Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Չենք Կրնար Հրաժարիլ Իրանեան Կազէն, Ուաշինկթընի Մէջ Յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան

July 17, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Mirzoyan: United States shouldn’t put pressure on Armenia because of its sanctions against Iran

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն», «Ամերիկայի Ձայն».- Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Երկուշաբթի, 15 Յուլիսին, «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն բնական կազ գնելու ընտրանքէն:

«Մենք կը ցանկանանք, որ Ամերիկա ճնշում չգործադրի Հայաստանի վրայ: Հայաստանը չի կարող նման գին վճարել», նշեց Միրրզոյեան:

«Ամերիկեան գործընկերներին տեղեկացրեցի, որ մեր տնտեսութիւնը վնասներ է կրում Իրանի դէմ պատժամիջոցներից», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Միրզոյեան:

Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարած էր, թէ Երեւան Թեհրանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ կազ գնելու նպատակով:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր երկիրը դուրս բերելով Իրանի հետ կնքուած միջազգային համաձայնագիրէն՝ վերականգնեց Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները, նոյն ժամանակ սպառնալով պատժել այն երկիրները, որոնք կը շարունակեն Իրանի հետ տնտեսական կապեր ունենալ:

Նշենք, որ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն՝ աւելցնելով, որ Հայաստան կը փափաքի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները զարգացնել։

«Մեր յարաբերութիւնները պէտք է դիւանագիտական հռչակագրերի դաշտից տեղափոխուեն յստակ գործընկերային յարաբերութիւնների դաշտ», ըսաւ Միրզոյեան, նոյն ժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելով տարիներու ընթացքին Հայաստանի տրամադրուած ամերիկեան օգնութիւններուն համար։

Պատասխանելով Արցախի հակամարտութեան վերաբերող հարցումի մը, Միրզոյեան յայտնեց, թէ հարցը կը դիտէ մարդկային իրաւունքներու տեսանկիւնէն՝ կարեւոր համարելով Արցախի բնակչութեան ընդգրկումը բանակցային գործընթացին մէջ:

Ներքաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներուն մասին խօսելով, Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստանի մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը եւ զեղծարարութեան դէմ շարունակական պայքարը:

Մրիզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի Ներկայացուցիչներու տան ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբին հրաւէրով:

Նոյն օրը, Հայաստանի դեսպանատան մէջ հայ խորհդրարանականներու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ամերիկահայ համայնքին հետ, կարծիքներ փոխանակելով Հայաստանի վերջին զարգացումներուն եւ խորհրդարանի աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Միրզոյեան նաեւ պետական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Հայաստանի մէջ կատարուող դատական համակարգի բարեփոխումներուն, հայ-ամերիկեան կապերու զարգացման եւ այլ հարցերու շուրջ, կը հաղորդէ խորհրդարանի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Previous Post

Iranian official in Syria: Israel does not have a future in the region

Next Post

Մամետիարով Վրացի, Ատրպէյճանցի Եւ Թուրք Խորհրդարանականներու Հետ Քննեց Արցախի Հարցը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.