ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվըն Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕի գերաստիճանի ծիրին մէջ ակնկալուող նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Էրտողանի միջեւ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Արցախի հիմնահարցը։
14 Յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպման ընթացքին նախագահները պիտի քննարկեն նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող կարգ մը այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Իրանի տագնապները։