ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով` պաշտպանութեան նախարարութեան 199 զինուորական ծառայողներ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներով:
Զինուորներուն Հայաստանի պետական պարգեւներ շնորհուեցան հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն անոնց դրսեւորած անձնուրացութեան, մարտական գործողութիւններուն ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ հմտութեան համար: