Հազուադէպ կը հետեւիմ ժապաւէններու, մանաւանդ՝ նոր արտադրութիւնները գրեթէ ոչինչ ունին տալիք հանդիսատեսին: Պատահականօրէն դիտած ժապաւէններէս մէկուն մէջ հետաքրքրական դրուագի մը հանդիպեցայ. ցուցահանդէս կազմակերպող արուեստագէտի մը բարեկամները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին, թէ գեղանկարները տգեղութենէ բացի, ոչինչ կը ներշնչէին արուեստի իմաստով: Նկարիչին պատասխանը անակնկալ էր.« Գիտեմ, միտումնաւոր կատարած եմ: Կ’ուզեմ որ այս անարժէք նկարները ժահրի նման տարածուին եւ արուեստի աշխարհը խորքէն քայքայեն…»: Այս պատասխանը բաւական ծանր ազդեցութիւն ձգած պիտի ըլլայ հանդիսատեսներուն վրայ…: Իմ պարագայիս, զիս անմիջապէս փոխադրեց ներլիբանանեան առօրեային: Դժուար թէ մեր քաղաքական գործիչները արտայայտէին նկարիչին տրամադրութիւնը: Սակայն, քաղաքական սուր բանավէճերու եւ քաշքշուքներու հետեւանքով, սահմանադրական կառոյցներու հեղինակազրկութեան ականատեսը կը դառնանք իւրաքանչիւր օր : Անգամ հասարակութեան մէջ աննախադէպ չափանիշներու հասած է բեւեռացումը: Երեւոյթ, որուն նմանը գոյութիւնը չենք ունեցած Լիբանանի ողջ պատմութեան մէջ: Կասկած չունինք, որ մեր քաղաքական հոսանքները կը գործեն հայրենիքի եւ յանուն ազգային շահերու ծառայութեան: Սակայն, հաւաքական կեցուածքի բացակայութեան պատճառով, տարբեր ներազդեցութիւններու պարարտ ենթահողի վերածուած է երկիրը:
Դժուար չէ կռահել, որ համաշխարհային քաղաքականութիւնը եւ Լիբանանեան հակամարտութեան զարգացումները հակոտնեայ դիրքերու մէջ կը գտնուին ներկայիս: Երկար վերլուծութիւններու անհրաժեշտութիւնը չենք զգար մեր տեսակէտը հիմնաւորելու համար: Հոսանքի դէմ թիավարելու միջոցներէն զուրկ է Լիբանանը:
Վերջերս, Պիլ Տը Պլասիօ ընտրուեցաւ Նիւ Եորք քաղաքի կառավարիչ: Տը Պլասիօ՝ ամերիկեան վարչակարգի թունդ հակառակորդ մը: Պատկերացուցէք, դրամատիրական համակարգի խորհրդանիշ՝ Նիւ Եորք քաղաքի կառավարիչը ընտրուեցաւ « Ուոլ Սթրիթը Գրաւենք» հասարակական շարժումին մոլեռանդ պաշտպաններէն, անոր գործունեայ ղեկավարներէն մէկը: Ամերիկեան վարչամեքենան խնդրոյ առարկայ շարժումը պիտակած է իբրեւ համակարգը հարուածող «Հակա-դրամատիրական» կազմակերպութիւն:
Տասնամեակներ առաջ, Տը Պլասիօ գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ, պաշտպանելով համայնավարական հակումներով ծանօթ Նիքարակուայի Սանտանիսթական վարչակարգը, պայքարելով՝ Սի.Այ. Էյ.-ի հովանաւորած «Գոնթրա»ներուն դէմ…:
Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա մօտիկ դաշնակիցներ դարձած են այսօր: Վոլկոկրատի զոյգ ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք, Ուաշինկթըն՝ Սոչիի մէջ կայանալիք Ձմեռնային Ողիպմիական խաղերուն ապահովական վերահսկողութեան մասնակցելու պտրաստակամութիւն յայտնեց Մոսկուային: Տեղին թէ անտեղի՝ չեմ փափաքիր յիշատակել Սուրիոյ քիմիական զէնքերը չէզոքացնելու ուղղութեամբ զոյգ պետութիւններուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը: Պատահականութիւ՞ն էր արդեօք, երբ նախագահ Վլատիմիր Փութին ներում շնորհեց իր ամենաոխերիմ հակառակորդներէն Միխայիլ Խոտորքովսքիին եւ անոր նման հակափութինեան արշաւը հովանաւորող քանի մը դէմքերու:
Պատահականութիւ՞ն էր արդեօք, Հարաւային Քորէայի հետ խաղաղութիւն հաստատելու՝ մենատիրական հակումներով համաշխարհային բեմին ծանօթ, Հիւսիային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճոնկ Ունի Նոր Տարուան առիթով կատարած յայտարարութիւնը:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի այն ղեկավարներէն մէկն է, որ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ իր խոհեմ ու կշռադատ քայլերով անակնկալի մատնեց աշխարհը: Իրանի Իսլամական յեղափոխութենէն երեսուն եւ հինգ տարիներ ետք, Հասան Ռոհանի դարձաւ Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւն վարող առաջին նախագահը: Այսօրուան դրութեամբ, միջինարեւելեան տարբեր հակամարտութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ, Թեհրան դարձած Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի ամենակարեւոր դաշնակիցը: Ներքին բեմի վրայ, նախագահ Ռոհանի աստիճանաբար կ’իրագործէ նախընտրական շրջանին խոստացած բարեկարգչութիւնները :
Նախագահ Պարաք Օպամա կտրականապէս կը մերժէ հակամարտութիւններու զինեալ ընտրանքը: Նոր տարուան առաջին օրերուն ան բացայայտօրէն յայտարարեց, թէ Իրանի միջուկային թղթածրարը եւ իսրայէլապաղեստինեան խաղաղութեան համաձայնութիւնը առաջնայնութիւն կը մնան անոր համար:
Վերոյիշեալ զարգացումները բացայայտ ապացոյց են, որ աշխարհի ժողովուրդները, որքան ալ ոխերիմ՝ տրամադիր են փոխհասկացողութեան եւ համագործակցութեան: Աշխարհաքաղաքական նոր կարգավիճակ մը արմատներ սկսած է նետել Միջին Արեւելքի մէջ: Ան կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը: Ուշ արթնցող, յամառութիւն ցուցաբերող պետութիւնները պիտի ըլլան մեծագոյն տուժողը: Մաղթենք, որ Լիբանան շուտ դուրս կու գայ իր թմբիրէն:
Իրաքի, Սուրիոյ եւ մասամբ՝ Լիբանանի մէջ անցնող երկու շաբաթներու ապահովական զարգացումները բացայայտեցին Միջին Արեւելքը ապակայունացնելու տրամադրութիւն մը: Միջին Արեւելք ՝ լքուած անիշխանականութեան գիրկը: Պետութիւններ՝ մխրճուած ներքին հակամարտութիւններու տիղմը եւ զուրկ՝ ապահովական կայունութիւն վերականգնելու լծակներէն: Տուեալ քաղաքականութեան մղիչ ուժը Ալ Քայիտան է: Այս հոսանքը եւ անոր ետին կեցող պետութիւնները բացայայտօրէն կ’ընդդիմանան Ուաշիկնթըն- Մոսկուա փոխհասկացողութեան եւ կը փորձեն համայնաքային խորքով խռովութիւններ հրահրել Իրաքի, Սուրիոյ, նաեւ Լիբանանի մէջ: Այսպէս կոչուած Իրաքի եւ Սուրիոյ Իսլամական Պետութիւնը կը փորձէ ջնջել երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանագիծը եւ վճռական խօսքը ծայրայեղականներուն վերապահել:
Լիբանանցիներուն առջեւ այսօր բացուած է նոր՝ համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը, հրաժարեալ եւ նորանշանակ վարչապետները, Սաատ Հարիրի, Ուալիտ Ճոմպլաթ եւ ուրիշներ, վերապահութիւններ ունենալով հանդերձ, այս մէկը լուծումի լաւագոյն ընտրանքը կը նկատեն ներկայ հանգրուանին: Գիտակցաբար կամ՝ ոչ, չնմանինք այն նկարիչին, որ կը յաւակնի խորքէն քանդել արուեստի աշխարհը…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ