ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան հրաժարեցաւ:Ան այս պաշտօնը կը վարէր 20 Նոյեմբեր 2020էն ի վեր։
Պատճառները եւ այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:
Հրաժարականի դիմում գրեց նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան պետի առաջին տեղակալ Արշակ Կարապետեան: Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն՝ ան պիտի նշանակուի պաշտպանութեան նախարար: