Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պապին Յիշեցուցի, Որ Մենք Շատ Զգայուն Ենք «Հայկական Անհիմն Պնդումներուն Նկատմամբ». Էրտողան

February 8, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0

ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իշխող կուսակցական ժողովին առջեւ  Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին ունեցած ելոյթին ընթացքին արտայայտուած է Ֆրանսիս պապին հետ Վատիկանի մէջ իր ունեցած հանդիպման մասին, որ քննադատուած էր թրքական մամուլին մէջ:

Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի կայքին՝ Էրտողան պնդած է, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, եւ թէ ինք պապին յիշեցուցած է, որ «մենք շատ զգայուն ենք հայկական անհիմն պնդումներուն նկատմամբ», աւելցնելով, որ պապը այս հարցին մէջ «բաւական ողջամիտ մօտեցում ունի»։

Նշենք, որ Էրտողանի ու Ֆրանսիս պապի հանդիպումը թրքական մամուլին մէջ տեղի տուած էր նոր բանավէճի մը, որ Էրտողանի ընդդիմադիրներուն կողմէ օրակարգի կը բերուի, որովհետեւ պապը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը շեշտէ, թէ ոչ միայն հայերը, այլեւ ցեղային այլ հաւաքականութիւններ եւս թուրքերու կողմէ ջարդուած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին։

Պապը նաեւ Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ նահատակներուն ի յիշատակ ծաղկեպսակ զետեղած էր։ Այդ օրերուն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները բողոքած էին պապի սոյն ելոյթներուն դէմ ու ետ կանչած էին Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը։ Այժմ, ընդդիմադիր մամուլը կը գրէ, թէ Էրտողան այդ բոլորը մոռցած է եւ պապին այցելած՝ Երուսաղէմի հարցը քննելու համար։

«Սէօզճիւ»ի մէջ յօդուածագիր Եըլմազ Էօզտիլ Փետրուար 7ին կը յիշեցնէ այս բոլորը եւ իր երկարաշունչ յօդուածը կը վերջացնէ հեգնական հետեւեալ տողերով. «Ի՛նչ որ է, մեր տեղացի ու ազգային ժողովուրդը բնա՛ւ հետաքրքրուած չէ։ Պայրամ չէ՛, սէյրան չէ՛, ապա ինչո՞ւ արդեօք համբուրեցինք Ցեղասպանութիւն շեփորող պապը»։

Previous Post

Ներկայիս Թուրքիոյ Մէջ Չկան Ազատ Ընտրութեան Պայմաններ. Տեմիրթաշ

Next Post

Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Նախագահներու Ընտրութիւններէն Ետք Աշխոյժ Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին. Պաքո

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In