Ս. Զատկուան Եւ Ֆիթրի Տօներուն Ընթացքին
Եռօրեայ Ամբողջական Փակում
«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին արձանագրած աճին լոյսին տակ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, մեծ թիւով նախարարներու եւ ապահովական կառոյցներու պետերու, ինչպէս նաեւ բժշկական մարզի պատասխանատուներուն:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն համեմատութիւնը 17 առ հարիւր է` աւելցնելով, որ մահացածներու թիւին համեմատութիւնը եւս կը մնայ բարձր` ամէնօրեայ դրութեամբ շուրջ 40 մահացածներ:
Ան կոչ ուղղեց արագացնելու պատուաստելու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ նախազգուշացումներու դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին երրորդ ալիքը դիմագրաւել:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքներուն` հաստատելով, որ 2021-ի պետական ամավարկէն հանրապետութեան նախագահին տրամադրուած հաշիւէն 50 միլիառ լ. ոսկի պիտի տրամադրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժածները հատուցելու: Ան նշեց, որ այդպիսով նախագահին տրամադրուած գումարէն 200 միլիոն լ. ոսկի տրամադրուած կ՛ըլլայ նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն:
Նիստին ընթացքին Հասսան Տիապ յայտնեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը նշմարենք լիբանանցիներուն տառապանքը` ստանալու համար այն արտադրութիւնները, որոնց համար նպաստ տրամադրուած է, մինչդեռ այդ հարցը կարելի է լուծել կարիքաւոր ընտանիքներուն ուղղակի նպաստ ապահովող քարտեր տրամադրելով եւ կասեցնելով կարգ մը արտադրութիւններու տրամադրուած նիւթական նպաստը, որ ժողովուրդին չի հասնիր` կարգ մը առեւտրականներու եւ մարդկային խիղճի բացակայութեան պատճառով:
Տիապ ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ` յուշելով, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհին մէջ, նոյնպէս ալ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի երրորդ ալիք մը նախատեսելի է:
Ան հաստատեց, որ ինք համաձայն է ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը վեց ամիսով երկարաձգելու:
Տիապ նշեց, որ «Քոմպիլիֆթ» գերմանական ընկերութիւնը հարաւային Լիբանանի Զահրանիի նաւթի պահեստներուն մէջ բացայայտած է քիմիական վտանգաւոր նիւթեր, զորս ուսումնասիրելէ ետք պարզուած է, որ անոնք հիւլէական նիւթեր են:
Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար կարդաց խորհուրդի նիստին տուած որոշումները:
Ան ըսաւ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը որոշեց ընդհանուր զօրաշարժը վեց ամիսով երկարաձգել` 1 ապրիլ 2021-էն մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2021 (ներառեալ):
«Խորհուրդը «Քորոնա»-ի պետական շտապէն պահանջեց պատկան մարմինները այս մասին տեղեակ պահել եւ յանձնառու գտնուիլ որդեգրուելիք միջոցառումներուն` մեղմացնելու համար «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը:
Խորհուրդը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարին պարտականութիւն տուաւ նախարարութիւններուն եւ համապատասխան հաստատութիւններուն հետ գործակցաբար պէտք եղած միջոցներուն դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ նաւթի յատուկ պահեստանոցներուն մէջ գտնուող հիւլէական նիւթերը աւելի ապահով վայրեր փոխադրել:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիէն խնդրեց յատուկ հրամանագիր մը պատրաստել, որուն համաձայն 2021-ի պետական ամավարկին մէջ հանրապետութեան նախագահին ճշդուած հաշիւէն 50 միլիառ լ. ոսկի պիտի տրամադրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժածները հատուցելու:
Խորհուրդը առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանէն խնդրեց պէտք եղած բոլոր քայլերուն դիմել, որպէսզի Լիբանանի մէջ թթուածինի պահեստը չպակսի, ինչպէս նաեւ խնդրեց, որ Հասան` Ղազի Ուազնիի եւ Կեդրոնական դրամատան հետ գործակցաբար շարունակէ ֆինանսաւորում ապահովել բժշկական սարքեր ներածող ընկերութիւններուն», ըսաւ Ասմար:
Միւս կողմէ, Հասսան Տիապ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա»-ի պետական շտապի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Ռաուլ Նաամէ, Մոհամետ Ֆահմի, Իմատ Հուպալլա, Միշել Նաժժար, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Համատ Հասան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար եւ Տիապի խորհրդատուներ Խտըր Թալեպ, Փեթրա Խուրի եւ Հիւսէյն Քաաֆարանի:
«Քորոնա»-ի պետական շտապը որոշեց.
1.- Ջնջել մինչեւ օրս երկարող կրակմարի դրութիւնը:
2.- Առեւտրական բոլոր մարզերուն, վաճառատուներուն, ճաշարաններուն եւ սրճարաններուն աշխատանքային ժամանակացոյցը երկարել մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, պայմանով որ անոնք նախազգուշական բոլոր միջոցառումները որդեգրեն:
3.- Մնացեալ բոլոր մարզերը իրենց կարգին կ՛որդեգրեն «Քորոնա» ժահրի նախազգուշական բոլոր միջոցառումները, իսկ քաղաքացիները արտօնութիւն ստանալու դրութիւնը կ՛օգտագործեն դուրս գալու եւ խճողուած վայրեր այցելելու պարագային:
4.- Բոլոր հաստատութիւնները պարտին հետեւիլ այս կապին մէջ նշուած պարտադիր միջոցառումներուն. https://bit.ly/3duFQ8f
5.- Քթակապերու գործածութիւնը, ընկերային հեռաւորութիւնը եւ «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու մնացեալ բոլոր նախազգուշութիւնները պարտադիր են:
6.- Ընկերային բոլոր առիթներուն ներկայութիւնը` հարսանիք թէ յուղարկաւորութիւն, կը մնայ արգիլուած:
7.- Գիշերային զբօսավայրերն ու փապերը կը մնան փակ:
8.- Շարժապատկերի սրահները, թատերասրահներն ու երեխաներու յատուկ խաղավայրերը կը մնան փակ:
9.- Ժողովրդային շուկաները (բացի ուտեստեղէնի շուկաներէն) կը մնան փակ:
10.- Պետական թէ սեփական մարզերուն մէջ գործող բոլոր պաշտօնեաները, աշխատաւորներն ու սարակները 14-օրեայ դրութեամբ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան կ՛ենթարկուին` յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժին ընթացքին, այսինքն` մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2021:
11.- «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածումը հակակշռելու եւ որդեգրուած միջոցառումները գործադրելու գումակային յանձնախումբին կը վստահուի փակել այն շրջանները, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակումները աճ կ՛արձանագրեն` համաճարակը հակակշռելու նպատակով:
12.- «Քորոնա»-ի պետական շտապը կոչ կ՛ուղղէ կրօնական հեղինակութիւններուն եւ քաղաքացիներուն զգուշանալու «Քորոնա» ժահրը տարածելէ եւ այդ համաճարակին վտանգները թերագնահատելէ: Անոնք կոչ ուղղեցին բնակարաններուն մէջ տօնական համախմբումներ չկազմակերպելու եւ տօնական օրերուն որդեգրուած միջոցառումները չխախտելու:
Իսկ Ս. Զատկուան (Արեւմտեան եւ արեւելեան) եւ Ֆիթրի տօներուն ընթացքին երկիրը եռօրեայ ամբողջական փակումի պիտի ենթարկուի` շտապին որոշումով:
Առաջին եռօրեայ ամբողջական փակումը կը գործադրուի շաբաթ, 3 ապրիլ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեքշաբթի, 6 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 5:00: Այս օրերուն ընթացքին փակ կը մնան նաեւ վաճառատուներն ու ճաշարանները, իսկ այն քաղաքացիները, որոնք հանրախանութ, փուռ, դեղարան կամ հիւանդանոց պիտի ուղղուին` պէտք է ստանան յատուկ արտօնութիւն:
ՆՇԵՆՔ, որ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3100 վարակուածներ եւ 49 մահացածներ: