Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի Պաապտայէն կատարեց յայտարարութիւն մը` հաստատելով, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր` աւելցնելով, որ համաձայնած են խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան մը հրաւիրել:
Վարչապետ Միքաթի նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունին յայտնած է, թէ 2022-ի պետական ամավարկը արդէն իսկ մշակուած է եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի ստանձնուի:
Միքաթի ընդգծեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը ստանձնելէն անմիջապէս ետք կառավարութիւնը ժողովի պիտի հրաւիրուի:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Աուն-Միքաթի հանդիպումին ընթացքին հեռաձայնային կապ հաստատուած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր հետ քննարկուած է խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան հրաւիրելու եւ պետական ամավարկի որդեգրման համար նախարարաց խորհուրդի նիստ գումարելու հարցերը:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա» ժահրի տարածումի այս պայմաններուն ընթացքին աշակերտներուն դպրոց վերադառնալուն վերաբերող խնդիրը:
Հանդիպումէն ետք Հալապի նշեց, որ նոյնիսկ այն երկիրները, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակուողներու բարձր համեմատութիւն գոյութիւն ունի, դպրոցները վերաբացուած են եւ աշակերտները վերադարձած, «հետեւաբար Լիբանանի մէջ նոյնպէս դպրոցները պէտք է վերաբացուին երկուշաբթի, 10 յունուար 2022-ին, եւ աշակերտները պէտք է վերադառնան դպրոց ու քթակապերը օգտագործելով հետեւին իրենց դասերուն», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պաապտայի մէջ հանրապետութեան երկու նախագահներու մասին խօսքերը սուտ եւ անդաստիարակ արտայայտութիւններ են, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ընդդիմութիւնը երկրին վնաս կը հասցնէ:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ «քաղաքական տարբեր ուժեր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հաշիւը կ՛ընեն, որովհետեւ ան իմ դաստիարակութիւնս է եւ սակարկութիւն չի կատարեր, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր հզօր ներկայութիւնը պիտի պահէ»:
Անդրադառնալով Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին` նախագահ Աուն յայտնեց, որ եթէ ատիկա ձախողի, ապա ինք հանրութեան պիտի ներկայացնէ այն պատճառները, որոնք արգիլեցին այդ հաշուեքննութիւնը կատարել: «Պիտի բացայայտեմ ժողովուրդին դրամը գողցողներուն ինքնութիւնը», հաստատեց նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ ինք կը փափաքէր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն փոխարինել այլ կառավարիչով մը, սակայն երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլն էր, որ առաջարկեց երկարաձգել կառավարիչին պաշտօնավարութեան շրջանը: