ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Մաս Բ. եւ վերջ
Պազելի բողոքական քարոզիչներուն ուսումնական եւ հրատարակչական ներդրումը Շուշիի մշակութային զարթօնքին մէջ 1824–1835 թուականներուն
Պարսիկներու դարաւոր իշխանութիւնը Շուշիի մշակութային կեանքը հասցուցած էր խոր անկումի մը։ Երկրին հայ բնակչութեան համար անհնար էր սեփական ուժերով յաղթահարելու անգրագիտութեան խաւարը եւ տիրող անբարեյոյս իրավիճակը։ Միայն բարեկեցիկ որոշ ընտանիքներ ի վիճակի էին առանձին վարդապետներու քով կրթութեան տալու իրենց զաւակները։ Սակայն հայ ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը զուրկ էր գրաճանաչութենէ եւ տարրական գիտելիքներէ[1]։
Նախապէս նշուեցաւ, որ այս մռայլ իրավիճակին մէջ փրկութեան անսպասելի լոյսը կը հասնի շատ հեռուէն՝ Զուիցերիոյ Պազել քաղաքէն։ 1824 թուականին, Պազելի Քարոզչական Ընկերութենէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Ֆելիսիան Զարեմպա եւ Աուկուստ Հայնրիխ Տիթրիխ, կը հաստատուին Շուշի՝ դարձնելով զայն Կովկասի մահմետականներու դարձին ուղղուած իրենց առաքելութեան կեդրոնը[2]։
Պազելի Քարոզչական Ըկերութեան տնօրէնութենէն իրենց յանձնարարուած էր Կովկասի հեթանոս եւ մահմետական ազգաբնակչութեան մէջ տարածելու Աստուծոյ խօսքը՝ դպրոցի, յարակից տպարանի եւ կրօնական գրականութեան միջոցաւ։ Այս ծրագիրը իր ընթացքը կ’առնէ 1827 թուականին, երբ միսիոնարական տան յարակից տարածքին մէջ կը կառուցուին դպրոցին, ապա տպարանին մասնաշէնքերը։ Մէկ տարի անց արդէն դպրոցը 10–18 տարեկան պատանիներէ եւ երիտասարդներէ կազմուած 130 ուսանող ունէր։ Հետաքրքրականօրէն, Պազելի բողոքական քարոզիչներուն կառոյցները տեղացի ժողովուրդը «Լէմսի [= նէմեցի] տներ», այսինքն «գերմանացիներու տներ», կամ դպրոցը՝ «Լէմսի շկոլա», այսինքն «գերմանական դպրոց» կը կոչէր[3]։
Դպրոցը, անշուշտ, բաց էր ամէնուն համար, սակայն նախընտրութիւն կը տրուէր աղքատ ընտանիքներէ եկող աշակերտներուն։ Հոն կը դասաւանդուէին հայերէն կարդալ եւ գրել, քերականութիւն, Հին եւ Նոր Կտակարան, որոնցմէ որոշ հատուածներ աշակերտները գրաբարէ աշխարհաբարի, նաեւ աշխարհաբարէ գրաբարի կը վերածէին։ Յաւելեալ՝ պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ թուաբանութիւն։ Հայերէն առարկաներ դասաւանդելու համար միսիոնարները իրենց քով ուսուցչական պաշտօնի կը հրաւիրեն Պօղոս վրդ. Ղարադաղցին (1790–1850/1860), որ շուրջ 5 տարի կը բնակի միսիոնարներուն քով՝ ուսուցանելով այդ դպրոցին մէջ։ Պազելի բողոքական քարոզիչներուն հետ կը գործակցի նաեւ Յովսէփ վրդ. Տէր-Աւագեան Արցախեցին, որ նոյնպէս ժամանակի ականաւոր հոգեւորականներէն մէկն էր[4][5]։
1826 թուականին, Պազելի բողոքական քարոզիչները հայ ազգաբնակչութեան համար դպրոց մըն ալ կը բանան Գանձակի մէջ, ուր դասաւանդումները կը սկսին 80 աշակերտով։ Անշուշտ նախատեսուած էր, որ հետագային այս ծրագիրը պիտի ընդլայնուէր, իսկ դպրոցն ալ յաւելեալ դասարաններով ընդարձակուէր[6]։
Պազելի միսիոնարներու դպրոցական գործունէութեան առանձնայատուկ կարեւորութիւնը կ’արտայայտուի այն արդիւնաւէտութեան մէջ, որ շրջանաւարտ երիտասարդներ իրենց կարգին հայաբնակ տարբեր շրջաններու մէջ դպրոցներ կը բանան, ուր 20-30 ուսանող ընդունելով՝ կը սկսին իրենց ձեռք բերած գիտելիքը ջամբել նոր սերունդին։ Արդարեւ, ոչ միայն Շուշին, այլ ամ-
բողջ Արցախը ԺԹ. դարու առաջին քառորդին իր ժողովրդական կրթութեան զարթօնքը կը պարտի մեզի արդէն քաջածանօթ «Լէմսի շկոլա»-ին[7]։ Այս դպրոցին առկայութիւնը կը նշանակէր, որ նոյնիսկ ռուսական կառավարութիւնը ակնյայտօրէն կ’անդրադառնար Կովկասի մէջ ժողովրդական կրթութեան կարեւորութեան եւ մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէր անոր։ Առ այս, Թիֆլիսի նահանգապետ գեներալ Սիպիաքին 10 նոյեմբեր 1827-ին Սանկտ-Պետերբուրգ՝ մշակոյթի նախարարին կը գրէ.
«Վրաստանի ազնուական դասին համար Թիֆլիսի մէջ միայն գոյութիւն ունի ուսումնարան մը, ուր ունեւոր մարդիկ իրենց երեխաները կ’ուղարկեն, բայց այստեղի աղքատ ժողովուրդը եւ միւս դասակարգերու բնակիչները բոլորովին զրկուած են իրենց երեխաները դաստիարակելու միջոցներէն… Ես սեպուհ պարտականութիւնս կը սեպեմ հոգ տանիլ տեղի բնակիչներուն՝ միջոցներ տալու, որպէսզի անոնք իրենց երեխաներուն աւանդեն այն, ինչ հարկաւոր է կեանքին համար։ Ես համոզուած եմ, որ դաստիարակութիւնը ստոյգ օգուտներ կու տայ՝ մեղմացնելով [կոպիտ] բարքերը եւ ցոյց տալով ճամբան, ուրկէ անոնք պիտի մտնեն հասարակութեան մէջ… Ես Շուշի եղած ժամանակ զարմանքով տեսայ մահմետական շատ մը երեխաներ, որոնք գերմաներէն կը սորվէին Պազելի միսիոնարներու ղեկավարութեամբ, որոնք այնտեղ կը բնակէին կառավարութեան թոյլտւութեամբ։ Միայն ուսուցիչներու չգոյութիւնն է, որ թոյլ չի տար անոնց սորվելու նաեւ ռուսերէն լեզուն»54։
Ահաւասիկ այստեղէն ծնունդ կ’առնէ Անդրկովկասի զանազան քաղաքներուն, նաեւ Շուշիի մէջ 1831 թուականէն սկսեալ գաւառական դպրոցներուն բացումը։
Պազելի բողոքական քարոզիչներուն կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը եղաւ 1827 թուականին Շուշիի մէջ տպարան հիմնելու եւ հրատարակչական գործունէութիւն ծաւալելու երախտիքը։ Տպագրական սարքաւորումները անոնք Շուշի փոխադրեցին հաւանաբար Մոսկուայէն, իսկ հայկական տառատեսակները ստոյգ ձուլել տուին Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի տպարանին մէջ։ Տպագրական թուղթը նոյնպէս կը ստանային Մոսկուայէն, ստոյգ՝ Լազարեան ճեմարանին միջոցաւ։
Առաջին տպագրիչը եղաւ Յովհաննէս Ապերքրոմպի (Joh. Aberkrombie) անունով չերքեզ երիտասարդ մը, զոր սկովտիացի միսիոնարներ Քարրասի մէջ ստրկութենէ գնելով՝ կ’ազատագրեն, կը կրթեն, ապա Աստրախանի մէջ կը վարժեցնեն տպագրական արհեստին[8]։ Արդարեւ, Շուշիի մէջ առաջին գրքոյկը, որ 1828-ին ընդամէնը 50 օրինակով կը տպագրուի, Մատթէոսի աւետարանէն «Լեռան Քարոզ»-ի արեւելահայերէն թարգմանութիւնն էր։ Հետաքրքրական է իմանալ, որ Զարեմպա եւ Տիթրիխ առկայ թարգմանութիւնը փորձարկելու համար տարբեր վայրերու մէջ կ’այցելեն Շուշիի բնակիչներուն, զայն կը կարդան եւ գոհունակութեամբ կը հաստատեն, թէ բովանդակութիւնը անոնց միանգամայն հասկնալի է։
Նկատի ունենալով, որ տպագրական գիրքերու պահանջը Շուշիի մէջ առաւել եւս կը շատնար, նաեւ համեմատաբար փոքրածաւալ դասագիրքերէն կը նախատեսուէր ձեռնարկելու աւելի բարդ գործերու, զորօրինակ աւետարաններու կամ Նոր Կտակարանի տպագրութեան,– որոնք պիտի ունենային շուրջ 2000 կամ աւելի մեծաթիւ տպաքանակով տպագրութիւն,– հարկ կը զգացուի Պազելէն մասնագէտ տպագրիչի մը առաքումին, որ 1830 թուականի ապրիլէն սկսեալ կ’իրականանայ՝ յանձին Եոհան Քրիսթիան Ֆրիտրիխ Եուտթի[9] (Johann Christian Friedrich Judt)։
1828 թուականէն սկսեալ, անոնք թէ՛ Շուշիի իրենց տպարանին եւ թէ՛ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ ձեռնարկեցին շատ մը կրօնական, բարոյախօսական եւ ուսուցչական բնոյթի գիրքերու, գրքոյկներու, բառարաններու, դասագիրքերու, այբբենարաններու, թերթերու եւ թերթօններու հրատարակութեան։ Ընդհանուր առմամբ՝ 1828–1835 թուականներուն անոնք Շուշիի մէջ կը հրատարակեն 29 անուն հայերէն գիրք, որոնց բովանդակ տպաքանակը կ’անցնէր 35.000 պատկառելի միաւոր մը։ Բացի հայերէն գիրքերէն, Պազելի բողոքական քարոզիչները նաեւ հրատարակած էին 728 պարսկերէն, 147 թրքերէն եւ
100 եբրայերէն տպագիր գործեր[10]։
Երբ կը ստուգենք բողոքական քարոզիչներուն կողմէ հրատարակուած գիրքերու տիտղոսաթերթերուն վրայ նշուած թուականները, ապա կը հաստատենք, որ անոնց
հրատարակչական գործունէութիւնը այնուհետեւ շարունակուած է մինչեւ 1840 թուականը՝ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի տպարանին մէջ։ Շուշիի մէջ նախապէս տպագրուած թարգմանական որոշ ստեղծագործութիւններ արեւելահայերէն աշխարհաբարով այնտեղ վերահրատարակուած են՝ կա՛մ Լազարեան ճեմարանի անձնական նախաձեռնութեամբ եւ կա՛մ Պազելի բողոքական քարոզիչներու կանխաւ տուած պատուէրով։
Եոհան Քրիսթիան Ֆրիտրիխ Եուտթ (1806‒1885)
Միսիոնարներուն տպագրած բոլոր գիրքերու տիտղոսաթերթերուն վրայ հրատարակութեան թուականին հետ անպայման նշուած է այդ ժամանակի կաթողիկոսին եւ առկայ գիրքին տպագրութիւնը արտօնած եպիսկոպոսին անունը։ Զորօրինակ, այսպէս՝
«Ի Հայրապետութեան Տեառն Եփրեմի Սրբազնասուրբ Կաթողիկոսի Ամենայն Հայոց։ Հրամանաւ Աստուածարեալ Քահանայապետութեան Տեառն Ներսիսի Առաքելագործ Արհիեպիսկոպոսի Եւ Վիճակաւոր Առաջնորդի Ամ[ենայն] Հայոց Վրաստանի Եւ Այլոց, Ի Շուշի ՌՄՀԸ, 1829»։
Նշուած չէ միայն տպարանին անունը, օրինակ՝ «Պազելի Միսիոնարական Ընկերութեան տպարան» եւլն.։ Պիտի ենթադրել, որ միսիոնարները այլազան պատճառներով խուսափած են իրենց տպարանին տալու մասնաւոր անուն մը, կամ պարզապէս գոհացած են նշելով տպագրութեան վայրը՝ Շուշի, նկատի ունենալով, որ հոն իրենց տպարանէն բացի ուրիշ մը գոյութիւն ունեցած չէ։ Միայն 1832 թուականէն սկսեալ քանի մը գիրքերու վերջին էջին մէջ տեղադրուած է նախապէս տպագրուած գիրքերուն ցանկը, որոնք կարելի է գնել Շուշիի բողոքական քարոզիչներու տունէն։ Ահաւասիկ համապատասխան յայտարարութիւնը. «Շուշիի բերդումն / աւետարանական ժողովքի տան մէջն / էս հետեւօղ գրեանքս էլ ծախվում են»։
Ճիշդ է, որ Էջմիածնի տպարանը Հայաստանի տարածքին առաջին տպարանն էր՝ հիմնուած ըլլալով 1771-ին, իսկ Շուշիինը՝ երկրորդը։ Այսուհանդերձ պէտք է նկատի ունենալ այն փաստը, որ 1821–1833 թուականներուն Էջմիածնի տպարանը չէր գործեր[11], մինչդեռ շնորհիւ Պազելի բողոքական քարոզիչներուն՝ Շուշիի մէջ զարկ տրուած էր հրատարակչական բացառիկ գործունէութեան մը, որ անտարակոյս պատիւ կը բերէ անոնց։ Այս առնչութեամբ ականաւոր պատմաբան Լէօ կ’անդրադառնայ՝ ընդգծելով հետեւեալ իրողութիւնը, թէ «Միայն այս տպարանը, ինքնըստինքեան, մի գեղեցիկ երեւոյթ էր Շուշու խաւար իրականութեան մէջ, որին կարող էր նախանձել նոյնիսկ Էջմիածինը իր անկատար տպարանով»[12]։ Եւ ի զուր չէ, որ երբ Պազելի բողոքական քարոզիչներուն տպարանը կը փակուի, անոր տպագրական սարքաւորումներն ու մամուլը գնելու դիմումով Էջմիածինը կը հանդիսանայ առաջին հետաքրքրուողներէն մէկը։
Շուշիի բողոքական քարոզիչներուն տպարանին կրթական-մշակութային դերը չէր սպառեր գիրքերու հրատարակութեամբ։ Ան միաժամանակ կը կազմակերպէր նաեւ գիրքերու առաքումը Հայաստանի այլ շրջաններն ու հայկական զանազան գաղութները։ Վկայութիւն կայ, որ բացի Մոսկուա, Սանկտ-Պետերբուրգ, հաւանաբար նաեւ Դորպատի համալսարան ու հայաշատ այլ կեդրոններ ուղարկուելէ բացի, անոնք հասած են մինչեւ Էրզրում, Թաւրիզ, Սպահան, Պաղտատ, ուրկէ ալ նոյնիսկ՝ հեռաւոր Հնդկաստան: 1840-ի Մոսկուայի Բ. հրատարակութենէն ետք, 1841-ին Կալկաթայի մէջ վերստին կը տպագրուի «Մեղքի մեծանալոյն եւ զօրանալոյն համար» գրքոյկը, որուն անուանաթերթին վրայ կը կարդանք՝ «Առաջին անգամ տպեալ յամի Տեառն 1833 ի Շուշի»։
Հակառակ այն փաստին, որ Շուշիի մէջ գործող Պազելի միսիոնարները ստիպուեցան լքելու իրենց առաքելութիւնը եւ չկրցան հասնիլ իրենց առաջադրած բուն նպատակին, այնուամենայնիւ անոնց անձնազոհ աշխատանքը Արցախի, մասնաւորաբար Շուշիի հայութեան համար եղաւ արգասաբեր՝ տալով մշակութային իմաստով իր ազգօգուտ պտուղները։
11 մարտ 1836 թուականին, Ռուսական Կայսրութեան կողմէ հաստատուած «Յաղագս կառավարութեան գործոց Լուսաւորչական Հայոց Եկեղեցւոյ ի Ռուսաստան» յատուկ կանոնադրութեամբ, յայտնի՝ «Փոլոժենիէ» անունով, կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Հայ Եկեղեցին կը բաժնուի 6 թեմերու` Նոր Նախիջեւանի, Աստրախանի, Վրաստանի, Շիրվանի, Երեւանի եւ Ղարաբաղի[13]։ 1 յուլիս 1837-ին, ռուսական կայսերական հրամանով թեմի առաջնորդ կը նշանակուի Բաղդասար մետրոպոլիտ Հասան-Ջալալեանցը, իսկ Շուշին կը դառնայ Ղարաբաղի թեմի առաջնորդանիստ կեդրոն[14]։
Բաղդասար մետրոպոլիտ Հասան-Ջալալեանցը, որ կը հետեւէր Պազելի միսիոնարներու առաքելութեան հետ պատահած իրադարձութիւններուն, գիտակցելով տպագրութեան կարեւորութեան Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ժողովրդական կրթութեան համար, ջանք չի խնայեր ըլլալու առաջինը՝ իսկոյն գնելու անոնց տպարանը։ Մինչ այդ, Էջմիածնէն Սինոտին անունով Յովհաննէս վրդ. Շահխաթունեանցը գրաւոր կը դիմէ Բաղդասար մետրոպոլիտ Հասան-Ջալալեանցին, ինչպէս վերը նշուեցաւ, հետաքրքրութիւն ցոյց տալով տպարանը գնելու եւ տպագրական մամուլը Էջմիածին փոխադրելու վերաբերեալ։ Մետրոպոլիտը իր պատասխան նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ տպարանը արդէն 1219 մանեթով ինք գնած է, որուն 480 մանեթը հաւաքած է տեղի բնակիչներէն, իսկ մնացած 739 մանեթը ապահոված է մուծելի երկարաժամկէտ վարկի մը միջոցաւ[15]։
1837 թուականին, այս տպարանին մէջ արտադրուած առաջին գիրքը Լորտ Պայրընի նշանաւոր «Շիլլոնի Կալանաւորը» (The Prisoner of Chillon) գործն էր, զոր թարգմանած էր այդ ժամանակ ռուսական բանակին մէջ ծառայող արցախցի Մովսէս Զոհրապեանը[16]։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1854 թուականը՝ Բաղդասար մետրոպոլիտ Հասան-Ջալալեանցի վախճանը, իր անձնական վերահսկողութեան ներքոյ կը տպագրուին աւելի քան տասնեակ մը գիրքեր՝ ընդհանրապէս կրօնական բովանդակութեամբ։ Երբ 1844-ին պետական գրաքննութիւնը աւելի կը խստանայ եւ նահանգապետը դիմելով մետրոպոլիտին տպարանին գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը պահանջէ, ան 1847-ին անոր կը յայտնէ, թէ տպարանը կը գտնուի իր անմիջական հսկողութեան ներքոյ եւ կրօնական գիրքեր կը տպագրէ Էջմիածնի Սինոտին հրահանգով[17]։
Այսպէս, Պազելի միսիոնարներուն կողմէ սկսած աշխատանքը, թէկուզ իրենց բացակայութեան, կը յարատեւէ Շուշիի մէջ՝ ընթացք տալով մեծ թիւով բարձրորակ գրականութեան հրատարակութեան, որ իր անգնահատելի ներդրումը կը բերէ հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան եւ կրթութեան բնագաւառէն ներս՝ մինչեւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերուն հաստատումը 1920-ին:
Այս մեծ ներդրումէն բացի, Պազելի միսիոնարներուն ամենանշանակալից ձեռքբերումը այն էր, որ անոնք նախաձեռնողները հանդիսացան մեծաւ մասամբ անգլերէնէ կամ գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանելու գրականութիւն մը, նաեւ յօրինելու նորը՝ երկրին ժողովրդական կամ խօսակցական լեզուով։ Հաղորդակցութեան հասկնալի լեզու մը, որ ժողովուրդինն էր եւ որ այնուհետեւ դարձաւ գրական լեզու՝ գրական արեւելահայերէն անունով[18]։
Այս երեւոյթը հայ գրողներուն համար դարձաւ բարենպաստ շարժառիթ մը յօրինելու իրենց ստեղծագործութիւնները այս լեզուով, որ մատչելի էր ժողովուրդին: Մինչ այդմ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտը՝ գրաբարը,– որքան ալ ան ցայսօր կը թուի հարուստ եւ գեղեցիկ ըլլալ,– վերապահուած էր հիմնականօրէն հոգեւորականներուն։ Կարելի է ըսել, որ լեզուական, գրաւոր հաղորդակցութեան այս արգելքը վերջապէս յաղթահարուեցաւ եւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ ծագիլ սկսաւ հայ գրականութեան նոր դարաշրջանի մը արշալոյսը։
Այս ժամանակահատուածը մեզի կը ներկայացնէ գրական-ստեղծագործական եւ հրատարակչական շատ հետաքրքրական պատկեր մը, պիտի ըսէի՝ մշակութային երեք կարեւոր կեդրոններու գործակցութեան արգասաբեր եռանկիւն մը՝ Շուշիի բողոքական քարոզիչներու տան, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին եւ Դորպատի համալսարանին միջեւ։ Շուշիի մէջ հրատարակուած վերոյիշեալ 29 անուն հայերէն գիրքերէն 12-ը աշխարհաբար են, իսկ յաւելեալ 3 անուն գիրք՝ գրաբար եւ աշխարհաբար միաժամանակ։
Միսիոնարներուն կողմէ Մոսկուայի մէջ հրատարակուած, ապա եւ վերահրատարակուած են 8 անուն գիրքեր, որոնցմէ գրաբար է արդէն մեզի ծանօթ 1831-ին տպագրուած Մատթէոսի աւետարանին ձախ սիւնակը, մինչդեռ աջ սիւնակը ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ անոր արեւելահայերէն թարգմանութիւնը։ Նմանապէս երկսիւնակ՝ գրաբար եւ դիմացը արեւելահայերէն թարգմանութեամբ է 1834-ին տպագրուած «Նոր Կտակարան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» վերնագրով աւետարանը՝ կազմուած 1278 էջերէ։ Այլապէս մնացեալ բոլոր 6 հրատարակութիւնները առանց բացառութեան արեւելահայերէն են։ Ահաւասիկ անոնց խորագրերը.
- «Երեք Խօսակցութիւնք մին քահանայի, մին աշխարհական մարդոյ հետն։ Փրկութեան Ճանապարհի համար, Ա. տպ., Մոսկով, 1830, Բ. տպ., Մոսկով, 1840»։
- «Աւետարանի զօրութիւն կամ մին արաբ ծառայի պատմութիւն, Ա. տպ., Մոսկով,
1830, Բ. տպ., Մոսկով, 1840»։
- «Համառօտ քննութիւն քրիստոնէական հաւատոց եւ մահմետական կրօնի, Ա. տպ., Մոսկով, 1831»։
- «Մեղքի մեծանալոյն եւ զօրանալոյն համար, Բ. տպ., Մոսկով, 1840, Գ. տպ., Կալկաթա
1841»։
- «Կարճառօտ աղօթքներ շաբաթի ամէն մէկ օրին համար, Բ. տպ., Մոսկով, 1840»։
- «Տասն եւ վեց կարճառօտ քարոզներ, Գ. տպ., Մոսկով, 1840»։
Հայաստանի խորհրդային շրջանի գրականութեան պատմութիւնը, բնականաբար, իր քաղաքական ուղղութեան պատուաբեր պիտի չհամարէր աշխարհաբար լեզուի եւ գրականութեան ծաղկումին սկիզբ նկատել վաստակը օտարերկրեայ քարոզիչներու։ Հետեւաբար այդ ձեռքբերումը ամբողջութեամբ վերագրուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի, որ միայն 1841-ին կը հրատարակէ իր նշանաւոր «Վէրք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի» վէպը։ Մինչդեռ Պազելի միսիոնարները Շուշիի եւ Մոսկուայի մէջ իրենց հրատարակած աւելի քան տասնեակ մը թարգմանութիւններով, գիրքերով, գրքոյկներով, աւետարաններով, բառարաններով, դասագիրքերով, այբբենարաններով, թերթօններով եւ թերթիկներով արդէն 14 տարի առաջ եւ հետագային անկիւնաքարը դրին մշակոյթի գրական այն տաճարին, որ արեւելահայ գրականութիւն կը կոչուի[19]։
Ի դէպ, պէտք չէ մոռնալ, որ Աբովեան 1830–1836 ուսանած է Դորպատի համալսարանին մէջ եւ բոլորովին անհաւանական չէ, որ թերեւս ան հոն ալ ծանօթացած է Շուշիի մէջ հրատարակուած այս կամ այն հատորին հետ, որմէ,– զուտ լեզուական իմաստով,– ներշնչուելով՝ հետագային գրած է իր «Վէրք Հայաստանի»-ն։ Ծանօթ է, որ ան իր այս վէպը ստեղծագործեց իր մայրենի՝ Քանաքեռի բարբառով, որ եւ իսկութեան մէջ Արարատեան դաշտավայրի բարբառներէն մէկն էր։ Սոյնը հետզհետէ ունեցաւ իր զարգացման շրջանը ու դարձաւ լեզուն գրական արեւելահայերէնի։
Վերոգրեալէն բացի, նկատառման արժանի է այլ համոզիչ փաստ մը, որ Աբովեան ուսումը աւարտելէ եւ Դորպատէն հեռանալէ ետք, 1837 թուականին կը ստանձնէ Թիֆլիսի գաւառական դպրոցի տեսուչի պաշտօնը, որ կը վարէ մինչեւ 1843 թուականը[20]։ Այս առնչութեամբ Պազելի բողոքական քարոզիչներու պատմութիւնը բազմիցս կը վկայէ, որ անոնք Շուշիի մէջ իրենց ծաւալած քարոզչական գործունէութեան սկիզբէն իսկ, նաեւ հետագային, սերտ կապեր հաստատած էին վիրահայոց թեմի եւ անոր պատկառազդու առաջնորդ Ներսէս արք. Աշտարակեցիին հետ, որմէ միաժամանակ 1828‒1830 թուականներուն ընթացքին կը ստանային ցարական Ռուսիոյ գրաքննչական օրէնքով պահանջուած հրատարակելի գիրքեր տպագրելու արտօնութիւնը68։ Եթէ երբեք կար միջավայր մը, ուր Շուշիէն դուրս Պազելի բողոքական քարոզիչներուն հրատարակութիւնները իսկոյն կը շրջանառուէին, ապա ան արդարեւ հայահոծ Թիֆլիսն էր՝ հայկական ազգային կառոյցներով, թեմական կեդրոնով, Ներսիսեան վարժարանով ու գաւառական դպրոցներով։ Հետեւաբար Աբովեան պէտք էր, որ Թիֆլիսի մէջ,‒ ուր գրած էր իր վերոյիշեալ վէպը,‒ իր տրամադրութեան տակ ունեցած ըլլար 1828 թուականէն սկսեալ Շուշիի մէջ արեւելահայերէնով տպագրուած գիրքերէն առնուազն որոշակի օրինակներ։ Ի վերջոյ, Բողոքական Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս Պազելի Աւետարանական Քարոզչական Ընկերութեան սկզբունքային կարեւոր գործառոյթներէն մին էր տարածել Աստուծոյ խօսքը այն լեզուներով, որոնցմով կը հաղորդակցէին ժողովուրդին լայն խաւերը։
Բաց աստի, Խաչատուր Աբովեան Դորպատի մէջ կարդացած էր եւրոպական գրականութիւն մը՝ ռուսերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, որ բնականաբար մատչելի էր այդ լեզուներով խօսող գրաճանաչ ազգերուն, մինչդեռ ինչո՞ւ համար հայը զուրկ պիտի ըլլար համարժէք հնարաւորութիւն մը ունենալէ՝ մնալով երկփեղկուած իր առօրեայ խօսակցականին եւ գրականին միջեւ։
Պազելի բողոքական քարոզիչներու ծաւալուն տեղեկագրութիւններուն մէջ, որոնք գերմաներէնով հրատարակուած են, Պազելի Աւետարանական Քարոզչական Ընկերութեան ամսագրերուն, նաեւ Շուշիէն եւ Անդրկովկասի այլ վայրերէն Պազել յղուած իրենց բազմաթիւ նամակներուն եւ օրագրութիւններուն մէջ երբեք աւանդուած կամ յիշատակուած չեն «ազերի» կամ «Ազըրպէյճան» անունները։ Այլ՝ խօսքը յստակ ու մեկին միշտ եղած է թուրք-թաթարներու կամ թաթարթուրքերու մասին։
Անդրադառնալով Շուշիին՝ ան 1824-էն սկսեալ ապրեցաւ մշակութային զարթօնք մը, ապա դարձաւ ժողովրդական կրթութեան եւ լուսաւորութեան փարոս մը՝ լուսաւորելով Անդրկովկասի մէջ իր շուրջբոլորը գտնուղ հայաշատ շրջանները։ 1837 թուականին Շուշին հռչակուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդանիստ հոգեւոր կեդրոն։
Համաձայն Էջմիածնի Սինոտին հրամանով 1837 թուականին կազմուած «Հայ եկեղեցու վիճակագրութիւնը Կովկասում» օրագրութեան տուեալներուն՝ Արցախի թեմին մէջ ընդգրկուած էին «3 վանք, 53 եկեղեցի, 32 ժամատուն, 1 եպիսկոպոս, 6 վարդապետ, 2 աբեղայ, 117 աւագ քահանայ եւ քահանայ, 10 սարկաւագ, 98 դպիր, 6 միանձնուհի եւ 3 դպրոց»[21]: Իսկ ըստ 1840 թուականին կազմուած վիճակագրութեան տուեալներուն՝ այնտեղ մասնաւորապէս ներառուած էին երեք քաղաքներ` Շուշի, Նուխի, Լենքորան, եւ 156 գիւղ, որոնք բոլորը միասին ունէին 7167 տուն հայ ազգաբնակչութիւն[22]: Եթէ նկատի ունենանք այս թիւը ու զայն իւրաքանչիւր տան գլուխ բազմապատկենք 4 անդամներու նուազագոյն թիւով, ապա կը ստացուի 28.668 հազար հաշուող հայազարմ ազգաբնակչութիւն մը, որուն հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն էր Շուշին։ Շուշին երբեք ու երբեք չէ եղած «տժգոյն» քաղաք մը, այլ հանդիսացած է քաղաքակրթութեան եզակի օրրան մը՝ ի բնէ ունենալով աշխարհագրական կարեւորագոյն դիրք մը՝ Ռուսիա-Անդրկովկաս-ԹուրքիաԻրան իրարու կամրջող վարչական, տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային զարգացման խաչմերուկներով։
Պազելի բողոքական քարոզիչներուն
Շուշիի եւ Մոսկուայի մէջ հրատարակած գիրքերուն ցանկը
1828–1835 թուականներուն[23]
- Eine Sammlung von Stellen aus dem Koran, zur Widerlegung des Islams (Ղուրանից հատուածներու հաւաքածոյ՝ Իսլամը հերքելու համար), 1828, 14 էջ, արաբերէն։ (Դժբխտաբար, գիրքէն օրինակներ պահպանուած չեն, ուստի կարելի չեղաւ նաեւ ճշդել անոր հրատարակութեան վայրը։ Այնուամենայնիւ, կարելի է ենթադրել, որ այս հրատարակութիւնը կատարուած է Մոսկուայի մէջ)։
- Լեռան Քարոզը, Շուշի, 1828, 15 էջ, աշխարհաբար, տպաքանակը՝ 50 օրինակ։
- Առաջին Կանոն սաղմոսի, Շուշի, 1828, գրաբար, Ա. Տպագրութիւն, տպաքանակը՝ 300 օրինակ։
- Պատմութիւն Սուրբ Գրոց։ Արարեալ համառօտ հարցմամբք եւ պատասխանեօք, յաղագս դեռահասակ մանկանց/ Թարգմանեալ ի Ռուս լեզուէ ի պ[ա]ր[ո]ն Յարութիւնէ Դաւթեան Ջուղայեցւոյ, Շուշի, 1828, 44 էջ, թարգ. գրաբար, Բ. տպ., 500 օրինակ։ (Այս գիրքին Ա. Հրատարակութիւնը եղած է Ս. Պետերբուրգի մէջ 1875 թուականին, 68 էջ)։
- Համառօտ տարրական քերականութիւն գրաւոր լեզուի, Շուշի, 1828, 700 օրինակ, էջերուն քանակը՝ անհայտ։
- Համառօտութիւն հայկական քերականութեան/ Աշխատասիրութեամբ Տ[եառ]ն Պօղոսի գերիմաստ վարդապետի Ներսիսեան Ղարատաղցւոյ՝ ի միաբանութենէ սրբոյ Ստաթէի, Շուշի, 1829, 2 չհ., 130 էջ, գրաբար, տպաքանակը՝ 400 օրինակ։
- Հաւաքումն աստուածային վկայութեանց յաղագս ամ[ենայն] ուսմանց քրիստոնէական հաւատոց. ժողովեալ ի ս[ուր]բ գրոց, եւ յօրինեալ ըս[տ] կարգին հրահանգի քրիստոնէական վարդապետու[թ]ե[ան], որ տպեցաւ ի Տփխիս յամի 1825, Շուշի, 1829, 184 էջ, գրաբար եւ աշխարհաբար, Բ. տպագրութիւն, տպաքանակը՝ 2000 օրինակ։ (Պէտք է ենթադրել, որ սոյն գիրքին 1825-ի հրատարակութիւնը եղած է միայն գրաբար, իսկ 1829-ի Բ. հրատարակութեան մէջ յաւելեալ աշխարհաբար սիւնակը կատարուած է Պազելի քարոզիչներուն կողմէ)։
- Ընթերցուածք ի Սուրբ Գրոց Հին Կտակարանի: Հաւաքեալ ի պէտս վարժարանաց, Շուշի, 1829, 218 էջ, գրաբար, տպաքանակը՝ 700 օրինակ։
- Համառօտ բառ գիրք ի գրաբառէ յաշխարհաբառն: Ի պէտս համբակաց/ Աշխատասիրութ[եամ]բ Տեառն Յովսէփայ Արցախեցւոյ գերիմաստ վարդապետի ի միաբանութենէ վանիցն Սրբոյն Յակոբայ, Շուշի, 1830, 398 էջ, տպաքանակը՝ 2000 օրինակ։
- Երեք խօսակցութիւնք մին քահանայի, մին աշխարհական մարդոյ հետն։ Փրկութեան Ճանապարհի համար, Մոսկով, 1830, 54 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 4000 օրինակ։
- Աւետարանի զօրութիւն կամ մին արաբ ծառայի պատմութիւն, որ Քրիստոսի հաւատովն երանելի էլաւ, Մոսկով, 1830, 47 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 5000 օրինակ։
- Սուրբ Աւետարան Ըստ Մատթէոսի։ Ըստ հարազատ նախնի թարգմանութեան։ Հանդերձ հաւատարիմ բացայայտութեամբ ի հասարակաց լեզուի, Մոսկով, 1831, 158 էջ, երկսիւնակ՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, Ա. տպ., 1200 օրինակ։
- Համառօտ քննութիւն Քրիստոնէական հաւատոց եւ մահմետական կրօնի: Յաշխարհաբառ լեզու շարադրեալ յումեմնէ հոգեսիրէ ի պէտս պարզամտաց, Մոսկով, 1831, 271 էջ, թարգ. Աշխարհաբար, Ա. տպ., 2000 օրինակ։
- Տետրակ այբուբենական, Շուշի, 1832, 32 էջ, Ա. տպ., 1200 օրինակ։
- Առաջին կանոն սաղմոսի: Շուշի, 1832, 38 էջ, գրաբար, Բ. տպ., 1500 օրինակ։
- Ժամանակի վերջն, Շուշի, 1832, 45 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Շատ հարկաւոր հարցմունքներ ամէն մարդոյ համար, Շուշի, 1832, 42 էջ, թարգ. Աշխարհաբար, Ա. տպ., 2000 օրինակ։
- Կարճառօտ աղօթքներ շաբաթի ամէն մէկ օրին համար, Շուշի, 1832, 74 էջ, թարգ. Աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Պատմութիւն Սուրբ Գրոց։ Արարեալ համառօտ հարցմամբք եւ պատասխանեօք, յաղագս դեռահասակ մանկանց/ Թարգմանեալ ի Ռուս լեզուէ ի պ[ա]ր[ո]ն Յարութիւնէ Դաւթեան Ջուղայեցւոյ: Առաջին անգամ տպեալ յամի 1828, Շուշի, 1832, 40 էջ, թարգ. գրաբար, Գ. տպ., 1500 օրինակ։
- Տետրակ այբուբենական, Շուշի, 1833, 32 էջ, Բ. տպ., 1000 օրինակ։
- Մեղքի մեծանալոյն եւ զօրանալոյն համար, Շուշի, 1833, 26 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ.,
1500 օրինակ։
- Տասն եւ վեց կարճառօտ քարոզներ, Շուշի, 1832, 68 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Աւետարանի ճշմարտութեան եւ զօրութեան համար, Շուշի, 1833, 31 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Մեղքն խաղ անելոյ բան չէ: Թարգմանութիւն, Շուշի, 1833, 14 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Յորդորմունք սուտ ասօղ մարդկանց համար, Շուշի, 1833, 26 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Քարոզ Աւագ Ուրբաթ օրին համար: Մեր Փրկիչ Յիսուսի Քրիստոսի Չարչարանաց եւ Մահուան վերայ, Շուշի, 1833, 32 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Վարդապետութիւն Քրիստոսի Խաչին համար, Շուշի, 1833, 57 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Ա. տպ., 1500 օրինակ։
- Սիրտ մարդոյ որ է տաճար Աստուծոյ կամ գործարան սատանայի: Տասն պատկերներով առաջի դրած: Որ ամէն մարդ հեշտ իմանայ եւ միտք առնելով Քրիստոնէական կեանքին հետեւելոյ համար ջանք անէ, Շուշի, 1833, 44 էջ, թարգ. աշխարհաբար, տպ., 1000 օրինակ։
- Ճանապարհացոյց առ բարեպաշտ կեանս, որ հիմնեալ է ի կանոնս Քրիստոնէու[թ]ե[ան], Շուշի, 1833, 152 էջ, թարգ. գրաբար, Ա. տպ., 2000 օրինակ։
- Սրբոյն Կիւրղի Երուսաղէմացւոյ հայրապետի ճառ վասն տասն հրամանեան հաւատոյ: Առեալ ի մատենէ Կոչումն ընծայութեան կոչեցելոյ: Վերստին տպագրեալ, Շուշի, 1833, 46 էջ, գրաբար, վերահրատարակութիւն, 750 օրինակ։
- Քերականութիւն հայկազեան լեզուի: Եւ այժմ նորոգ համառօտեալ աշխատասիրու[թեամ]բ նորին առ ի դիւրու[թ]ի[ւն] ուսանողաց/ Յօրինեալ ի Հայր Միքայէլ Վարդապետէ Չամչեանց: Տպագրեալ ի Վենետիկ յամի տեառն 1801։ Վերստին տպագրեալ, Շուշի, 1833, 328 էջ, գրաբար, Բ. տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւին չունինք)։
- Նոր Կտակարան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի: Ըստ Հարազատ Նախնի Թարգմանութեան։ Հանդերձ հաւատարիմ բացայայտութեամբ ի հասարակաց լեզուի, Մոսկով, 1834, 1278 էջ, երկսիւնակ՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, Ա. տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւին չունինք)։
- Տետրակ այբուբենական: Շուշի, 1835, 32 էջ, Գ. տպ., 1200 օրինակ։
- Առաջին կանոն սաղմոսի: Շուշի, 1835, գրաբար, էջերուն քանակը՝ անյայտ, Գ. տպ., 1200 օրինակ։
- Պատմութիւն Սուրբ Գրոց։ Արարեալ համառօտ հարցմամբք եւ պատասխանեօք, յաղագս դեռահասակ մանկանց/ Թարգմանեալ ի Ռուս լեզուէ ի պարոն Յարութիւնէ Դաւթեան Ջուղայեցւոյ, Շուշի, 1835, 44 էջ, թարգ. գրաբար, Դ. տպ., 1200 օրինակ։
- Կարլ Գոթլիբ Պֆանդեր, Միզան Ուլ Հաքք (Կշիռք Ճշմարտութեան), Շուշի, 1835, 276 էջ, պարսկերէն, Ա. տպ., 1000 օրինակ։
- Ֆելիսեան Ֆոն Զարեմբա, Կոչ ուղղուած մահմետականներուն, Շուշի, 1835, թաթար–թրքերէն եւ պարսկերէն, Ա. տպ., 500 օրինակ։
- Նոր Կտակարան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի։ Առաջին անգամ տպեալ առանց քնարների վկայութիւններով, ի տպագրատան հայկական ճեմարանի Տեարց Լազարեանց, 1834, ի Մոսկով, ՌՄՁԳ։ Նոյնն վերստին տպեալ համեմատութեամբ ընտիր օրինակաց հանդերձ լուսանցի վկայութիւններովն, Կալկաթա, 1939, 462 էջ, Բ., տպ., երկսիւնակ՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, (տպաքանակի մասին տեղեկութիւին չունինք)։
- Տասն եւ վեց կարճառօտ քարոզներ, Կալկաթա, 1839, 56 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Բ. տպ., 1500 օրինակ, (տպաքանակին մասին տեղեկութիւն չունինք)։
- Ժամանակի վերջն, Շուշի, 1840, 33 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Բ. տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւն չունինք)։
- Շատ հարկաւոր հարցմունքներ ամէն մարդոյ համար, Մոսկով, 1840, 34 էջ, թարգ. Աշխարհաբար, Բ., տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւն չունինք)։
- Երեք Խօսակցութիւնք մին քահանայի, մին աշխարհական մարդոյ հետն։ Փրկութեան Ճանապարհի համար, Մոսկով, 1830, 54 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Բ. տպ., Մոսկով, 1840։
- Մեղքի մեծանալոյն եւ զօրանալոյն համար, Մոսկով, 1840, 24 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Բ. տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւն չունինք)։
- Աւետարանի զօրութիւն կամ մին արաբ ծառայի պատմութիւն, որ Քրիստոսի հաւատովն երանելի էլաւ, Մոսկով, 1840, 45 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Բ. տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւն չունինք)։
- Կարճառօտ աղօթքներ շաբաթի ամէն մէկ օրին համար, Մոսկով, 1840, 58 էջ, թարգ. Աշխարհաբար, Բ. տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւն չունինք)։
- Տասն եւ վեց կարճառօտ քարոզներ, Մոսկով, 1840, 60 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Գ. տպ., 1500 օրինակ։
- Մեղքի մեծանալոյն եւ զօրանալոյն համար, Կալկաթա, 1841, 28 էջ, թարգ. աշխարհաբար, Գ.
տպ., (տպաքանակին մասին տեղեկութիւն չունինք)։
Պազելի բողոքական քարոզիչներ՝ Կովկասի առաքելական ծառայութեան մէջ72 | |||
Ազգանուն-անուն | Ծննդեան եւ մահուան թթ. | Ծննդավայր | Ծառայութիւն Կովկասի մէջ |
Պենց, Հայնրիխ | 1799‒1823 | Թուրգաու | 1822‒1823 |
Քուրֆես, Եոհան Կոթլիպ | 1797‒1822 | Վիւրթնբերգ | 1822 |
Տիթրիխ, Աուկուստ Հայնրիխ | 1797‒1855 | Սաքսոնիա | 1821‒1830 |
Հաաս, Քրիստոֆ Ֆրիտրիխ | 1801‒1882 | Վիւրթնբերգ | 1825‒1837 |
Հեկըլէ, Կոթլիպ | 1804‒1864 | Վիւրթնբերգ | 1831‒1838 |
Հոհենաքեր, Ռուտոլֆ Ֆրիտրիխ | 1798‒1874 | Ցիւրիխ | 1822‒1838 |
Հէօրնլէ, Քրիսթիան Կոթլիպ | 1804‒1881 | Վիւրթնբերգ | 1832‒1837 |
Եուտթ, Եոհան Քրիսթիան Ֆրիտրիխ | 1806‒1885 | Վիւրթնբերգ | 1829‒1838 |
Քէօնլայն, Եոհաննէս Ֆիլիփ | 1807‒1837 | Ֆրանքֆուրթ | 1835‒1836 |
Քէօնիկ, Քարլ Լուտվիկ | 1790‒1862 | Արգաու | 1825‒1838 |
Քրայս, Ֆրիտրիխ Աուկուսթ | 1810‒1856 | Բրուսիա | 1833‒1838 |
Լանկ, Եաքոպ Եոհան | 1797‒1869 | Շաֆհաուզեն | 1821‒1839 |
Փֆանտեր, Քարլ Կոթլիպ | 1803‒1865 | Վիւրթնբերգ | 1825‒1838 |
Շնայտեր, Ֆրիտրիխ Էդուարդ | 1805‒1879 | Սաքսոնիա | 1833‒1837 |
Շպրոնբերգ, Ֆրիտրիխ | 1807‒1885 | Բրուսիա | 1831‒1837 |
Վէօր, Կոթլիպ | 1797‒1830 | Վիւրթնբերգ | 1825‒1830 |
Վոլթերս, Եոհան Թէոտոր | 1805‒1882 | Վեստֆալիա | 1832‒1837 |
Վիւրթներ, Եաքոպ | 1805‒1884 | Վիւրթնբերգ | 1833‒1837 |
Զարեմպա, Ֆելիսիան | 1794‒1874 | Լեհաստան | 1821‒1838 |
72 Տե՛ս Waldburger A., Missionare und Moslems. Die Basler Mission in Persien 1833‒1837, Basel, 1984, 197.
Պազելի աւետարանական քարոզիչներուն
Շուշիի մէջ հրատարակած գիրքերէն տիտղոսաթերթերու մի քանի օրինակներ
Պատմութիւն Սուրբ Գրոց։ Արարեալ համառօտ հարցմամբք եւ պատասխանեօք, յաղագս դեռահասակ մանկանց/
Թարգմանեալ ի Ռուս լեզուէ ի պ[ա]ր[ո]ն Յարութիւնէ Դաւթեան Ջուղայեցւոյ, Շուշի,
Հաւաքումն աստուածային վկայութեանց յաղագս ամ[ենայն] ուսմանց քրիստոնէական հաւատոց. ժողովեալ ի ս[ուր]բ գրոց, եւ յօրինեալ ըս[տ] կարգին հրահանգի քրիստոնէական վարդապետու[թ]ե[ան], որ տպեցաւ ի Տփխիս յամի 1825, Շուշի, 1829
Սուրբ Աւետարան Ըստ Մատթէոսի։ Ըստ հարազատ նախնի թարգմանութեան։
Հանդերձ հաւատարիմ բացայայտութեամբ ի հասարակաց լեզուի, Մոսկով, 1831
Նոր
Նոր Կտակարան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի: Ըստ հարազատ նախնի թարգմանութեան։ Հանդերձ հաւատարիմ բացայայտութեամբ ի հասարակաց լեզուի Մոսկով, 1834
[1] Տե՛ս Լէօ, Պատմութիւն Ղարաբաղի Հայոց Թեմական Հոգեւոր Դպրոցի 1838‒1913, անդ, էջ 86‒87։
[2] Նոյնը։
[3] Տե՛ս Լէօ, անդ, էջ 87։
[4] Այս երկու արդիւնական վարդապետներուն մասին տե՛ս Լէօ, անդ, էջ 84‒85։ Կարապետյան Բ., Շուշի Բերդաքաղաքը, անդ, 166‒167։ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան [ՀՍՀ], 6, Երեւան, 1980, էջ 579։ Նաեւ ՀՍՀ, 7, Երեւան,
[5] , էջ 28։
[6] Magasin für die neueste Geschichte der evangelischen Missions- und Bibelgesellschaften, 1827, 394։
[7] Տե՛ս Լէօ, Պատմութիւն Ղարաբաղի Հայոց Թեմական Հոգեւոր Դպրոցի 1838‒1913, անդ, էջ 84‒98։ 54 Հմմտ. Անդ, էջ 91։
[8] Տե՛ս Magasin für die neueste Geschichte der evangelischen Missions- und Bibelgesellschaften, 1828, 420-421; Gazer, Studien, a.a.O., 21։
[9] Անդ, էջ 27։ Schlatter W., Geschichte der Basler Mission, 1815‒1915, a.a.O., 102‒103։
[10] Տե՛ս սոյն յօդուածի վերջաւորութեան Պազելի բողոքական քարոզիչներուն կողմէ տպագրուած գիրքերուն ցանկը։
Նաեւ Լէօ, Պատմութիւն Ղարաբաղի Հայոց Թեմական Հոգեւոր Դպրոցի 1838‒1913, անդ, էջ 93։
[11] Տե՛ս Magasin für die neueste Geschichte der evangelischen Missions- und Bibelgesellschaften, 1831, 463։
[12] Հմմտ. նաեւ Լէօ, Պատմութիւն Ղարաբաղի Հայոց Թեմական Հոգեւոր Դպրոցի 1838‒1913, անդ, էջ 93։
[13] Տե՛ս Abrahamian A., Die Grundlagen des armenischen Kirchenrechts, Zürich, 1917, 37‒40, 96‒109; Օրմանեան Մ., Ազգապատում, Գ, Երուսաղէմ, 1927, էջ 3684‒3701։ Լէօ, Պատմութիւն Ղարաբաղի Հայոց Թեմական Հոգեւոր Դպրոցի 1838‒ 1913, անդ, էջ 97‒98։ Հայոց Պատմություն, Գ, գիրք Ա, Նոր ժամանակաշրջան, (XVII դար երկրորդ կես – XIX դարի վերջ), Երեւան, 2020, էջ 268‒271։
[14] Տե՛ս Բալայեան Մ., Շուշիի վերածումը Ղարաբաղի հոգեւոր կենտրոնի, Արցախի Պետական Համալսարան, Հայագիտական ուսումնասիրություններ, 7, 2016, էջ 22։
[15] Տե՛ս Լէօ, Պատմութիւն Ղարաբաղի Հայոց Թեմական Հոգեւոր Դպրոցի 1838‒1913, անդ, էջ 121‒122։
[16] Պատմաբան Լէօն Լորտ Պայրընի յայտնի բանաստեղծութիւնը սխալմամբ վերագրած է Շիլլերին։ Տե՛ս անդ, էջ 124։
[17] Անդ, էջ 126‒127։
[18] Տես անդ, էջ 92։ Լեւոնյան Գ., Հայ գիրքը և տպագրության արվեստը։ Պատմական տեսություն սկզբից մինչև XX դարը, Երեւան, 1946, 231։
[19] Հարկ է նշել, որ արդէն ԺԷ. դարուն փորձեր կատարուած էին Մարսիլիոյ եւ Վենետիկի մէջ հայերէն աշխարհաբար լեզուով գիրքերու տպագրութեան։ Հայերէն աշխարհաբար առաջին գիրքը կը տպագրուի, ինչպէս նշուեցաւ, Մարսիլիոյ մէջ «Արհեստ համարողութեան» խորագրով՝ 1675 թուականին, որ թուաբանական-հաշուապահական ձեռնարկ մըն է հայ վաճառականներու համար։ Ապա Վենետիկի մէջ 1687 թուականին կը տպագրուի «Պարզաբանութիւն հոգենուագ սաղմոսացն Դաւթի մարգարէին» խորագրով գիրքը, որ մեկնողական աշխատասիրութիւն մըն է, իսկ 1727-ին Մխիթար Աբբահայր Վենետիկի մէջ կը հրատարակէ «Դուռն քերականութեան աշխարհաբառ լեգուին հայոց» գիրքը, որ տաճկախօս հայոց աշխարհաբար սորվեցնելու ձեռնարկ մըն է։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ այս ժամանակաշրջանին տակաւին աւանդաբար նախապատւութիւնը գրաբարին կը տրուէր, այսուամենայնիւ փորձեր կը կատարուէին նաեւ այս կամ այն բարբառը, խօսակցական աշխարհաբարի արարատեան «ում» ճիւղին եւ պոլսական «կը» ճիւղին պատկանող տարբերակները գրականութեան ու դպրոցի լեզու դարձնելու ուղղութեամբ, թէպէտ տակաւին չէր ստեղծուած այդ միասնական աշխարհաբարը։
[20] Տե՛ս Խ. Աբովեանի Դորպատի մէջ համալսարանական ուսման, ապա անոր ուսուցչական գործունէութեան վերաբերեալ գնահատելի հետեւեալ աշխատութիւնը. Mamiero A., Umkämpfter Weg zur Bildung. Armenische Studierende in Deutscheland und der Schweiz von der Mitte des 19. Bis Anfang des 20. Jahrhunderts, Göttingen, 2020, 71‒85. 68 Տե՛ս Պետոյան Ս., Նոր փաստեր Շուշիում տպագրված առաջին գրքերի մասին, անդ, էջ 306‒307։
[21] Հմմտ. Բալայան Մ., Շուշիի վերածումը Ղարաբաղի հոգևոր կենտրոնի, էջ 21։
[22] Նոյնը։
[23] Շուշիի եւ Մոսկուայի մէջ տպագրուած գիրքերէն ոմանք ունեցած են վերահրատարակութիւններ ոչ միայն նշուած վայրերուն, այլ նաեւ Կալկաթայի «Մկրտիչ Միսիոնարաց» տպագրատան մէջ։ Շուշիի մէջ Պազելի քարոզիչներուն կողմէ տպագրուած գիրքերու ցանկին վերաբերեալ հմմտ. նաեւ Պետոյան Ս., Նոր էջեր 1828–1835 թթ. Շուշիում տպագրված գրքերի պատմությունից, Սյունիք հայագիտական տարեգիրք, 2020, էջ 78‒85։