Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ յայտնեց, որ առողջապահութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, թէ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին կացութիւնը հակակշիռի տակ է, իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ առաջին բուժօգնութեան կեդրոններ կը հաստատուին, ինչպէս նաեւ կառավարական հիւանդանոցներուն սարքաւորումներուն եւ պատրաստութիւններուն համար օժանդակութիւններ կը տրամադրուին:
Հասան յայտնեց, որ նախորդող օրերուն գրաւուած դեղորայքը ձրիաբար պիտի բաժնուի լիբանանցիներուն:
Միւս կողմէ, Հասան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիան եւ Ալեն Աունը, որոնց հետ քննարկեց առողջապահական մարզին սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կարելիութիւնները:
Ապի Ռամիա եւ Աուն դրուատեցին նախարար Համատի «ներխուժում»-ները եւ քննարկեցին խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական իր աշխատանքին մէջ չարաշահումի ոճիրը քրէական յանցագործութեան վերածելու կարելիութիւնները: