Ուքրանիոյ Խերսոնի մարզի իշխանութիւնները մօտիկ ապագային մտադիր են նախաձեռնելու մարզը Ռուսիոյ միացնելու հարցին, որպէսզի դառնայ Ռուսիոյ լիարժէք մաս: Այս մասին երէկ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Խերսոնի ռազմական-քաղաքացիական վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Քիրիլ Սթրեմուսով:
«Խերսոնի մարզը մտադիր է մօտիկ ապագային ներառուիլ Ռուսիոյ կազմին մէջ` դառնալով լիարժէք մաս», ըսած է Սթերմուսով:
28 մայիսին Խերսոնի մարզի իշխանութիւնները որոշած են անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով փակել Ուքրանիոյ կողմէ վերահսկուող շրջաններու հետ սահմանները: Այնուհետեւ, Սթրեմուսով նշած է, որ մարզի իշխանութիւնները բնակիչներուն խորհուրդ չեն տար մեկնիլ Ուքրանիա: