ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետին առաջարկով եւ նախագահի լիազօրութիւնները կատարողին հրամանագիրով՝ բանակին մէջ եղան կարգ մը պաշտօնանկութիւններ:
Այսպէս, Արտակ Դաւթեան պաշտօնազրկուեցաւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնէն: Վարչապետը պաշտօններէն արձակեց նաեւ 4 վարչութիւններու պետեր:
Բանակին մէջ կատարուեցան նաեւ նշանակումներ. Արմէն Գէօզալեան նշանակուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի գլխաւոր վարչութեան փոխհրամանատար՝ հեռացուելով Յատուկ բանակային ջոկատի ընդհանուր պետի պաշտօնէն:
Բագրատ Մաթեւոսեան նշանակուեցաւ Յատուկ բանակային ջոկատի հրամանատար, իսկ Արայիկ Մինասեան՝ փոխհրամանատար:
Պաշտօնազրկուած Արտակ Դաւթեանն ու Անդրանիկ Մակարեան մեղադրեալ են, համապատասխանաբար՝ «անպիտան հրթիռներու» քրէական գործով եւ պատերազմի ժամանակ ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքի գործով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարման ընթացքին արդէն 4րդ անգամն է, որ բանակի հրամանատարը կը պաշտօնազրկուի: