Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, թէ այսօր առաւօտեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հակաօդային միաւորները թշնամիի SU -25 կործանիչ մը ջախջախած են:
Միւս կողմէ, Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն կ’իմանանք, որ այսօր՝ 14 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, ազերի թշնամին խախտելով յայտարարուած զինադադարը, Արցախի հարաւային, հարաւարեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով յարձակումի անցած են: Ծանր բախումներ տեղի կ’ունենան յատկապէս հարաւարեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան ճակատներուն վրայ:
« Արցախի պաշտպանութեան բանակը նախայարձակ թշնամիին կասեցնելու համար համարժէք գործողութիւններու կը ձեռնարկէ զանազան ուղղութիւններով՝ շարունակելով վստահօրէն իրականացնել հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութեան սրբազան պարտականութիւնը». նշեց նախարարութիւնը: