ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 8ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ «Հայ վիրաւոր հերոսներ» հիմնադրամի նախագահ Ռազմիկ Արզումանեանի հետ:
Արզումանեան պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին ներկայացուց վերջին երկու տարիներուն իրականացած աշխատանքները, մասնաւորապէս՝ հայկական բանակին ցուցաբերուած աջակցութեան մանրամասնութիւնները:
Խումբ մը ամերիկահայերու կողմէ ստեղծուած հիմնադրամը նախնական բժշկական օգնութեան պարագաներ նուիրած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամասերուն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ սարքեր տրամադրած է նախարարութեան ռազմական-բժշկական ուսումնական կեդրոնին:
Ռազմիկ Արզումանեան պաշտպանութեան նախարարին տեղեկացուց, որ բացի ռազմական բժշկականէն, հիմնադրամը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու նաեւ այլ ուղղութիւններով՝ զինուորներու ծառայութիւնն եւ կենցաղը առաւել յարմարաւէտ եւ անվտանգ դարձնելու համար:
Նախարար Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամին՝ բանակի զարգացման միտուած անոր գործունէութեան համար եւ շեշտեց արդէն իսկ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը խորացնելու անհրաժեշտութիւնը: