաժեշտ փոփոխութիւնը մանուկներով կը սկսի, քանի որ անոնք են, որոնք ունին «նոր կարելիութիւնները» աշխարհը փոխելու: Իսկ, ո՞վ ժամանակ ունի սպասելու, որ «Փրկիչ Մանուկ»-ը մեծնայ եւ Իր փրկութիւնը ի գործ դնէ: Ա՛ն որ չէ յուսահատած կեանքէն. ա՛ն որ կը հաւատայ, թէ կարելի է, որ ի՛նք, այդ սպասման մէջ եղող այդ մարդը փոխուի նոր յոյսով, նոր` վերստին ծնունդով, ինչպէս «Բեթլեհէմի Մանուկը» սորվեցուց Իր կեանքով, մահով եւ յարութեամբ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Յունուար 2022

Previous Post

Բանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորեայ Պատգամը

Next Post

Ի Խնդիր Մարդկային Գոյութեան Նորոգութեան` Ս. Ծննդեան Լոյսը Ընդունինք Մեր Հոգիներուն Մէջ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.