Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, մեծ թիւով նախարարի պաշտօնակատարներու, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետերուն:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Նախագահ Աուն նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին հիմնական նպատակն է քննարկել երկրին ապահովական կացութիւնը` յատկապէս ամրան եղանակին ընթացքին, նկատի ունենալով, որ կը նախատեսուի, որ այս եղանակը կրնայ վերածուիլ զբօսաշրջական խոստմնալից եղանակի:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներ պիտի այցելեն Լիբանան:
Ան շեշտեց, որ օրեր առաջ վառելանիւթի կայարաններուն դիմաց պատահածը խիստ մերժելի է: «Քաղաքացիներուն խայտառակութիւնը մերժելի է, եւ բոլոր պատասխանատուները պէտք է աշխատին արգիլելու համար նման երեւոյթներ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ վառելանիւթի նոր սակացոյցը ճշդուած է եւ անիկա կրնայ մեղմացնել պենզինի տագնապը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց քաղաքացիներուն դիմաց ճամբաները փակելու երեւոյթը, որ կը բազմապատկէ քաղաքացիներուն առօրեայ հոգերը, որոնք հետեւանք են երկրին մէջ տիրող ելեւմտական եւ տնտեսական դժուար կացութեան:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ մտքի ազատութիւնը բոլորին իրաւունքն է, սակայն անիկա չի կրնար քաոսի եւ բռնարարքներու վերածուիլ:
Ան հաստատեց, որ ապահովական կառոյցները պէտք չէ թոյլ վարուելակերպ ցուցաբերեն այս առումով, որպէսզի կարենան պահպանել քաղաքացիներուն ապահովութիւնն ու ընդհանուր կայունութիւնը:
Իր կարգին, Հասսան Տիապ նկատել տուաւ որ ինք լաւ գիտէ այն ճնշումներուն մասին, որոնց կ՛ենթարկուին ապահովական կառոյցները այս փուլին ընթացքին:
«Լաւ կը հասկնամ վիճակը այն զինուորին, որմէ կը պահանջուի դէմ դնել երկրին ընկերային, ապրուստի եւ ելեւմտական տագնապալի կացութեան դէմ բողոքողին», նկատել տուաւ Տիապ:
Տիապ շեշտեց, որ բողոքելու եւ ժողովուրդին ու անոր կալուածներուն եւ ապրուստի աղբիւրներուն վրայ յարձակելու միջեւ տարբերութիւն մը կայ: «Ճամբաներու փակումը ժողովուրդին կացութիւնը չ՛արտայայտեր, այլ` անոր դէմ կը գործուի: Քաոսը, ինքնաշարժներու քանդումն ու բանակին դէմ յարձակումը բողոքի կամ մերժումի արտայայտութիւն չեն նկատուիր», հաստատեց ան:
Շուրջ երկու ժամուան հանդիպումէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ, թէ զինուորական եւ ապահովական բոլոր կառոյցները պէտք է մնան պատրաստ վիճակի մէջ` երկրին ապահովութիւնը խախտող կարգ մը խուլիկաններուն արգիլելու Լիբանանի կայունութեան խախտումը` ելեւմտական, ապրուստի եւ տնտեսական տագնապները պատճառաբանելով:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ ապահովութեան կառոյցները պէտք է պատրաստ ըլլան` յատկապէս ճամբաները փակելու եւ պետական ու սեփական կալուածներուն դէմ յարձակելու որեւէ փորձ արգիլելու առումով:
Խորհուրդը հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութիւններէն պահանջեց արագացնել եւ դիւրացնել Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնող ճամբորդներուն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութենէն եւ յատկապէս Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն պահանջեց որդեգրել դասաւորումներ` դիւրացնելու համար ճամբորդներուն օդակայանի գործառնութիւնները:
Խորհուրդը Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն պահանջեց ճամբորդներուն եւ օդակայանի պաշտօնեաներուն միջեւ հարցերը տեղւոյն վրայ լուծել:
Խորհուրդը ելեւմուտքի նախարարութենէն պահանջեց պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան հետ աշխատանքը համադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ որդեգրել բանակայիններուն եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու միջոցներ:
Միւս կողմէ, ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 62.900 լ. ոսկի է, 95 օքթան պենզինին սակը` 61.100 լ. ոսկի, իսկ մազութին սակը` 46.100 լ. ոսկի:
Վառելանիւթ բաժնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ վառելանիւթ փոխադրող վեց նաւեր իրենց նաւթը երեկոյեան պիտի սկսին յանձնել պենզինի կայարաններուն:
Ապու Շաքրա ըսաւ, որ յառաջիկայ երկու օրերուն շուկային մէջ պենզին պիտի ըլլայ:
Յետմիջօրէին այլ յայտարարութեամբ մը Ապու Շաքրա շեշտեց, որ վառելանիւթ ներածող ընկերութիւնները մերժած են կայարաններուն պենզին տրամադրել` սխալ սակին պատճառով:
Ապու Շաքրա շեշտեց, որ պենզինի թիթեղին սակը պիտի տարուբերի 69-73 հազար լ. ոսկիի միջեւ:
Աւելի ուշ փուռերու սենտիքայի նախագահը յայտնեց, որ կը նախատեսուի լիբանանեան հացի կապին սակը բարձրացնել 10.000 լ. ոսկիի:
Աւելցնենք, որ Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց Իրանի պատրաստակամութիւնը` դէպի Լիբանան նաւթ արտածելու տարբերակին մասին լրջօրէն մտածելու, եթէ լիբանանեան պետութիւնը Իրանին դիմէ այդ խնդրանքով:
Նշենք նաեւ, որ երէկ եւս ցուցարարներ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին կատարեցին բողոքի ցոյցեր` հրկիզուող անիւներով փակելով մայրուղիներ եւ փողոցներ` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում մը:
Ամէնէն յատկանշականը եղաւ հարաւային Լիբանանի Տամուր-Նաամէ մայրուղին ինքնաշարժներով փակելու քայլը:
Քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժները կանգնեցուցին մայրուղիին վրայ եւ զանոնք հոն ձգելով հեռացան` փակելով ամբողջ մայրուղին եւ շուրջ երկու ժամ կասեցնելով երթեւեկը:
Աւելի ուշ մայրուղին կարելի եղաւ վերաբանալ:
Կէսօրէ ետք ցուցարարները փակեցին նաեւ Քոլա-Քասքաս ճամբան, երեկոյեան ժամը 5:00-ին` Քարանթինայի մայրուղին եւ Քոռնիշ Մազրաան, Թրիփոլիի Նուր եւ Թալ հրապարակները, ինչպէս նաեւ Սայտայի Տալլահա եւ Զուհուր փողոցները:
Յայտնենք, որ Դրամատուներու միութիւնը վերընտրեց իր նախագահը` Սելիմ Սֆէյրը, որ յայտնեց, թէ լիբանանեան պետութիւնն է, որ իր մօտ պահ դրած է դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները: