Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Ուքրանիոյ Դէմ Ռուսիոյ Մագլցողական Քայլը Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ «Եօթներու Խմբակ»-ը

December 13, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
G7 Warns of ‘Massive Consequences’ if Russia Invades Ukraine

Britain's Foreign Secretary Liz Truss, center left, hosts a plenary session of the G7 summit of foreign and development ministers in Liverpool, England Sunday, Dec. 12, 2021. Foreign Secretary Liz Truss is hosting U.S. Secretary of State Antony Blinken and other Group of Seven counterparts for weekend talks in the northwest England port city of Liverpool as the wealthy nations club faces growing tensions with Russia, China and Iran. (Olivier Douliery/Pool via AP)

«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Ռուսիայէն պահանջեցին դադրեցնել մագլցողական քայլերը եւ վերադառնալ դիւանագիտական հուն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ հարցին:

Արտաքին գործոց նախարարները իրենց ժողովի աւարտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեցին, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ մագլցողական քայլը «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենայ:

«Մենք միասնակամ ենք ռուսական զինուորական կուտակումներու դատապարտման եւ Ուքրանիոյ նկատմամբ թշնամական հռետորաբանութեան դէմ: Ռուսիան պէտք է գիտակցի, որ Ուքրանիոյ դէմ որեւէ զինուորական յարձակում ծանր հետեւանքներով պիտի դիմակայուի», նշեցին անոնք:

Նշենք, որ երէկ Բրիտանիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ գումարուած ժողովին կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն ու անոր ֆրանսացի, բրիտանացի, գերմանացի, ճափոնցի եւ քանատացի պաշտօնակիցները:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ըսած է, թէ Ռուսիան «շատ սուղ գին» պիտի վճարէ եւ տնտեսական քանդիչ հետեւանքներ պիտի կրէ, եթէ Ուքրանիա ներխուժէ:

Քրեմլին մեկնաբանելով «Եօթներու խմբակ»-ի յայտարարութիւնը նշեց. «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կարմիր գիծերու վերաբերեալ հայեցակարգերուն միջեւ շատ վտանգաւոր տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտարարեց. «Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրները Ռուսիան եւ Ուքրանիան բանակցութիւններու սեղան հրաւիրած են` այդպիսով ընդունելով իրենց սեփական սխալներու պատասխանատուութիւնը կրելու իրենց անկարողութիւնը»:

Ան նշեց այդ երկիրներուն գործած շարք մը սխալները, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւնը, որ ընկերութեան մէջ մահացու պառակտում յառաջացուց, ինչպէս նաեւ իշխանութեան փոփոխութեան ղեկավարումը, որ հակասահմանադրական յեղաշրջումի յանգեցաւ, Քիեւի վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու եւ ներուքրանական տագնապի բնոյթի փոփոխութեան յոյս տուող Մինսքի համաձայնութեան գործադրութեան համար անոր հետ աշխատելու դժկամութիւնը, եւ իր սխալներու պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ ուսերուն դնելը:

«Պէտք չէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան բանակցութեան սեղան բերել, այլ` Ուքրանիան եւ Ուքրանիան», ըսաւ Զախարովա` ակնարկելով Քիեւին եւ Տոնպասի շրջանին:

Միւս կողմէ, լաւատեղեակ 3 աղբիւրներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Պայտընի վարչակազմը վերջին շաբաթներուն Ուքրանիոյ 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ զինուորական օժանդակութիւններ պատրաստած է, սակայն անոնց յանձնումը դադրեցուցած է` հակառակ Քիեւի եւ կարգ մը ամերիկացի օրէնսդիրներու կոչերուն:

Ըստ նշեալ աղբիւրներուն, ամերիկեան վարչակազմը այդ օժանդակութիւններու յանձնումը յետաձգած է լարուածութեան մեղմացման համար դիւանագիտական ջանքերուն յաւելեալ առիթ տալու համար: Աղբիւրները աւելցուցած են, որ սեղանի վրայ են Ուքրանիոյ շատ աւելի մեծ օժանդակութիւններ, որոնց տրամադրումը պիտի ընդունուի, եթէ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուածութիւնը աճ արձանագրէ:

«Պլումպըրկ» իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական պատասխանատու աղբիւր մը յայտնած է, որ Թուրքիան Ուքրանիոյ համար Ռուսիոյ դէմ պիտի չպատերազմի: «Մենք Ուքրանիոյ մէջ մեր քայլերը Ուաշինկթընի հետ չենք համակարգեր եւ անկախ կերպով կ՛աշխատինք պաշտպանելու համար մեր սեփական շահերը», նշած է աղբիւրը` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ` Ռուսիոյ հետ զինուորական բախում չունենալու փափաքը արտացոլումն է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «խուսանաւումով» յատկանշուող արտաքին քաղաքականութեան:

Previous Post

«Ամերիկացի, Եւրոպացի Եւ Արաբ Պաշտօնատարներու Մօտ Դամասկոսի Հետ Հաղորդակցիլ Սկսելու Տրամադրութիւն Նկատեցի» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Պատուիրակը

Next Post

Իրաքի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին Առիթով. Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Իրաքցի Պատասխանատուներուն Կողմէ Լիբանանին Նաւթ Տրամադրելու Նախաձեռնութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.