Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Լռութիւնը Կը Մնայ Աւելի Խօսուն, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան» Շեշտեց Նեժիպ Միքաթի

August 7, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Mikati from Baabda: We are committed to Resolution 1701, government matters are being concluded

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:

Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ դէպքերը արագութեամբ կը յառաջանան` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տիրած կացութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն կը հետեւի զարգացումներուն եւ կացութիւնը հանդարտեցնելու հաղորդակցութիւններուն:

Միքաթի մաղթեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի` ընդգծելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

«Այս իմաստով կ՛ողջունեմ լիբանանեան բանակը եւ անոր դերակատարութիւնը` հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութեան ընդմէջէն», ըսաւ ան:

Միքաթի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին ինք կը փափաքի լուռ մնալ` աւելցնելով, որ նախքան նախագահ Աունի հետ հանդիպումը իր որոշումը եղած է լուռ մնալ, «որովհետեւ լռութիւնը կը մնայ աւելի խօսուն, իսկ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը իրենց աւարտին կը մօտենան», ըսաւ ան:

Պատասխանելով ելեւմուտքի նախարարութեան փոխարէն շիի համայնքին ներքին գործոց նախարարութիւնը տրամադրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Միքաթի շեշտեց, որ այդ մասին լուրերը անհիմն են ու անճիշդ:

Ան աւելցուց, որ եթէ նախարարութիւններու հերթափոխութիւն պիտի ըլլայ, ապա անիկա պիտի ընդգրկէ բոլոր նախարարութիւնները:

Միքաթի մեկնեցաւ ըսելով, որ ինք այսօր հանրապետութեան նախագահին հետ պիտի ունենայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի յաջորդ հանդիպումին թուականը:

Previous Post

Մղձաւանջ Եւ Ճգնաժամ

Next Post

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Զարգացումներ Եւ Փոխադարձ Ռմբակոծում, Որոնք Կը Խանգարեն Ներքին Լիբանանեան Անդորրը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.