Վարչապետի Նշանակման Երեսփոխանական
Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները` 26 Յուլիսին
Մինչ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը կը հասնի 21.800 լ. ոսկիի, երկրին դիմագրաւած դեղորայքի տագնապը հետզհետէ կը բարդանայ` նկատի ունենալով, որ քաղաքացիներուն պահանջած դեղերուն 60-70 առ հարիւրը արդէն իսկ գոյութիւն չունի երկրին մէջ:
Դեղորայքի տագնապին առընթեր վառելանիւթի տագնապը կը յամենայ, այս անգամ սակայն` մազութի տարբերակով:
Մազութի չգոյութեան պատճառով տարբեր շրջաններ մութի ենթարկուած են, իսկ գործարաններ կը փակեն իրենց դռները:
Օրը տակաւին չաւարտած, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի ընդհանուր դատախազութիւնը որոշած է հարցաքննութեան կանչել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն` կարգ մը հարցերով, ինչպէս` տուրքերէ զերծ մնալու որոշումներ եւ պետական գանձարկղէն նիւթական իւրացումներ:
Այս բոլորին կողքին, անպաշտօն աղբիւրներ հաստատեցին, որ Հըզպալլայի համար անընդունելի դարձած է հարաւային Լիբանանի մայրուղիի փակումը, յատկապէս Նաամէի եւ Խալտէի մէջ:
Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ ապահովական եւ ոչ ապահովական մարմիններ տեղեակ պահուած են Հըզպալլայի ընդվզումին մասին:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի, 26 յուլիս 2021-ին, Պաապտայի մէջ պիտի կատարէ նոր վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք
պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:30-ին եւ պիտի աւարտին երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Նախագահ Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին: Ներկայ էին վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:
Նիստէն ետք Մահմուտ Ասմար կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ, թէ խորհուրդը քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները` յատկապէս նկատի ունենալով Ատհայի տօնն ու բանակին ու ապահովութեան ուժերուն պատրաստ վիճակը` տօնական օրերուն ընթացքին պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ասմար յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ շարք մը այլ հարցեր, եւ այդ իմաստով տրուած են համապատասխան որոշումներ, որոնք ըստ օրէնքի` կը մնան գաղտնի:
Նախագահ Աուն նախագահեց նաեւ դեղորայքի տագնապին յատկացուած յատուկ ժողովի մը, որուն ներկայ էին վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամին, դեղորայք ներածողներու սենտիքայի նախագահ Քարիմ Ժպարա եւ այլ պատասխանատուներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան դեղորայքի տագնապը լուծելու միջոցները` դեղորայքի 75 առ հարիւրը նպաստէ զրկելու որոշումին լոյսին տակ:
Նախագահ Աուն շեշտեց այս տագնապը լուծելու անհրաժեշտութիւնը` պաշտպանելու համար քաղաքացիներուն առողջութիւնը: Ան հաստատեց, որ դեղորայքի իրաւունքը առաջնահերթութիւն է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին` գործակցելու, որպէսզի քաղաքացիներուն դեղորայք ապահովուի եւ տագնապը լուծուի:
Տիապ իր կարգին հաստատեց մնայուն կերպով դեղորայք ապահովելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Համատ Հասան շեշտեց այդ տագնապը լուծելու դժուարութիւնները:
Ապա քննարկուեցան շարք մը առաջարկներ, որոնց մէջ ընդգծուեցաւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ տրամադրուած նպաստը` ամսական 50 միլիոն տոլարի գումարը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Որոշուեցաւ նաեւ արտակարգ պայմաններու մէջ շտապ կերպով նոր դեղորայքի ներածում կատարել, Լիբանանի եւ համաշխարհային վարկ վայելող դեղորայքի ընկերութիւններուն միջեւ վստահութիւնը պահպանել, Լիբանանի մէջ դեղորայքի արտադրութիւնը զարգացնել եւ աշխուժացնել եւ միջազգային նուիրատուներ գտնել` հիւանդներու օժանդակութեան ֆոնտին գործունէութիւնը շարունակելու:
Նշենք, որ նախագահ Աուն Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ կոչ ուղղեց անոնց կառչած մնալու յոյսին եւ պայքարի ոգիին` Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու նպատակով:
Ան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Լիբանանը փրկելու համար իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն եւ ընկերային ապահովութեան ու քաղաքացիներուն արժանապատուութեան դէմ ծառացող սպառնալիքներէն: