ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Բարերար Մայք Սարեան 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ հարիւր տեսակի բժշկական սարքեր նուիրեց հայկական բանակին:
Նուիրուած բժշկական սարքերն են՝ շարժական ճառագայթային հետազօտման գործիքներ, անզգայացման եւ արհեստական շնչառութեան սարքեր, գերձայնային հետազօտման սարքեր, ախտորոշիչ սարքեր, հիւանդներու խնամքի մշտադիտարկման եւ ինքնաշխատ ներարկման համակարգեր եւ այլն:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելեց նախարարութեան դեղորայքի եւ բժշկական գոյքի կեդրոնական պահեստ եւ մօտէն ծանօթացաւ նուիրուած սարքերուն: Գոյքը, խնամքի պարագաներն ու ծախսուող նիւթերը, ըստ կարիքներու, պիտի բաշխուին զինուորական հիւանդանոցներուն:
Կարեւոր նկատելով սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը՝ սարքերէն որոշ մաս մը պիտի յատկացուի սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական հաստատութիւններուն: