Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է, թէ բախումները կը շարունակուին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան ամբողջ գօտիին երկարութեամբ:
« Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիի ողջ երկայնքով մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Առաւել յամառ մարտեր կ’ընթանան հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով: Հակառակորդը անընդհատ կը ձեռնարկէ յարձակումի փորձեր, որոնք անյաջողութեան կը մատնուին Արցախի պաշտպանութեան բանակի միաւորներուն վճռական պատասխաններով».գրած է Ստեփանեան: