Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական ոգեկոչումէն ետք, եթէ ուզենք անցնող չորս տարիներուն Եղեռնին կապուած ձեռքբերումները մատնանշել, բնականաբար շատ բան չենք ունենար արձանագրելիք:
Հարիւրամեակի կոչերը, ոգեկոչման մարմինները, համահայկական յանձնաժողովները, կրօնական եւ քաղաքական ելոյթները, կարծէք, հարիւրամեակի տարուան հետ մոռցուեցան եւ հոս-հոն Հայ դատի յանձնախումբերու ճիգերով արձանագրութիւններ միայն կարելի է հաւաքել:
Ի՞նչ պատահեցաւ: Ինչո՞վ զբաղած ենք: Առաջնահերթութիւնը ո՞վ կ՛որոշէ: Հարիւրամեակէն չորս տարի անցաւ, բացի ապրիլ 24-է ապրիլ 24 քայլարշաւներէ` ուրիշ ի՞նչ կ՛ընենք:
Եղեռնի ոգեկոչման նոր հարիւրամեակի բաւական մտահոգիչ եւ հարցականներով լեցուն փուլ մը կը հրամցուի: Համաշխարհայնացում, այլասերում, Արաբական գարուն, թաւշեայ յեղափոխութիւն, քառօրեայ պատերազմ, Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւն, կասկած, Հայաստան-սփիւռք կապի խարխափում, պետականաշինութիւն եւ բանակի հզօրացման նոր փուլ:
Իսկ այս բոլորէն անդին, ո՞ւր է համահայկական կեդրոնական մարմինը: Գաղութներու մէջ` ինչո՞ւ Եղեռնի ոգեկոչման կամ Ցեղասպանութեան կեդրոնական մարմիններու լուծարումը: Ո՞վ է շահողը այս բոլորէն: Ինչո՞ւ թափի, տեսիլքի եւ թռիչքի պակաս կայ: Ո՞վ է կասեցնողը: Նորերը չկա՞ն, վստահաբար կան: Նոր մօտեցումներ պէտք չէ՞ որոնել, հաստատաբար` այո՛: Նախաձեռնողը չկա՞յ, չեմ կարծեր:
Կարծէք ամէն մարդ իր պատեանին մէջ ամփոփուած` կրիայի պէս թէ՛ դանդաղած է, եւ թէ՛ «ինծի ինչ»-ի հոգեվիճակ մը կ՛ապրի: Հարիւրամեակէն չորս տարի անցած է, պէտք էր մինչ այդ նոր թափով եւ ծրագրաւորումով, նոր ռազմավարութեամբ եւ ճկունութեամբ, նոր ձեւերով եւ համակերպումով Եղեռնի ոգեկոչման աշխատանքներ ծրագրուէին:
Հաստատութիւնները փակելով, քայլարշաւին մասնակցելով, եկեղեցի երթալով եւ մոմ մը վառելով եթէ ինքնագոհ պիտի զգանք, չեմ գիտեր` ի՛նչ ըսեմ:
Ամէն բան գիտնալն ալ չի բաւեր: Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կը բաժնեն այս բոլոր մտահոգութիւնները եւ խօսակցութեան աւարտին «քմծիծաղով» մը կ՛ըսեն, որ «այսպէս է, ճիշդ ես, ի՞նչ կրնանք ընել…»:
Ապրիլ 24-ի նախօրեակին դարձեալ կու գամ ըսելու, որ նորերը պիտի գան եւ ստանձնեն ջահը:
Մի՛ ըսէք` չկան: Կա՛ն, վստահաբա՛ր կան: Մեզմէ ալ լաւերը կան, առիթը տանք եւ կը տեսնենք:
Յուսախաբ չենք ըլլար: Սկիզբը` քիչ մը խարխափում, սակայն յետոյ վստահաբար հաստատ քայլերով` դէպի յառաջ: