Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի բաւարարուեցաւ ըսելով. «Ո՞վ ըսաւ, որ դրական երեւոյթներ չկան: Վաղը արեւը կը ծագի, եւ մարդիկ կը տեսնեն»:
Նշենք, որ նախագահ Աուն ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անմեղները դատական իշխանութենէն չեն վախնար: Ինչպէս իմամ Ալի կ՛ըսէ. «Ո՛վ որ ինքզինք յանցաւոր կը նկատէ, պէտք չէ մեղադրէ անոր, որ զինք յանցաւոր կը նկատէ»:
Աւելի ուշ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առանց իր պատասխանը նախագահ Աունին հասցէագրելու, կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Պայմանով որ դատական իշխանութիւնները չըլլան երկրին իշխանութեան դատական իշխանութիւնները, որոնց մասին բան չես գիտեր»:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընկերային մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Հաժժար հաստատեց, որ նախագահ Աունի սիրտը ժողովուրդին հետ է, եւ ան ժողովուրդին դիմագրաւած դժուար կացութեամբ մտահոգ է:
Հաժժար նշեց, որ հատուցման քարտը մեկնարկելու իրաւական լուծումներու դիմած են` աւելցնելով, որ կը փափաքին վերջնականացնել ծրագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ հատուցման քարտը գործադրութեան դնել:
Հաժժար մաղթեց, որ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ Լիբանան հասնող գումարներուն գծով հսկողութիւն կատարելու գործիքակազմ կը ստեղծուի, որպէսզի քաղաքական նպատակներով կատարուած ընկերային ծառայութիւններուն վերջ տրուի: