Հինգշաբթի, 26 Ապրիլի ուշ երեկոյեան կայացած է «Այլընտրանքային նախագիծեր խումբ»-ի անդամներուն հանդիպումը ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգիսեանի հետ։ Այս առնչութեամբ «Այլընտրանքային նախագիծեր խումբ»-ի անդամ, նախկին պատգամաւոր Վահէ Յովհաննիսեան տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր կը նշուի.
«Հանդիպումը ձեւական չէր։ Նախագահը ներկայացուց իր միջնորդական առաքելութեան որոշ արդիւնքները, մենք ներկայացուցինք յստակ առաջարկներ։ Անկեղծ յոյս ունինք, որ հնարաւոր է գտնել իրօք ճիշդ լուծում։
Մեր առաջարկները կառուցուած են հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ.
ա. չի կրնար ուժային լուծում ըլլալ,
բ. չկայ լուծում առանց Նիկոլ Փաշինեանի գործօնի,
գ. պէտք է ըլլան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ,
դ. այս պահուն առկայ է լուծման քանի մը տարբերակ, պէտք է հրապարակայնացնել հասարակութեան լայն շերտերու համար։
Հայաստանի մէջ շատ բան փոխուած է։ Պէտք է բան մը հասկնալ՝ այլեւս չկայ վերադարձ հին բարքերուն ու հին խաղի կանոններուն։ Նոր սերունդը մերժեց հին վերնախաւը։ Ասիկա արժէքներու, մտածելակերպի հակադրութիւնն է, ուր անպայման պիտի յաղթէ առաջընթացը։ Հանդիպումէն դուրս եկած ենք որոշակի յոյսերով։ Կ՝ուզեմ ընդգծել նախագահի՝ Արմէն Սարգիսեանի, իրօք, անկեղծ ջանքերը՝ ընելու իրմէ կախուած ամէն ինչ լուծում գտնելու համար»:
Նշենք, որ «Այլընտրանքային նախագիծեր խումբ»-ի անդամ են ԱԺ նախկին պատգամաւորներ Էլինար Վարդանեանը, Ստեփան Մարգարեանը, Վահէ Յովհաննիսեանը: