Առաւօտ մը, անցորդ մը կը հանդիպի յոյն մեծ փիլիսոփայ Սոկրատին, որ կը քալէր Հին Աթէնքի փողոցներէն մէկուն մէջ, ձեռքին բռնած լապտեր մը։ Զարմացած՝ ան կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ Սոկրատ լապտերով կը քալէր այդ ժամուն, միթէ աչքը լաւ չէ՞ր տեսներ…
– Չէ՛ տղաս,- կ‘ըսէ Սոկրատ,- Ճշմարտութիւնը կը փնտռեմ…
Իսկ մե՛նք ի՞նչ կ‘ընենք…
Մենք ալ, Սոկրատի նման բան մը… Սակայն մէ՛կ տարբերութեամբ… Սոկրատ գիտէր, թէ ինք շատ դժուար առաքելութիւն մը ունէր կատարելիք. իսկ մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ճշմարտութիւնը ո՛ւր կը գտնուի… Հո՛ն, ուր որ է…
Մենք լա՛ւ գիտենք՝ թէ որո՞ւ պէտք է դիմենք…
Անշո՛ւշտ անո՛նց, որոնք լաւատեղեակ աղբիւրներու միջոցով գիտեն՝ թէ ո՛ւր է Ան, բայց չեն յանդգնիր մատնանշելով բացայայտել Զայն, վախնալով որ իրենց կեանքը կրնայ բարդանալ այդ գործողութեան ընթացքին… Քա՜ւ լիցի՝ չենք փափաքիր որ ոեւէ մէկուն քիթը արիւնի… Ինչո՞ւ, սակայն, միջոցնե՞ր կը պակսին համոզելու այն մարդիկը, որոնք պատանդ առած են Ճշմարտութիւնը եւ չեն ուզեր որ Ան յայտնաբերուի…
Ցարդ, Անոր առեւանգիչները արդէն չափազանց մեծ սխալներ գործած են եւ դեռ ալ կրնան գործել՝ ի վնաս մեր ազգին՝ եթէ չզգաստանան…
Բաւակա՛ն է, ի՛նչ որ կատարուեցաւ մինչեւ այսօր, բաւակա՛ն է… Անոնք թող դադրին գիտա՛կցաբար աւելի մեծ վնասներ հասցնելէ մեր ժողովուրդին: Այդ բանը անհանդուրժելի է այլեւս:
Անոնք պարպեցի՛ն մեր Հայրենիքը իր ժողովուրդէն:
Անոնք կողոպտեցի՛ն եւ դեռ ալ կը կողոպտեն մնացողները…:
Անոնք «ցեցերու» նման կը կրծեն մեր Հինավուրց Ծառը, որ կրնայ տապալիլ որեւէ ատեն:
Ինչպէ՞ս «պիտ‘ հասնինք Սասուն…», ո՞ւր է այդ Հզօր Հայկական Բանակը… Ովքե՞ր պիտի ըլլան անոնք, երբ չկա՜ն անոնք… Անո՛նք՝ որ Հայրենիքէն դուրս կը գտնուին, մե՛նք՝ պանդուխտներս…
«Հեռուից հեռու եար չի սիրուիր…»:
Երգիչը կ‘ըսէ. «Միանա՛նք հայեր», որովհետեւ առանց միութեան (հայը լա՛ւ գիտէ այս կոչին իմաստը) չկա՛յ փրկութիւն:
Սակայն ինչպէ՞ս, երբ Հայրենիքը կը տնքայ հայո՛ւ լուծին տակ…
Մեզի վստահելի ղեկավարներէն կ‘ակնկալուի ճար մը գտնել՝ մեր «անառակ որդիները» կարգի բերելու համար: Զանոնք զգաստութեան հրաւիրելու, սանձելու անոնց ընչաքաղցութիւնը, որպէսզի անոնք ա՛լ դադրին պատուհասելէ մեր ժողովուրդը, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ վայելել իր նորակերտ Հայրենիքը, երազած անկախութիւնը:
Ո՞ւր է մեծութիւնը մեր մեծերուն, երբ անոնք չեն արդարացներ այդ մեծութիւնը, երբ «շահագործող ցեցեր (կը) վատնեն, իսկ մեզ չոր հաց բաժին (կը) հանեն…»:
«Տանջա՛նք, զրկա՛նք, լեզու առէ՛ք», սի՛րտ տուէք Ազնիւ Հայուն, որ կարենայ կասեցնել շահագործողներու յառաջխաղացքը…:
ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ – Միացեալ Նահանգներ