Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներու տեսավեհաժողովի աւարտէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ղեկավարները քննարկած են Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա օրակարգի շարք մը հարցեր:
«Նախագահ Պայտըն բարձրացուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ մեր եւրոպացի դաշնակիցներու խոր մտահոգութիւնը Ուքրանիոյ շուրջ Ռուսիոյ կողմէ ուժերու մագլցումին վերաբերեալ եւ յստակացուցած, որ զինուորական մագլցումի պարագային Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները պիտի պատասխանեն ուժեղ տնտեսական եւ այլ քայլերով:
«Նախագահ Պայտըն վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ լարուածութեան մեղմացման ու դիւանագիտութեան վերադառնալու կոչ ուղղած:
«Նախագահները քննարկած են նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա երկխօսութիւնը, զինուորական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ միացեալ աշխատանքը շրջանային խնդիրներու շուրջ, ինչպիսին Իրանն է», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն հետ կը քննարկեն Ռուսիան համաշխարհային ելեւմտական համակարգէն ամբողջական կերպով մեկուսացնելու ընտրանքը, եթէ ռուսական իշխանութիւնները Ուքրանիա ներխուժեն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նախապէս յայտարարած էր. «Ուքրանիոյ յաւելեալ պաշտպանական օժանդակութիւններ պիտի տրամադրենք, եթէ Ռուսիան անոր հողերը ներխուժէ, ինչպէս նաեւ կը յուսանք, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ դէմ յաւելեալ թշնամական որեւէ քայլ չ՛որդեգրեր»:
Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ երկու ժամ տեւողութեամբ տեսաժողով տեղի ունեցած էր: Տեսաժողովը ուղղակի դրական ազդեցութիւն ունեցած էր ռուսական շուկային վրայ, ուր հանդիպումէն ետք աճ արձանագրուած էր:
Քրեմլին տեսաժողովէն ետք յայտնած էր, որ բանակցութիւններուն գլխաւոր նիւթերը եղած են «ուքրանական ներքին տագնապին առնչուող հարցեր, եւ 2015 թուականի Մինսքի համաձայնութիւններուն, որոնք խաղաղ լուծման այլընտրանք չունեցող հիմեր են, գործադրութեան մէջ յառաջդիմութեան չարձանագրուիլը:
Ըստ Քրեմլինի, Փութին ուշադրութեան հրաւիրած է Քիեւի քանդիչ ընթացքին վրայ, որուն նպատակը Մինսքի համաձայնութեան եւ Նորմանտիի ձեւաչափի համաձայն գոյացած համաձայնութիւններու ամբողջական քայքայումն է:
Ռուսիոյ նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Տոնպասի դէմ Քիեւի սադրիչ քայլերուն վերաբերեալ եւ շօշափելի օրինակներ տուած է:
«Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ Պայտընի հետ համակարծիք եղած է, որ երկիրները պէտք է շարունակեն համացանցային անվտանգութեան հարցին շուրջ երկխօսութիւնը:
«Ռուսիան բառացիօրէն քանի մը օրուան, շաբթուան ընթացքին պիտի նախապատրաստէ եւ Միացեալ Նահանգներուն յանձնէ անվտանգութեան հարցերով իր առաջարկները», յայտնած է Փութին: