Հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը:
Նոր նշանակուած նուիրակին առաջին հանդիպումը ըլլալով վեհափառ հայրապետին հետ, Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, թեմական կառոյցներուն ու միջեկեղեցական գործակցութեան, եւ ապա` Լիբանանի հայութեան:
Տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ մասնաւորաբար նախագահի ընտրութեան առնչուած զարգացումներուն շուրջ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Վատիկանին զօրակցութիւնը Արցախի հարցին գծով:
Հանդիպման ընթացքին պապական նուիրակը վեհափառ հայրապետին յանձնեց Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ յղուած նամակ մը: