ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկացի խումբ մը քոնկրեսականներ եւ Ուաշինկթընի մէջ գործող շարք մը հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ՝ ի դէմս հայկական, յունական, քրտական, հրէական, հնդկական համայնքներու, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» եւ իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններու, Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն կը պահանջեն դադրեցնել արտածումը ամերիկեան այն ճարտարագիտութիւններուն, որոնք կ՛օգտագործուին թրքական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան մէջ, եւ հետաքննել տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ անօդաչուներու ծրագիրի ապակայունացնող դերակատարութիւնը։
Ըստ հայ եւ յոյն գործիչներու՝ մեծ է հաւանականութիւնը, որ մահաբեր «Պայրաքթար»ներու արտադրութեան մէջ օգտագործուող ամերիկեան ճարտարագիտութիւններուն՝ Թուրքիոյ մատակարարումը վերջապէս պիտի դադրեցուի։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան «Արմէնփրէս»ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու ծրագիրին դէմ կը պայքարին թէ՛ հայկական եւ թէ յունական, քրտական, հնդկական, հրէական խումբերը, Միջին Արեւելքի համախմբումը, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնը, քրիստոնէական եւ իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններ, այլ խօսքով՝ բոլոր այն ուժերը, որոնք շահագրգռուած են Թուրքիան շրջապատող շրջաններուն մէջ՝ Արեւելեան Միջերկրականի, Կովկասի, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատումով։
«Ծերակուտական Մենենտեզ այս հարցը արծարծած է Քոնկրեսի լսումներուն ընթացքին։ Ցարդ պատասխան չէ ստացած, սակայն, ամէն պարագայի, հարցը բարձրացուած է, անկէ ետք արտաքին գործոց նախարարութիւն ուղարկուեցաւ Քոնկրեսի 28 անդամներու կողմէ ստորագրուած նամակը, որուն միջոցաւ քոնկրեսականները վարչակազմին կոչ կ՛ուղղեն՝ հետաքննելու թրքական անօդաչու թռչող սարքերու ծրագիրը։ Ասիկա Ուաշինկթընի մէջ հետզհետէ մեծ հարց կը դառնայ», ըսաւ Արամ Համբարեան։
«Արմէնփրէս»ի հետ այս մասին խօսեցաւ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ յունական լոպիի ղեկավար, Յոյն-ամերիկեան խորհուրդի գործադիր տնօրէն Էնտի Չեմենիտես, որ շեշտեց, թէ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը պէտք է դադրեցուի, որովհետեւ անոնք կ՛օգտագործուին ոչ թէ պաշտպանութեան, այլ յարձակման նպատակով՝ ապակայունացնող դեր խաղալով շարք մը հակամարտութեան գօտիներու մէջ, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Էնտի Զեմենիտես անթոյլատրելի նկատեց թրքական մարդասպան անօդաչուներու արտադրութիւնը եւ տարածումը ոչ միայն այն պատճառով, որ անոնք ապակայունացնող եւ քայքայիչ ազդեցութիւն կ՛ունենան տարածաշրջանի անվտանգութեան միջավայրին վրայ, այլ նաեւ այն պատճառով, որ անոնց միջոցով Թուրքիա աւելի դիւրացուցած է այս կամ այն շրջանին մէջ պատերազմ հրահրելը՝ վտանգելով ոչ թէ իր զինուորներուն, այլ այլոց կեանքը։
«Սովորաբար, երբ որեւէ երկիր կ՛որոշէ պատերազմիլ, նախ եւ առաջ նկատի կ՛ունենայ, թէ որքան արիւն եւ դրամ պիտի կորսնցնէ այդ պատերազմին։ Սակայն ամբողջ խնդիրը այն է, որ Թուրքիա, անօդաչուներ եւ սուրիացի վարձկաններ ուղարկելով Արցախեան հակամարտութեան գօտի, կը վտանգէր այլոց, ոչ թէ միայն իր զինուորներուն կեանքը։ Եւ երբ ամբողջ աշխարհը դիւանագիտական լուծում կը փնտռէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կամ Արցախի հարցին՝ Թուրքիա այնտեղ պատերազմ կը հրահրէր՝ կարեւորութիւն չտալով անոր պատճառով արձանագրուող զոհերուն։ Երբ զինուորներուդ կեանքին համար մտահոգուելու կարիք չկայ, այլոց մահը քեզ չի հետաքրքրեր։ Եւ ասիկա, իմ կարծիքով, թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն վերաբերող մեծագոյն հարցերէն մէկն է», ըսաւ Էնտի Զեմենիտես։
Յոյն գործիչը ընդգծեց, որ թրքական անօդաչու թռչող սարքերը կ՛օգտագործուին ո՛չ թէ կայունացման եւ հիմնահարցի դիւանագիտական լուծման հասնելու նպատակով, այլ ընդհակառակը՝ ապակայունացնող դեր կը խաղան՝ աւելի սրելով կացութիւնը եւ բորբոքելով պատերազմի կրակը։