ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Արժանթինի հայկական «Փրենսա Արմէնիա» լրատուական գործակալութիւնը փորձած է բացայայտել Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը երկիրներ նախատեսուած այցելութիւնը անակնկալօէրն ջնջելու պատճառները: Գործակալութիւնը կրցած է հաստատել, որ այցելութեան շուրջ լարուածութիւնը սկսած է, երբ Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Փարակուէյի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մերալ Պարլաշ դիմած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ ճշդելու համար, թէ արդեօք երկրին նախագահը կրնա՞յ հանդիպիլ Էրտողանի հետ: Ուրուկուէյի նախագահ Թապարէ Վասքեզ չէ փափաքած Թուրքիոյ նախագահը հիւրընկալել ամբողջական օրակարգով, այլ համաձայնած է միայն կարճ հանդիպումի մը, ինչ որ անբաւարար համարուած է թրքական կողմէն։
Նաեւ, Ուրուկուէյի կառավարութիւնը մերժած է Անգարայի պահանջած ապահովական արտակարգ միջոցներու ձեռնարկել՝ երաշխաւորելու Էրտողանի ապահովութիւնը։ Արդարեւ, թրքական կողմը մօտաւորապէս 100 թուրք թիկնապահներու, արձակազէններու եւ յատուկ շուներու առկայութիւնը պահանջած է:
2010-ին եւս ջնջուած էր Էրտողանի Արժանթին այցը։ Այդ օրերուն Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Էրտողանը Պուէնոս Այրես պիտի այցլելէր՝ մասնակցելու համար մայրաքաղաքի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ Աթաթիւրքի արձանի բացման արարողութեան: Հայկական համայնքի գործադրած ճնշումին շնորհիւ, օրին քաղաքային իշխանութիւնները ջնջեցին այդ արձանի տեղադրման նախագիծը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Էրտողան ջնջեց իր այցելութիւնը: