ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Սրտիս շատ կը խօսին մեր քաղաքի աւանդական սրճարանները, յատկապէս« Լաս Վիօլէթաս»ը, որ տակաւին կը պահէ նախանցեալ դարու ճարտարապետական հին ոճը, ներքին յարդարանքը, սեղաններն ու աթոռները, գունազարդ ապակիներու վրայ գծագրութիւններ՝ vitraux, անոնց կողքին, անցեալի նշանաւոր անձնաւորութիւններու սեւով ճերմակ լուսանկարներ՝տեղադրուած պատերուն վրայ, մարմարեայ ճերմակ սիւներ, բիւրեղեայ ջահեր, խոշոր եւ լայն պատուհաններ, հին օրերէն եկող սուրճի սկահակներ ու պնակներ, սպասարկողներուն համազգեստը՝ճերմակ շապիկ, սեւ տափատ եւ սեւ գոգնոց: Դռնէն հազիւ ներս մտած՝սուրճի, «մէտիա լունա» թխուածներուն ախորժաբեր բուրմունքը քեզ կը դիմաւորէ եւ ամենակարեւորը՝ մարդկային ջերմութիւն կը զգաս, երբ մատուցողը քեզի կը մօտենայ ժպիտով եւ «բարի եկաք»ով:
Ահա այս սրճարանը՝ «Լաս Վիօլէթաս»ը, յաճախ կ’երթամ կաթով սուրճ խմելու, երբեմն ընկերուհիներով եւ երբեմն առանձին, հետս գիրք մը, կամ օրագրութեան տետրակս տանելով. սխալեցայ, օրագրութիւն ըլլալէ շատոնց դադրած է. եղած է շաբաթական, կամ ամսագրութեան տետր: Վերջերս գիրքն ալ փոխարինած եմ բջիջային հեռաձայնով, որ պայուսակիս մէջ նուազ տեղ կը գրաւէ եւ բազմակողմանի, աւելի ճիշդ անթիւ ծառայութիւններ կը մատուցանէ.հրաշքի համազօր, հրաշալի հնարք մը. «հ»երու շարք մը:
Անցեալ Շաբաթ օր երեկոյեան, նստած էի սրճարանի պատուհանին կից սեղանի մը առջեւ, դանդաղօրէն կ’ըմբոշխնէի իտալական քափուչինոյի իւրաքանչիւր ումպ եւ կը դիտէի անցորդները, երբ տեսայ թեւանցուկ տարեց զոյգ մը, որ ներս մտաւ եւ գրաւեց դիմացի սեղանը: Կնոջ դէմքը շատ ծանօթ թուեցաւ ինծի: Անմիջապէս լծուեցայ մտքիս յուշադարանին մէջ կուտակուած ծանօթ դէմքերու լուսանկարներու խուզարկութեան:Սակայն բան մը զիս շփոթութեան կը մատնէր. ես տեղացի բարեկամուհիներ գրեթէ չունիմ. եւ եթէ ծանօթ ըլլար, ինք պիտի մօտենար ինծի: Ի վերջոյ, երկար պրպտուքէ յետոյ, յայտնուեցաւ մօրս «շիրքէթ»ի անդամուհիներէն՝Ռոզինը եւ Ռոզինին ընդմէջէն քակուեցաւ ցանկը այդ փոքրաթիւ կիներուն, որոնք շաբաթը անգամ մը, հերթով կը հաւաքուէին մէկուն տունը:
Ես հազիւ տասը կամ տասներկու տարեկան էի, երբ մայրս «շիրքէթ»ի երթար, զիս տունը մինակ չձգելու համար, երբեմն զիս ալ կը տանէր իր հետ եւ ես անշուշտ սիրայօժար կ’երթայի, մանաւանդ, եթէ տանտիրուհին ինծի տարեկից զաւակ ունենար:
Մօրս համար, այդ օրը յատուկ նշանակութիւն ունէր: Գնումները առաւօտուն կ’ընէր, տունը կը մաքրէր, կերակուրը կը պատրաստէր, յետոյ, իբրեւ թէ կը շպարուէր, դէմքին վրայ բաներ մը քսելով, եւ կը հագուէր սովորականէն տարբեր, ներկայանալի հագուստ մը եւ անհամբեր կը սպասէր ժամը չորսին, որ միասին երթայինք այդ օր մեզ հիւրընկալողին տունը:
Ընկերային կեանքի պաշտօնական հանգամանք վայելող այդ «շիրքէթ»ը՝ ութը, երբեմն տասը հոգիէ բաղկացած կիներ էին: Այդ օրերուն՝ մեր ներկայի դրամատուները գոյութիւն չունէին: Հետեւաբար այս կիները իրենց առօրեայ ծախսէն մաս մը մէկդի դնելով, կը յանձնէին գաձապահին, եւ եթէ իրենցմէ մէկը որոշ գումարի մը պէտք ունենար, տոկոսով փոխ կու տային իրեն. ինչպէս նաեւ ծանօթ եւ վստահելի անձերու: Տարեվերջին՝ հաւաքուած գումարը եւ տոկոսները կը բաժնէին իրենց միջեւ, մեծ գոհունակութիւն զգալով, որ իրենց սեփական նախաձեռնութեամբ, յաջողած էին շօշափելի գումար մը ձեռք բերել: Ասիկա պաշտօնական բաժինն էր «շիրքէթ«ին:
Հետաքրքրականը անոր յաջորդող օրակարգն էր. այսինքն բամբասանքը, դժգոհութիւններ կեսրոջմէն, ( ժամանակին կեսուրը տղուն եւ հարսին հետ կ’ապրէր,) ամուսինէն, որ միշտ մօրը կողմը կը բռնէր, անոր պատրաստած կերակուրները կը նախընտրէր, երբեմն դժգոհութիւն զաւակներէն: Ապա կ’անցնէին երրորդ դէմքերու կալուածէն ներս , ո՞վ որու հետ նշանուած է, ո՞վ զաւակ ունեցաւ, ո՞վ բաժնուեցաւ, (մեղայ Աստուծոյ ,այդ օրերուն բաժնուիլ չկար, բացի շատ ծայրայեղ պարագաներու. ասիկա իմ բախտս է կ’ըսէին, կը նստէին): Երրորդ օրակարգը խոհանոցն էր,որուն գլխաւոր աստղը Մարին կը հանդիսանար. իր չտեսնուած համով- հոտով կերակուրներուն, կամ անուշեղէններուն համար արդարօրէն յոխորտացող, երբ իր տունը ըլլար շիրքեթը եւ կիները առատ գովասանքներով շլացնէին զինք եւ լսէին իր թելադրանքները որոշ ճաշերու պատրաստութեան առնչութեամբ: Հագուստի նորութիւնը տեղ չէր գրաւեր իրենց խօսակցութեան մէջ:
Եթէ տունը ինծի խաղընկեր կամ խօսակից չըլլար, կը գծէի.Միշտ հետս թուղթ եւ մատիտ կը տանէի, կամ հետաքրքրական գիրք մը. բայց մէկ ականջով իրենց խօսակցութեան կը հետեւէի:
Շատ կ’ուրախանայի, երբ «շիրքէթ»ը Ռոզինենց տունը ըլլար: Անիկա միակն էր, որ կը բնակէր նորակերտ շէնքի մը, մեծ պատշգամով, երեք ննջասենեակով, հիւրասենեակով, ճաշասենեակով, արդիական սարքաւորումով խոհանոցով, երկու լուացարաններով եւ գեղեցիկ կարասիներով կահաւորուած ընդարձակ յարկաբաժնի մը մէջ: Բոլորն ալ քիչ մը նախանձով կը դիտէին թէ՛ տանտիրուհին եւ թէ՛ տունը. Ինք ամենաերիտասարդն էր եւ գեղադէմը. եւ շատ համով կարկանդակներ, կամ սուրճին հետ տեսակաւոր քաղցրաւենիքներ կը հրամցնէր մեզի: Ամուսինը կօշիկի իր սեփական վաճառատունը ունէր եւ տնտեսապէս բարկեցիկ էին: Ունէին երկու փոքր մանչեր:
Իսկական վայելք էր ինծի համար, երբ Ալիսենց տունը երթայինք. բարեհամբոյր նկարագրով, համեստ կին մըն էր: Յայտնի էր, որ ընթերցասէր ընտանիք մըն էին: Տունը պարզօրէն կահաւորուած՝ անհրաժեշտ իրերէն զատ աւելորդ ոչինչ կար. բայց մեծ գրադարան մը կը գրաւէր ամբողջ պատը. վէպեր, պատմուածքներու, բանաստեղծութիւններու հատորներ, միջազգային պատմութեան եւ աշխարհագրութեան գիրքեր եւ դեռ ինչեր: Ես անյագօրէն կը կարդայի մինչեւ մեր տուն վերադառնալը: Ալիսը յաճախ իր խօսակցութիւնը կը համեմէր մեր գրողներէն մէկուն պատմուածքով, կամ մեր աւանդութիւններուն կ’անդրադառնար հարեւանցի կերպով,առանց ծանրանալու: Ընդհանուր զարգացումի պահ.կը մտածէի իւրովի:
Միակ կինը , որմէ չէի ախորժեր եւ չէի ընկերանար մօրս՝ երբ անոր տունը պիտի հաւաքուէին, Զարուհին էր. որուն նայուածքը վանողական էր, աչքերուն նայելու կը վախնայի.կարծես վհուկ մըն էր խօսելու ոճը անտաշ, շարժուձեւերը կոպիտ, կնոջական նրբութենէ զուրկ կին մըն էր. կ’ապրէր իր ծերացած մօր հետ, ամբողջ օրը անիծելով իր գէշ բախտը:
Զարուհիին հակապատկերը Անահիտն էր.միշտ անշուք անցնող, իր ներկայութիւնը հազիւ զգալի դարձնող կին մը. սակաւախօս, մելամաղձոտ նայուածքով եւ վաղահասօրէն ծերացած: Չար լեզուներ կ’ըսէին, թէ ամուսինը սիրուհի մը ունէր, որուն վրայ կը ծախսէր իր շահած դրամին մեծ մասը. Անիկա իր կինը կը պատժէր, անոր վերագրելով անզաւակ ըլլալու պատիժը.«անպտուղ ծառ» կ’երկրորդէր կեսուրը արդարացնելով տղուն վարմունքը, որ երբեմն գինովցած, լոլիկ կտրած տուն կը դառնար եւ որեւէ շարժառիթ կը գտնէր կնոջ ձեռք բարձացնելու համար: Շիրքէթը ձեւով մը Անահիտին կեանքին ուրախութիւն պարգեւող պահերէն էր. հոգեբանի դեր կը կատարէր: «Հոգեբան »բառը գոյութիւն չունէր մեր կողմերը:
Այդ տարին եղաւ վերջինը ինծի համար. այլեւս մեծցած էի եւ հաճոյք չէի առներ այդ հաւաքոյթներէն: Երբեմն հը մտածէի, թէ որքան անհամատեղելի անձեր կան խումբին մէջ եւ կը զարմանայի, որ այդպէս համերաշխ մթնոլորտի մէջ կ’ընթանար իրենց հանդիպումը:Ներկայիս անկարելի պիտի ըլլար այդքան տարբեր անձերու համախմբումը:
Օր մըն ալ մայրս տուն վերադարձաւ շատ անտրամադիր: Ընդհանրապէս սովորութիւն չունէր տան մէջ կրկնելու դուրսի խօսուածները: Հետեւաբար կռահեցի, որ անհաճոյ բան մը պատահած էր. հարցուցի պատճառը, սկիզբը չուզեց ըսել, բայց յետոյ դժկամութեամբ պատմեց, թէ բժիշկները Ռոզինին մօտ անբուժելի հիւանդութիւն մը յայտնաբերած էին եւ ամուսինը որոշած էր առանց ժամանակ կորսնցնելու« զինք անմիջապէս Պէյրութի լաւագոյն հիւանդանոցը փոխադրել դարմանումի: Փոքրիկները յանձնուած էին մեծ- մօր խնամքին:
Նկատի առնելով, որ Ռոզինն էր գանձապահը, շիրքէթը պահ մը կանգ առաւ: Վերսկսելու համար, կիները առժամաբար Ալիսը գանձապահ նշանակեցին: Արդէն երկու ամիս անցած էր, բայց ցարդ Ռոզինէն ոչ մէկ լուր կար: Բոլորն ալ մտահոգ էին: Չարագուշակ Զարուհին կարծես ներքին գոհունակութեամբ «այդ գէշ հիւանդութիւնը, հըըը ….. ճար չունի» կ’ըսէր երբեմն:
-Լռէ՛, թունալից անէծքներդ քեզի պահէ՛- սաստեց մայրս: Ուրիշներ ալ հաւանաբար նոյնը կը մտածէին, բայց կը լռէին:
Վերջապէս օր մըն ալ լսեցինք ,որ Ռոզինը վերադարձած էր: Ախտաճանաչումին արդիւնքը սխալ էր. գոնէ այդպէս լուր տարածուեցաւ: Կարեւորը հիւանդը բուժուած էր: Ես զինք չտեսայ: Բայց ամիս մը յետոյ, երբ Ռոզինը ինքզինք բոլորովին վերագտած էր այլեւս, իր տունը բարի գալուստի գացին ընկերուհիները եւ մայրս ըսաւ, որ շատ նիհարցած էր :
Անկէ յետոյ շիրքեթը այլեւս իր նախկին թափն ու հմայքը կորսնցուց: Երկրին քաղաքական տակնուվրայութիւնը, շրջագայելու արգելքը, տնտեսական ճգնաժամային վիճակը պատճառ եղան, որ մեր շրջանակէն մի քանի ունեւոր ընտանիքներ դէպի Արեւմուտք գաղթեն, մնացածներն ալ ցրուեցան եւ այս ձեւով շիրքէթը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ: եւ ամէն ինչ անցեալի վերածուեցաւ:
Տարիներ յետոյ, երբ Ռոզինին հանդիպեցայ,՛ ճիշդ այս կնոջ պէս ծերացած էր եւ զարմանալիօրէն նոյն դէմքը ունէր: Մօտեցայ, որ բարեւեմ, զիս չյիշեց. եւ ես ալ չուզեցի «հին տէֆթէրները» բանալ. ճամբաս շարունակեցի: Թէեւ յետոյ սրտիս ծանրացաւ՝ ես զիս չծանօթացնելու անհեթեթ արարքս. որքա՜ն պիտի ուրախանար շիրքէթի ընկերուհիի մը զաւակը տեսնելով:
Եւ այժմ նստած Պուէնոս Այրէսի այս գեղեցիկ սրճարանը , թէ՛ ժամանակը, կարծես դարեր անցեր են,եւ թէ՛ միջավայրը այնքան հեռու եւ այնքան տարբեր իրարմէ, կը գրեմ, կը թափառիմ անցեալի արահետներուն վրայ, փորփրելով այդ օրերու յիշատակները, դրուագները, դէմքերը :
Երբ, վերջապէս գլուխս բարձրացուցի, տարեց զոյգը գացած էր արդէն եւ յաճախորդներու նոր ալիք մը սրճարանը լեցուցած:
Սպասարկողը քիչ մը վարանումով մօտեցաւ ինծի,հարցնելու, թէ արդեօ՞ք ուրիշ բան մը կը փափաքէի ուտել, կամ խմել:
Ժամացոյցիս նայեցայ, Աստուած իմ, երկու ժամէն աւելի է, որ նստած կը գրեմ մէկ սուրճ խմելով միայն. մտածելու ժամանակ չկայ ըսի ես ինծի:
-Տապկուած հաւու սանտուիչ մը եւ պաղ գարեջուր մը խնդրեմ :
Ուրկէ՞ ուր հասայ հոս: Ակնթարթի մը մէջ ժամանակի եւ վայրի պատուարները անհետացան եւ մէկ անձի նմանութիւնը ուրիշի մը, Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ սիրելի ծննդավայրս քաշեց, տարաւ զիս:
Եւ հիմա ախորժակով սկսայ սանտուիչս ուտել եւ պաղ գարեջուրը խմել, առանց նոր արկածախնդրութիւններ որոնելու: