Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԵՍՆԵՐԸ

April 15, 2013
in Յօդուածներ
0
ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ  ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԵՍՆԵՐԸ

Հաշուած օրեր կը մնան   Մեծ Եղեռնի  ոգեկոչման  98-րդ տարելիցին:  Հայրենիքի ու Սփիւռքի տարբեր ափերու մէջ կը նախապատրաստուին յիշատակի  բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ:  Աշխատանքին  տարողութիւնը կը  մտահոգէ  Թուրքիան: Անոր ներկայացուցիչները,  դիւանագիտական տարբեր մակարդակներու իրենց    շփումներուն ընթացքին, խստագոյնս կը   զգուշացնեն  Հայոց Ցեղասպանութիւնը  ճանչցող բանաձեւերէն:  Բայց  մինչեւ եր՞բ  ժխտումի եւ կեղծիքի այս  քաղաքականութիւնը:  Միջազգային  հարթակներու վրայ  այլեւս անիմաստ  դարձած է   պատմական ճշմարտութիւնը  ժխտելու անոր  փորձերը: Թուրք հանրութիւնը նոյնպէս  կը   պահանջէ  գնահատական տալ  պատմութեան այս  սեւ հանգրուանին: Թուրքիոյ տարբեր  շրջաններու մէջ ապրիլ քսանչորսեան մեծաշուք հանդիսութիւններ  նախատեսուած են յառաջիկայ օրերուն: Խորքային  Թուրքիա  մինչեւ եր՞բ պիտի ծածկէ իր անցեալը, երբ  անոր մտաւորականութեան մօտ  օրըստ օրէ կ’աւելնայ  պատմական ճշմարտութիւնը  ընդունելու  պահանջը: Տակաւին անցեալ  շաբթուան ընթացքին, Երեւան  ժամանած թուրք  գործարար  կիներու պատուիրակութիւնը այցելեց  Ծիծեռնակաբերդ  եւ  ծաղկեպսակ  զետեղեց  Մեծ Եղեռնի  նահատակներու յիշատակին:  Այս կը  նշանակէ, տարիներու վրայ երկարող Սփիւռքի եւ  Հայաստանի  հետեւողական աշխատանքը  յաջողած է  իր պատգամը  փոխանցելու  Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:  ԲԱյց միւս կողմէ, այնքան մը միամիտ  չենք  հաւատալու, թէ  Թուրքիա միանգամայն պիտի խոստովանի իր   ոճիրը:  Ընդհակառակը, թրքական իշխանութիւնները  գործի լծած են     հակաքարոզչական   իրենց բոլոր կարելիութիւնները,  համայն աշխարհին ցոյց տալու, թէ  թրքական   թերակղզին  դարձած է արեւմտեան եւ արեւելեան  մշակոյթներու  խորհրդանիշ: Փոքրամասնութիւններուն  շնորհուած  փշրանքները  հանրային կարծիքին առջեւ անմեղ  պետութեան մը տպաւորութիւն ստեղծելու սին  փորձեր են պարզապէս, իսկ  հեռատեսիլային վխտացող   հաղորդաշարները՝  մարդկութեան առջեւ   Թուրքիոյ աղաւաղուած «դիմագիծ»ը սրբագրելու   փորձ:  Վերջին  շրջանին նկատելի է  եօթներորդ արուեստի աշխարհէն ներս  քարոզչական  բնոյթ կրող  թրքական  բազմասերիանոց հաղորդաշարներու լայն հոսք մը:  Մեր  դէմ  կը գտնուի  անկանխատեսելի եւ  խորհրդաւոր  հնարամտութիւններով   օժտուած   պետականութիւն: Այս բոլորէն  քաջատեղեակ  մնալով, մեր  աշխատանքը պիտի ըլլայ  աւելի  համադրուած եւ նպատակասլաց:  Պահանջատիրական մեր պայքարին մէջ   առաջնայնութիւնները կը մոռնանք շատ յաճախ  եւ կը զբաղինք   համեմատաբար աւելի զգացական կամ երկրորդական  հարցերով: Մեզի համար այսօր  այնքան ալ  մեծ նշանակութիւն պիտի չունենայ  Ապրիլ  24-ի առիթով  իր արտասանելիք  խօսքին մէջ,  նախագահ Պարաք Օպամայի  օգտագործած բառապաշարը:  Օպամային    արտայայտութիւնները   կրնան  գինովցնել  կամ  յուսախաբութեան  մատնել  մեզ, բայց  երկուստէք՝ արդար գնահատական  տանք անոր:  Նախագահին խօսքը վստահաբար պիտի ունենայ իր կշիռը, սակայն  անոր տարողութիւնը  դուրս պիտի  չգայ  բարոյական  ազդեցութեան  սահմաններէն:  Մինչդեռ   իրաւական  գետնի վրայ  ամենադոյզն   քայլն իսկ՝ ազդու եւ ծանր հետեւանքներ պիտի  ունենայ  յանցագործը մերկացնելու  իմաստով :  Այստեղ  բազմատեսակ ու բազմածաւալ աշխատանք կը սպասէ բոլորիս: Իրաւական գետնի վրայ  մեր աշխատանքին անբաժան մէկ մասը պիտի ըլլայ  Միջազգային  Քրէական Ատեանին Թուրքիոյ մասնակցութեան հարցը:   Թուրքիա  առ  այսօր կը մերժէ   ճանչնալ եւ յանձնառու մնալ    միջազգային այս կազմակերպութեան դրոյթներուն:   Մեր  պահանջատիրական  պայքարին  կարեւոր  յաղթանակներէն  մէկը  պիտի  ըլլայ  Թուրքիոյ կողմէ   Միջազգային Քրէական Ատեանին ճանաչումը:   Առանց   միջազգային այս կառոյցին հեղինակութիւնը  ճանչնալու, Թուրքիա որեւէ մէկ պահու կրնայ   կրկնել  անցեալի  իր յանցագործութիւնները: Վկայ՝  Կիպրոս ներխուժումը եւ յոյն  բնակչութեան դէմ  քստմնելի ոճիրները, որոնք մինչեւ օրէս կը սպասեն արդարութեան  վճիռին:   Բոլորին  ծանօթ են   Միջազգային  Քրէական Ատեանին ադամակցութիւնը մերժելու  Թուրքիոյ  պատճառները:  Անոր դէմ վստահաբար  պիտի  բացուի հաշուետուութեան եւ  հատուցումներու հսկայ ցանկ մը:

Պահանջատիրական  մեր պայքարին ընթացքին յաճախ կը մոռնանք  մարդկային  ողբերգութեան  անյետաձգելի էջերէն  մէկը: Այս օրերուն, երբ Թուրքիա քաղաքակիրթ ժողովուրդի եւ  մարդասէրի պատմուճան հագած,  փոքրամասնութիւններէն խլուած  կալուածները  վերադարձնելու մասին խոստումներ կը շռայլէ  աջ ու ձախ, մեր արդար իրաւունքն է անոր առջեւ  բարձրացնելու իսլամացած  հայերու թղթածրարը: Բոլորին ծանօթ է    Թուրքիոյ մէջ  իսլամացած հայերու  իրականութիւնը:  Փոքր թիւ չեն կազմեր անոնք: Եւրոպական  Միութեան ամպիոնէն  ճնշում անհրաժեշտ է   բարձրացնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի  ապահովութեան երաշխիքներու տակ բացայայտեն իրենց  արմատները: Բոլորին ծանօթ է  Թուրքիոյ,  Սուրիոյ, Իրաքի մէջ  կրօնափոխ հայերու տխուր իրողութիւնը:  Յառաջացած է խաւ մը, որ  իսլամի  հայեցողութեամբ կը  մնայ «կեաւուր» իսկ  մեր կողմէ՝ իսլամ: Փաստօրէն  ընկերութիւնը կը մերժէ ճանչնալ անոնց գոյութիւնը:  Իսլամացած  հայերը  մեր արիւնակիցներն  են : Պայմաններու ստիպողութեան  տակ  անոնք ընդունած են իսլամը:  Հասկնալի պատճառներով  գրեթէ անհնար է   կրօնափոխ դարձնել զանոնք, սակայն ինքնութեան  ճանաչումը  կը մնայ իրաւունք: Միւս կողմէ, Թուրքիա կը խօսի  կալուածներ եւ եկեղեցիներ  սեփականատէրերուն  վերադարձնելու մասին:  Անհրաժեշտ է  լուսաբանել, որ  կալուածները   չեն վերադարձուիր իրենց սեփականատէրերուն:  Թրքական  հաւաստիքներու լոյսին տակ, բազմաթիւ  ասորիներ սկսան վերադառնալ  հարաւարեւելեան Թուրքիոյ իրենց պատմական  շրջանները: Այս միջոցին  թրքական ատեանը իր ձեռքը դարաւ աւելի  քան  1600 տարուան  ասորական  պատկանելիութիւն  ունեցող   Մոր Կապրիէլ եկեղեցւոյ  վրայ:   Ասորի  համայնքը ներկայիս     մտադրած է  հարցը  բարձրացնել   Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանին:  Էրտողանի կառավարութիւնը  վերանորոգեց կարգ մը  եկեղեցիներ, սակայն չվերադարձցուց իր  տէրերուն,  ընդհակառակը զանոնք  սկսաւ     շահարկել  իբրեւ   թանգարան:

Քարոզչական    մարզը  դարձած է  թրքական իշխանութիւններու ինքնապաշտպանութեան  մեծագոյն    լծակներէն  մէկը:  Մեզի  կը մնայ  հաւաքական  եւ նպատակասլաց աշխատանքով  մերկացնել քօղարկուած  քարոզչութեան  տակ պահուած ճշմարտութիւնը  եւ չտարուիլ պղպջակային  խոստումներով:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Next Post

Արմեն Թումասյան. Հիմնական խնդիրը գիտության ոլորտի թերֆինանսավորումն է. իրավիճակը շտկելու համար պետք է պետական լուրջ ծրագիր

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.