ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան մասնակցեցաւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական հաւաքներու ամփոփիչ խորհրդակցութեան: Այս մասին ան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ, ուր կը ներկայացնէ բարձրաստիճան սպայական անձնակազմին ուղղուած իր ելոյթէն քանի մը շեշտադրումներ, որոնց մէջ յատկապէս կ՛անդրադառնայ Տաւուշի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ Ատրպէյճանի շարունակուող հակահայ քաղաքականութեան.
«Պաշտօնական Բաքուն չի հրաժարուել իր հայատեաց եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւնից: Հայ-ադրբեջանական պետական սահմանի Տաւուշի հատուածում հրահրուած բախումները, ապա Թուրքիայի ագրեսիւ (յարձակողական-Խմբ.) ու բացայայտ ներգրաւումը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնների դէմ ռազմատենչ գործողութիւններում մէկ անգամ եւս հաստատում են այն իրողութիւնը, որ բանակաշինութեան ոլորտը եղել եւ մնում է մեր պետութեան կենսագործունէութեան ամենագերակայ ուղղութիւնը, եւ մենք պէտք է անենք առաւելագոյնը բանակի զարգացման ու զօրացման համար:
«Թէ՛ արդի սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի (ճարտարարուեստի-Խմբ.) ձեռքբերումը, թէ՛ ինժեներական (ճարտարագիտական-Խմբ.) նոր կառոյցների ստեղծումը պաշտպանութեան գօտու ամբողջ խորութեամբ, թէ՛ սպայական անձնակազմի սոցիալական խնդիրների լուծումը մշտապէս կրելու են շարունակական բնոյթ՝ գտնուելով Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ ողջ ժողովրդի յատուկ ուշադրութեան կենտրոնում: Հայ զինուորականը պէտք է ապահովուած լինի բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով թէ՛ հայրենիքի պաշտպանութեան, եւ թէ սեփական ընտանիքի կարիքները հոգալու համար:
«Մեր բանակը եղել է, կայ եւ կը լինի հզօր ու մարտունակ՝ միշտ պատրաստ պաշտպանելու հայրենի երկրի սահմանները, հարազատ ժողովրդի անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը: Սա ազգային օրակարգի հարց է, եւ, համատեղելով համայն հայութեան ջանքերն ու ներուժը, մենք կ՛անենք առաւելագոյնը այն յաջողութեամբ լուծելու համար»: