Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ապա նախագահ Աուն պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի կարեւոր կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ հարց գոյութիւն ունի` փափաք յայտնելով լուծել այդ հարցը եւ բարելաւել յարաբերութիւնները: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին հետ հարցը ծագած է անցեալ ամրան` Լեռնալիբանանի Պասաթին շրջանի դէպքերուն լոյսին տակ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք կառավարութիւններու փոփոխութեան իմաստով աշխատանք չի տանիր` աւելցնելով, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու համար հսկայական ժամանակ կը տրամադրուի, «իսկ այսօրուան իրավիճակը` տնտեսական եւ ընկերային լուրջ տագնապներով եւ «Քորոնա»-ի համաճարակով, անյարմար է նման քայլի մը դիմելու:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին դիմելու քայլը դրական է, «պայմանով որ լուրջ բանակցութիւններ վարենք եւ երկիրը յուզող ընկերային եւ տնտեսական տագնապները մեղմացնենք», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէն, որուն հետ քննարկեց զբօսաշրջութեան մարզին դիմագրաւած հարցերն ու անոր զօրակցելու միջոցները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունի հետ քննարկած է Լիբանանի տնտեսական տագնապը` մաղթելով, որ Լիբանան լուծում մը գտնէ այդ հարցին:
Սփիթերի յայտնեց, որ նախագահ Աունէն խնդրած է, որ 14 մայիսը «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ աղօթքի օր ըլլայ` քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն համար: Ան աւելցուց, որ այդ օրուան աղօթքը կրնայ նուիրուիլ նաեւ Լիբանանի բարօրութեան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ տագնապը երեք երեսներ ունի, որոնք բոլորն ալ լիբանանեան իրականութեան համար կրնան աղէտալի ըլլալ: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը տառապի տնտեսական սխալ քաղաքականութիւններէ, որոնք եղած են երկարատեւ եւ փտածութեան կողքին` մաշեցուցած են երկրին իշխանութիւնները, եւ բնականաբար չքացուցած այդ իշխանութիւններուն հանդէպ լիբանանցի քաղաքացիին վստահութիւնը:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին երեք երեսներն են սուրիացի մեծաթիւ տեղահանուածներու գոյութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անոնց պատճառած ժխտական ազդեցութիւնը երկրին տնտեսութեան վրայ, Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին ստեղծած ճգնաժամը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան որոշած է ինքզինքին օգտակար հանդիսանալ եւ կ’ակնկալէ, որ անոր զուգահեռ արձանագրուի միջազգային օժանդակութիւն ու զօրակցութիւն, որպէսզի ան կարենայ նկուղէն դուրս գալ: