Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պայրամ. «այսուհետեւ արգիլուած է սեփական մարզին մէջ 2 միլիոն 600 հազար լ. ոսկիէն նուազ ամսական աշխատավարձ վճարել»

June 20, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Պայրամ. «այսուհետեւ արգիլուած է սեփական մարզին մէջ 2 միլիոն 600 հազար լ. ոսկիէն նուազ ամսական աշխատավարձ վճարել»

Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը իր իրերայաջորդ նիստերը կը գումարէ եւ լուծումներով հանդէս կու գայ: «Գործնական առումով, այսուհետեւ արգիլուած է սեփական մարզին մէջ 2 միլիոն 600 հազար լ. ոսկիէն նուազ ամսական աշխատավարձ վճարել աշխատաւորներուն», հաստատեց Պայրամ:

Պայրամ ընդգծեց, որ իրենք քայլ առ քայլ կը յառաջանան, եւ նիստերը բաց յայտարարած են, որպէսզի կարելի եղած արագութեամբ եւ ճկունութեամբ լուծեն հարցերը, «սակայն դժբախտաբար տնտեսական կացութիւնը օրական դրութեամբ կը վատթարանայ, եւ մենք պէտք է աշխատավարձի յաւելումներ ճշդենք նաեւ գործատէրերուն, որպէսզի անոնք իրենց հաստատութիւնները չփակեն», ըսաւ ան:

Պայրամ հաստատեց, որ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբն է աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ փոխադրածախսը որոշող օրինական մարմինը: «Այս որոշումը պէտք է ներկայացուի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին, ինչպէս նաեւ անոր մասին տեղեակ պահուի հանրապետութեան նախագահը` հասնելու համար աշխատավարձի յաւելման արտակարգ հրամանագիրի ստորագրութեան», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով պետական մարզի յայտարարած գործադուլին, Պայրամ ընդգծեց պետական ամավարկը անմիջապէս վաւերացնելու, ինչպէս նաեւ ճշդուած օժանդակութիւնները տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Աշխատանքի նախարարը ընդգծեց, որ յաւելաբանութիւններէ հեռու շինիչ երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի` պաշտպանելու համար պետական մարզը, բարելաւելու համար անոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնելու` վաւերացնելու համար պետական ամավարկը:

Previous Post

Արեւելեան Միջերկրականն ու աշխարհաքաղաքական գործընթացները

Next Post

Ուժանիւթի նախարարութիւնը կը հաստատէ՝ պենզինի տագնապ չկայ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.