ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին` 2015-ին, եկեղեցին սրբադասեց Մեծ Եղեռնի զոհերը, զանոնք վերածելով խմբովին անանուն նահատակներու: Գաղափարի` հաւատքի ու հայրենիքի համար կամաւորապէս իրենց կեանքը տուած սուրբերու:
Հաւատքի ու հայրենիքի համար գերագոյն զոհաբերութիւն կատարած մարդերը, մեզի կտակած են այդ հաւատքը ու իրենց փայփայած հայրենիքը պահպանելու պարտաւորութիւնը:
Հազարամեակներ տեւած, բազում մաքառումներով, պատերազմներով, բայց նաեւ` ստեղծագործ աշխատանքով ձեւաւորուած մարդկային տեսակ մը` հայ ազգը, իր յատուկ ինքնութեամբ ու հայրենի հողով պահպանելու պարտաւորութիւնը:
Շատոնց արդէն երես թեքած էինք միլիոն կորուստներու վրայ ողբալու իր ժամանակին հասկնալի սովորութենէն: Յայտարարած էինք, որ չենք գոհանար Ցեղասպանութեան ճանաչումով, որ պատմական իրողութեան մը սոսկ արձանագրութիւնն է: Պահանջատիրութիւնը, կորսուածը վերադարձնելու կամքը, հատուցում ստանալու պահանջը յիսնամեակէ մը ի վեր դարձեր էին իրերայաջորդ սերունդներու հաւատամքը:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը վերածուեր էին հայ ազգային կեանքը զսպանակող գործօններու: Հարիւրամեակ մը ամբողջ, տարտղնուած աշխարհով մէկ ու իր ստուար մեծամասնութեամբ սփիւռքացած հայ ազգը, յաճախակի պարտութիւններէ ու նոյնքան ալ մասնակի յաղթանակներէ ետք, ոտք կոխեց 21-րդ դար երկու հայկական անկախ պետականութեամբ: Յաղթական ու խրոխտ հայութիւնը տեսաւ իր պահանջատիրական պայքարին արդիւնաւորումը` ազատ ու անկախ Հայաստանով եւ ազատ ու անկախ Արցախով:
Ո՞ւր ենք հասած հիմա: Մեր կրած ահաւոր պարտութիւնը կրնա՞յ վերջակէտ դառնալ ամբողջական հայրենիք եւ ամբողջական հայութիւն կերտելու մեր պահանջատիրական պայքարին:
Ամէն պայքար, ազգային ամէն ոգորում անպայման յաղթանակներու շղթայ մը չէ դժբախտաբար: Յաղթանակի ոգեւորութիւնը եթէ կամքի թուլացման առաջնորդէ, կը հետեւի պարտութիւնը: Ու պարտութիւնը պայքարի ճանապարհին սթափեցնող յատկութիւն ունի:
Ապրիլ 24-ին կը գանգատէինք, որ մեզմէ շատերը միայն այդ օրը կը յիշէին կատարուածին ահաւորութիւնը եւ յիշատակի տուրքով մը կը գոհանային: Հայ դատի պայքարին չէին բերեր ակնկալելի մասնակցութիւնը, զայն չէին դարձներ իրենց կենցաղին շաղախը: Ոմանք նոյնիսկ մոռնալ կ՛ուզին, ընթացիկ ընկերային ու տնտեսական հոգերը նախապատիւ կը համարէին: Բայց բոլորին մօտ յառաջացած էր այն զգայնութիւնը, որ պահանջատիրական պայքարը թափ առած է ու անոր կասեցում չկայ:
44-օրեայ պատերազմին մեր պարտութիւնը պահանջատիրական պայքարի ճամբուն վրայ ծանր հանգրուան մըն է: Ժխտական հանգրուան, բայց միայն հանգրուան: Մէկը եւս այն բազմաթիւ ժխտական հանգրուաններէն, որոնցմով լիքն է հայոց պատմութիւնը:
Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան նախօրեակին, հանգրուանային այս պարտութիւնը սթափեցնող առիթի պէտք է վերածենք ու ազգովին համախմբուելով, պահանջատիրական պայքարին տանք նոր բովանդակութիւն ու նոր ուժականութիւն:
Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ, մեր հաւանական թերացումներուն ու սխալներու իբրեւ արդիւնք պարտութենէն ետք, նոր թափով պիտի աշխատինք կորսուածը վերադարձնել, ու շարունակենք պահանջատիրական պայքարը: