ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Ժամանակ»․- Պրիւքսէլի մէջ 14 Յունիսին տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕի գերաստիճանը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան։
Այս առիթով, Էրտողան շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։
Թէ՛ Պայտընի եւ թէ Մաքրոնի հետ տեղի ունեցած հանդիպումներէն առաջ հաղորդուած էր, որ Արցախի հիմնահարցը օրակարգի վրայ պիտի գտնուէր, սակայն այդ երկու ղեկավարներուն հետ տեղի ունեցած զրոյցներէն ետք հրապարակուած պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ մասնաւոր անդրադարձ չկար Արցախ հարցին վերաբերեալ։
Յամենայնդէպս, հաղորդումներուն մէջ կ՛ընդգծուի, որ այդ տեսակցութիւնները եղած են «դրական», սակայն թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Փարիզի հետ Անգարա լուրջ տարակարծութիւններու լուծման մասին եւս ոչ մէկ յստակ խօսք ըսուած է։
Պրիւքսէլի մէջ Էրտողան ունեցաւ ելոյթ-մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան ամփոփեց բոլոր շփումները։ Ան անդրադարձաւ Արցախի հիմնահարցին՝ պնդելով, որ թէեւ երեսուն տարի յապաղումով, «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած է արդարութիւնը»։ Իր խօսքով, տարածաշրջանին մէջ յոյսերը վերակենդանացած են։