Արցախի պաշտպանութեան բանակը ծանր հարուածներով կը կասեցնէ ազերիկան յարձակումները:
Արցախի հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, թէ իրավիճակը ամբողջութեամբ կը գտնուի հանրապետութեան նախագահի վերահսկողութեան տակ: .«…Բնակչութեան կոչ կ’ընենք պահպանել հանգստութիւն, մնացէք ապաստարաններուն մէջ: Բախումները կը շարունակուին: Պաշտպանութեան բանակը ծանր հարուաներով կը կասեցնէ թշնամիին գործողութիւնները». յայտնեց Պօղոսեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, թէ յարձակումին պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Մնացականեան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հետ:
ՄՆԱՑԷՔ ԵՒ ՀԵՏԵՒԵՑԷՔ ՄԵՐ ԼՈՒՐԵՐՈՒՆ – www.yerepouni-news.com