Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 878-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 236-ի
Կառավարութեան որոշումով, երկիրը չորս օրով ամբողջութեամբ փակելու որոշումը արդէն իսկ գործադրութեան մէջ մտաւ` երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսած կրակմարով,
Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի ակներեւ բարձրացումին պատճառով, լիբանանեան պետութիւնը որոշեց փակել երկիրը եւ բազմացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները` ամբողջ երկրի տարածքին:
Այս իրականութեան լոյսին տակ կրակմարի դրութիւնը պիտի շարունակուի մնալ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00, իսկ լիբանանցիներուն կողմէ բնակարանային մեկուսացումը` ի բացառութեամբ անհրաժեշտութեան պարագաներու, պիտի տեւէ մինչեւ երկուշաբթի, 18 մայիս 2020-ի առաւօտ, արգիլելու համար յառաջիկայ օրերուն «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը:
Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի սահմանումով, երկիրը փակելու որոշումը կը ներառէ սեփական վաճառատուները, շուկաները, առեւտրական ընկերութիւնները, կրթական եւ դրամատնային մարզերը:
Ֆահմի ընդգծեց նաեւ, որ ինքնաշարժի երթեւեկութիւնը պիտի շարունակուի ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերուն համապատասխանող օրերու դրութեամբ` առաւօտեան ժամը 5:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ կիրակի,17 մայիս 2020-ին բոլոր ինքնաշարժներուն, բեռնակառքերուն եւ մոթորսիքլեթներուն երթեւեկը արգիլուած է:
Ան նշեց, որ ամբողջական փակումի որոշումէն բացառուած են պետական հաստատութիւնները, առողջապահական եւ բուժման մարզերը, ինչպէս նաեւ սնունդի, ճարտարարուեստի, վառելանիւթի եւ տեղեկատուութեան մարզերը, ջուրի եւ կազի ընկերութիւնները եւ աղբահանման փոխադրակառքերը:
Ճարտարարուեստի մարզին պարագային փակումէն բացառուած են դեղորայքի ընկերութիւնները, բժշկական իրեր եւ սարքեր, մաքրութեան եւ հականեխումի յատուկ դեղեր եւ նիւթեր արտադրող ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան յատուկ քիմիական նիւթեր պատրաստող ընկերութիւնները` պայմանով որ անոնց աշխատանքը աւարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, եւ աշխատանքի ընթացքին յարգուին «Քորոնա» ժահրի նախազգուշութեան բոլոր պայմանները:
Հանրախանութները, բանջարեղէնի եւ կաթնեղէնի վաճառատուները, մսագործները, հաւեղէն ու ձկնեղէն վաճառողները, պենզինի կայարանները (ինքնաշարժ լուալու ծառայութիւնը արգիլուած է), կազ լեցնող ընկերութիւնները, բժիշկներու գրասենեակները եւ տարրալուծարանները կրնան գործել մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Փուռերը, հիւանդանոցներն ու դեղարանները շուրջօրեայ դրութեամբ կը գործեն:
Ֆահմի ընդգծեց, որ քաղաքապետութեան ոստիկանները պէտք է հսկեն իրենց շրջաններուն մէջ համախմբումները ցրուելու աշխատանքին:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ ընդհանուր զօրաշարժը խախտելու իմաստով տուգանքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3 միլիոն լ. ոսկիի:
Իրենց կարգին, Ներքին ապահովութեան ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին ինքնաշարժներու երթեւեկին հսկողութեան եւ «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու միջոցներուն դիմելու իմաստով աւելի խիստ հսկողութիւն սկսան պարտադրել երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ: Անոնք շեշտեցին, որ այդ համաճարակին դէմ պայքարը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 878-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 8 նոր պարագաներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 236 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 1413 քննութիւն կատարուած է, եւ ի յայտ եկած է, որ տեղացիներուն մէջ արձանագրուած են 5 վարակուածներ, իսկ Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն համար կատարուած 12 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեանց արդիւնքները երէկ արձանագրած են 3 դրական պարագայ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Տէյր Քամարի կառավարական հիւանդանոց, որ սարքաւորուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ ընդունելու յատուկ բաժանմունքով:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատասխանատուներուն, որոնք հիւրընկալեցին զինք` հաստատելով, որ անիկա ցոյց կու տայ Լիբանանի պատմութեան ազգային պատկերներէն մէկը:
Հասան նկատել տուաւ, որ, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս Լիբանան կը դիմագրաւէ «Քորոնա»-ի համաճարակը` հաստատելով, որ այս ժահրը կը սպառնայ մարդ արարածին առողջութեան եւ ան համայնք, յարանուանութիւն կամ քաղաքականութիւն չի ճանչնար: «Հետեւաբար լիբանանցիներուն կողմէ ցուցաբերուած ազգային միասնականութիւնը` այս համաճարակը թօթափելու առումով բացառիկ էր: Պէտք է նոյն ձեւով շարունակել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը` նկատի ունենալով լիբանանեան պետութեան սահմանափակ կարողութիւնները», ըսաւ ան:
Հասան հաստատեց, որ Տէյր Քամարի հիւանդանոցը պէտք է բոլորին օժանդակութեամբ կերտուի` աւելցնելով, որ այդ հիւանդանոցի սարքաւորման եւ կառուցման իմաստով իտալական պետութեան կողմէ 11 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան մասին խոստում մը կայ` աւելցնելով, որ իտալական նուիրատուութիւնները ընդհանրապէս արդիւնաբեր կ՛ըլլան:
Հասան ընդգծեց, որ անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւերը հարուած մը հասցուցած են եւ անոնք զգուշացումներ են, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի անհատականէն ընկերային տարածումի փուլ հասնելու հաւանականութեան: «Կը մաղթեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք վարակուածներու հետ շփումի մէջ եղած են, ներկայանան մեզի եւ առանց ուշացումի կատարեն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնը: «Քորոնա» ժահրով վարակուիլը ամօթ չէ», ըսաւ ան` պահանջելով լիբանանեան պետութեան վստահիլ եւ անոր հետ գործակցիլ, որովհետեւ պետութիւնը կը գործէ լիբանանցիներուն եւ Լիբանանին ծառայութեան ի խնդիր:
Ապա Հասան ուղղուեցաւ Ժեզզին, եւ տեղւոյն կառավարական հիւանդանոցին մէջ ստուգեց «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու նպատակով որդեգրուած բոլոր քայլերը:
Նշենք, որ Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ դրամատուները յանձնառու կը մնան ներքին գործոց նախարարութեան որոշումին, հետեւաբար չորս օր շարունակ փակ կը պահեն իրենց դռները:
Իր կարգին, զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ զբօսաշրջական բոլոր հաստատութիւնները` ճաշարան, սրճարան, գինետուն, լողաւազան, փակ պիտի մնան, ի բացառութիւն ճաշարաններուն կողմէ ճաշերու տնային առաքումի ծառայութեան, որ կ՛աւարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի որոշումով, այս ուրբաթ օրուան նամազները տեղի չեն ունենար մզկիթներուն մէջ, ի բացառութիւն վաղը` հինգշաբթի, 14 մայիս 2020-ի յետմիջօրէին, «Քորոնա»-ի համաճարակէն բուժուելու համար տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին, որուն հրաւիրած է Ֆրանչիսկոս պապը:
Միւֆթի Տըրիանի համաձայն, այդ առիթով մզկիթներուն քարոզիչները այս առիթով պիտի կատարեն համապատասխան աղօթք:
Հարկ է աւելցնել, որ ամբողջական փակումի ընթացքին «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի շարունակէ արտերկրի լիբանանցիներուն Պէյրութ փոխադրութիւնը: