Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` վերջակէտ մը դնելով պատմական այդ իրողութիւնը Ուաշինկթընին ուրանալ տալու Անգարայի ջանքերուն:
Իր այս քայլով Պայտըն միացաւ Քոնկրեսին եւ երկրին 49 նահանգներուն, ինչպէս նաեւ` ՕԹԱՆ-ի իր առաւել քան 10 դաշնակիցներուն, որոնք կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ Պայտըն օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ ամերիկացիներուն անունով իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
«Ամէն տարի այս օրը մենք կը յիշենք անոնք, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` կանխելու նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը», կը նշուի Պայտընի ուղերձին մէջ:
«Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ 24 ապրիլ 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայ մտաւորականութեան եւ համայնքի ղեկավարներու ձերբակալութենէն ետք մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան եւ քալեցին իրենց մահուան երթը: Մենք կը յարգենք Մեծ եղեռնի զոհերը, որպէսզի տեղի ունեցած սարսափները երբեք մոռացութեան չենթարկուին: Եւ մենք կը յիշենք, որպէսզի մնայուն կերպով զգօն մնանք ատելութեան քայքայիչ ազդեցութեան դէմ` իր բոլոր դրսեւորումներով:
«Կենդանի մնացածներէն շատերը ստիպուած էին գտնել նոր տուներ եւ նոր կեանքեր` ամբողջ աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ուժով ու տոկունութեամբ հայ ժողովուրդը գոյատեւեց եւ վերակառուցեց իր համայնքը: Տասնամեակներու ընթացքին հայ ներգաղթեալները հարստացուցած են Միացեալ Նահանգները, բայց անոնք երբեք չեն մոռցած այն ողբերգական պատմութիւնը, որ իրենց նախնիներէն շատեր բերաւ մինչեւ մեր ափերը: Մենք կը յարգենք անոնց պատմութիւնը: Մենք կը տեսնենք այդ ցաւը: Մենք կը հաստատենք պատմութիւնը: Մենք այդ կ՛ընենք ապահովելու համար, որ տեղի ունեցածը երբեք պիտի չկրկնուի:
«Ամերիկացի ժողովուրդը կը յարգէ բոլոր այն հայերը, որոնք զոհուած են 106 տարի առաջ այս օրը սկսած ցեղասպանութեան ընթացքին», կ՛ըսուի Սպիտակ տան հրապարակած ուղերձին մէջ:
Նշենք, որ այս յայտարարութենէն մէկ օր առաջ Ճօ Պայտըն, նախագահ ընտրուելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Էրտողանի հետ` անոր յայտնելով, որ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Պայտընի քայլը` շեշտելով, որ այսպիսով ԱՄՆ-ը ինքզինք կը դնէ հայութեան արդար իրաւունքները ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ճամբուն վրայ, յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ այդ նպատակներուն հասնելու համար սերտ գործակցութիւն կը սկսի հայութեան եւ Սպիտակ տան միջեւ` դէմ դնելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բռնարարքներուն:
Պայտընի Յայտարարութեան
Հակազդեցութիւնները
24 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք թրքական կողմէն հնչեցին շարք մը հակազդեցութիւններ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ամէնէն ուժեղ ձեւով կը մերժենք ու կը դատապարտենք 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը… Յստակ է, որ նշեալ յայտարարութիւնը մասնագիտական եւ իրաւական հիմք չունի, ո՛չ ալ որեւէ փաստի վրայ հիմնուած է: Այս յայտարարութիւնը… պիտի բանայ խոր վէրք մը, որ կ՛ականահարէ մեր փոխադարձ վստահութիւնն ու բարեկամութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ կ՛ուղղենք սրբագրելու այս ծանր սխալը»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ իր մօտ կանչեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` բողոքելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Բառերը չեն կրնար փոխել կամ վերախմբագրել պատմութիւնը: Մենք մեր սեփական պատմութեան մասին ոեւէ մէկէն սորվելիք ոչինչ ունինք: Քաղաքական պատեհապաշտութիւնը խաղաղութեան ու արդարութեան մեծագոյն դաւաճանութիւնն է: Ամբողջովին կը մերժենք միայն ամբոխավարութեան վրայ հիմնուած այս յայտարարութիւնը»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պայտընի յայտարարութեան հրապարակումէն առաջ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանին յղուած նամակին ըսաւ. «Քաղաքականութիւնը քննարկումներուն, որոնք պատմաբաններուն կողմէ պէտք է կատարուին, եւ երրորդ կողմերու կողմէ մեր երկրին դէմ միջամտութեան համար օգտագործումը ոչ ոքի նպաստած է: Կը հաւատամ, որ նոր սերունդներուն դէմ մեծ անարդարութիւն մըն է մեր ինքնութիւնը կառուցել ցաւերու վրայ, որոնք անցեալին կողմէ մեր հոգիներուն վրայ տպուած են»:
Ան նշեց. «Կարելի չէ արտօնել, որ թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ հարիւրաւոր տարիներու գոյակցութեան մշակոյթը ջնջուի: Թուրքերն ու հայերը իրարու միացնողները շահերը չեն, այլ պետութիւնը, հասարակաց արժէքներն ու իտէալները»:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Պայտըն քաղաքական շահեր ապահովելու համար կը ջանայ քաղաքականացնել պատմական իրողութիւնները»:
Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարար Ալի Արպաշ նկատել տուաւ, որ` «Ցեղասպանութեան մեղադրանքը անընդունելի է եւ մեր ժողովուրդին ուղղուած կեղծ ամբաստանութիւն է»:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ իր կարգին ընդգծեց. «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ Պայտընի յայտարարութիւնը որեւէ պատմական արժէք չունի եւ անիկա խակ քաղաքական հաշիւներու արդիւնք է»:
Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` հեռու մնալու Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան շահերը ներկայացնող կառոյցներու մերձակայքէն` զգուշացնելով Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ բողոքի ցոյցերու կարելիութենէն:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Քաղաքական որոշումները պատմական իրողութիւնները չեն փոխեր: Թրքական եւ հայկական հասարակութիւններուն միջեւ ներկայ յարաբերութիւնները, որոնք հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր վստահութեան ու կայունութեան վրայ հիմնուած են, ցեղասպանութիւն բառով նկարագրելը ճշմարտութեան հակառակ է: Այս քայլը վնաս պիտի պատճառէ ճշմարտութեան ու ապագային: Այսպիսի դէպքերուն ճշմարտութեան քննարկումը միայն գիտնականներուն ու մասնագէտներուն մասնագիտութիւնն է եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն: Քաղաքական որոշումները պատմական ճշմարտութիւնները չեն փոխեր»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ցաւալի է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Հայկական յիշողութեան օրը կատարուած յայտարարութիւնը աղաւաղեց 1915-ի դէպքերուն մասին պատմական իրողութիւնները: Անոնք, որոնք կը քաղաքականացնեն այսպէս կոչուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը», լուռ կը մնան այդ ժամանակ հայկական զինեալ խումբերու կողմէ աւելի քան 500.000 մարդոց ջարդերուն նկատմամբ»:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան բանբեր Ֆայիք Էօզթրաք յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 1915-ի դէպքերը իբրեւ պատմութեան ընթացքին գործուած «ցեղասպանութիւն» նկարագրութիւնը մեծ սխալ մըն է: Թուրքիոյ դէմ վերջին յայտարարութիւններն ու մեր երկրին դէմ քայլերը… ցոյց կու տան այն կէտը, որուն հասած է Թուրքիան` (թրքական) կառավարութեան կիրարկած կարճատես արտաքին քաղաքականութեան պատճառով»:
Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան յայտնեց. «Երբ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութիւնը կը դիմագրաւէ, այլեւս կարեւոր պիտի չըլլայ, թէ այլ երկիրներ կամ խորհրդարաններ ի՛նչ ունին ըսելիք… Պէտք է հայ ժողովուրդի ցաւը բերենք իր պատկանած հողը` Թուրքիա: Պէտք է առերեսուինք հայ ժողովուրդի ցաւին հետ եւ արդարութեան ճամբով վերցնենք այդ ցաւը: Հայ ժողովուրդը արդարութեան կը սպասէ»:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ապրիլ 24-ը ցեղասպանութեան սկիզբն է: Հայ ժողովուրդը հիմնականին մէջ ոչնչացուած է, վտարուած է իր հայրենիքէն, ուր ապրած է հազարաւոր տարիներ: Քրիստոնէութեան բոլոր հետքերը ոչնչացուած են Անատոլուէն: Վնասի ճանաչումը եւ հատուցումը ազատ եւ հաւասար ապագայ կերտելու անհրաժեշտութիւն է»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները, հաղորդեց, որ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մահմուտ Քուրէյշի պաշտպանած է Թուրքիոյ դիրքորոշումը` մեկնաբանելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը: Ան այս մասին ըսած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Պայտընի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին յայտարարութիւնը «պարզապէս վրդովեցուցիչ է», եւ Թուրքիան յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին պիտի պատասխանէ ատոր:
«Յառաջիկայ օրերուն եւ ամիսներուն տարբեր ձեւերու, տեսակներու եւ աստիճանի արձագանգ պիտի ըլլայ», ըսած է Քալըն, սակայն չէ յստակացուցած, թէ Անգարան պիտի սահմանափակէ՞ Միացեալ Նահանգներու մուտքը Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Ինճիրլիք ռազմակայան, որ կ՛օգտագործուի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին աջակցելու համար:
«Մեզի համար պատեհ ժամանակին մենք պիտի շարունակենք արձագանգել այս շատ ցաւալի, անարդար յայտարարութեան», ըսած է Քալըն:
Թուրքիոյ «Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Թրքական զինեալ ուժերը պէտք է անյապաղ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատեն Ինճիրլիքի օդուժի ռազմակայանին վրայ եւ 15 օրուան ընթացքին հայրենիք վերադարձնեն այնտեղ գտնուող ամերիկացի զինուորները»:
«Անոր (Պայտընի) յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հաստատ աւելի պիտի մօտենան: Պայտընի յայտարարութիւնը յարձակում մըն է Թուրքիոյ, Ասիոյ, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վրայ: Անոր յայտարարութիւնը կապուած չէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ, կարելի չէ ատոր մասին դատել պատմական փաստերու քննարկման ծիրին մէջ», ըսած է էրտողանամէտ եւ ռուսամէտ թուրք քաղաքական գործիչը:
Փերինչեք նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը «Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակազմը տապալելու անոր ցանկութեան հաստատումն է»: «Պայտըն յայտարարած է իր մտադրութիւններուն մասին` նախքան նախագահ ընտրուիլը», յիշեցուցած է ան:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ խորապէս վշտացած է իր ամերիկացի պաշտօնակիցին կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ:
«Պայտըն աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ օգտագործած է ոչ ճիշդ արտայայտութիւն, որ պատմական հիմք չունի: Ատիկա մեզ խորապէս վշտացուցած է: Նման հարցերու գնահատականը պէտք է ձգել պատմաբաններուն եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն, սակայն հակառակ կողմէն ոչ մէկ պատասխան չկայ: Արեւմուտքը երեսպաշտութիւն ցոյց կու տայ հայկական հարցին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն նկատմամբ», ըսաւ Էրտողան` կառավարութեան նիստի արդիւնքները ամփոփող իր պատկերասփռուած ուղերձին մէջ` աւելցնելով, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ «հայկական աւազակախումբերը անմեղ մարդիկ կը սպաննէին»:
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ նման յայտարարութիւն կը կատարէ` յենելով այն փաստաթուղթերուն վրայ, որոնք թրքական արխիւներուն մէջ մէկ միլիոնէ աւելի են: «Ինչի՞ վրայ կը յենի Պայտընը` ես չեմ գիտեր: Եթէ Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպայի մէջ նման արխիւներ կան, անոնք պատրա՞ստ են զանոնք բանալու: Իսկ մենք պատրաստ ենք, եկէ՛ք, ուսումնասիրենք», ըսաւ Էրտողան: