Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՊԱՀՊԱՆԵՆՔ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐԵԱՄԲ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԸ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

September 21, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Armenia marks 30th anniversary of independence

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը կը սկսի Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեամբ, Սարդարապատի հերոսամարտով եւ Մայիսեան հանրապետութեան ծնունդով:

Իրականացաւ մեր դարաւոր երազը, երբ ափ մը հողի վրայ անկախացաւ մեր հայրենիքը: Դժբախտաբար կարճատեւ եղաւ Մայիսեան հանրապետութեան ճակատագիրը: Միջազգային եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական յեղաշրջումներու հետեւանքով Հայաստան դարձաւ Խորհրդային ընտանիքի անդամ: Խորհրդային փրկարար Բ. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ վերածնունդի եւ վերակազմաւորման անշեղ գոյերթով:

21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստան վերատիրացաւ իր անկախութեան: Եթէ 23 օգոստոս 1990-ին, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, ապա՝ 21 սեպտեմբեր 1991-ին անկախութեան հանրաքուէի միջոցաւ հայրենի ժողովուրդը միաձայնութեամբ որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութեան կազմէն եւ դառնալ ինքնուրոյն պետականութիւն:

21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէն համազգային վճռակամութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն էր: Նորանկախ Հայաստան անմիջապէս մաս կազմեց Միացեալ ԱզգերուԿազմակերպութեան: Անդամակցեցաւ այլ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու: Դարձաւ գերիշխան պետութիւն:

Անկախութիւն ձեռք բերել որքան ալ դժուար հասանելի մնայ, զայն պահպանելը աւելի լուրջ հրամայականներու առջեւ կը դնէ մեզ բոլորս: Այսօր, անկախութենէն 30  տարիներ ետք հզօր պետականութեան գաղափարախօսութիւնը պարզապէս կարգախօս կը մնայ բազմաթիւ քաղաքական հոսանքներու համար:

Ազատ տնտեսութիւնը ծայրայեղ հարստացողներու եւ աղքատացողներու խորացող բեւեռ մը ստեղծած է ժողովուրդին մէջ: Երկրին տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը խորհրդանշող միջին դասակարգը առ այսօր կը մնայ անգոյ: Մենաշնորհեալներու կայսրութիւնը եւ արմատացած փտածութիւնը կը խանգարեն ժողովրդավար պետութիւն կառուցելու ճիգերը: Այս բոլորը կ’արձանագրենք սրտցաւ լաւատեսութեամբ նայելով ապագային, սխալները սրբագրելու վճռակամութեամբ:

Անկախութեան տօնը հայրենիքի նահատակներուն ուխտը վերանորոգելու եւ սահմանապահ քաջարի բանակին սխրագործութիւնները վերարժեւորելու օրն է: Բայց աւելի կարեւորը՝ սթափելու եւ մեր պետութիւնը գուրգուրալու օրն է:

Արժեւորենք ու պահպանենք, պատերազմի, զրկանքներու, հազարաւոր նահատակներու արեամբ եւ հայրենասիրութեան հաւատքով ձեռք բերուած անկախութիւնը: Արժեւորենք ու պահպանենք մեր դիրքը միջազգային ընտանիքին մէջ: Արժեւորենք մեր անկախ հանրապետութիւնը, որպէսզի կերտենք իրաւական հիմքերու վրայ յենած ժողովրդավար Հայաստանը:

Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք կերտեցին Հայրենիք, Ժողովուրդ, Բանակ անխախտ միասնականութիւնը՝ անկախութեան գրաւականը:

Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ինկան հայրենիքի անկախութեան ճանապարհին:

 

Previous Post

Canada: mountain goat kills attacking grizzly bear with ‘dagger-like’ horns

Next Post

Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Ակնարկութիւնները` Յարաբերութիւններու Ստեղծման Մասին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.